Լուրեր Խարբերդէն
Էլմաս Մկրտիչեան, Խարբերդի Դատեմ գիւղէն, հարազատները տեսնելու բաղձանքով վերջերս այցելեց իր ծննդավայրը: Շատերու պէս ես ալ փափաքեցայ ունենալ տիկնոջ տպաւորութիւնները այս երբեմնի հայահոծ եւ հայաբոյր բնավայրի ներկայ վիճակին մասին: Ստորեւ կը ներկայացնեմ տիկնոջ տպաւորութիւնները:
«Սեպտեմբեր 17-ին ճամբայ կ՛ելլեմ դէպի Պէյրութ եւ հոնկէ անմիջապէս կը մեկնիմ Ատանա: Հաղորդակցութեան անբաւարար միջոցներուն պատճառով կը հարկադրուիմ երկու օր հոն մնալ: Աչքի զարնող առաջին կէտը մուրացկանութեան գոյութիւնն է. աղքատութեան պատճառով ամէն կողմ կը վխտան մուրացկանները: Մէկ օրուան համար կը մեկնիմ Այնթապ. տեղացի ժողովուրդը, որ գողութիւնը արհեստի վերածած է, կոշտ ու կոպիտ է, չըսելու համար` վայրենի: Յաջորդաբար կ՛այցելեմ Քիլիս, ուր արդիական կայարան մը շինուած է օթոքարներուն համար, Պէշ – Քափու, Կէօլ Քասիս, ապա` Մալաթիա: Այս բոլոր վայրերուն մէջ, ճամբաներու երկայնքին զետեղուած են ապահովութեան պահակներ, որովհետեւ, ինչպէս ըսին մեզի, կեանքի ապահովութիւն գոյութիւն չունի: Քանի մը օր Մալաթիա մնալէ ետք, առաւօտ մը ճամբայ ելանք դէպի Էլ Ազիզ, որմէ բաժնուած էի յիսուն տարի առաջ: Հարազատներս եկած էին զիս դիմաւորելու: Կարօտը սրտիս` կ՛ողջագուրուիմ անոնց հետ: Քանի մը օր հանգստանալէ ետք, հարազատներուս առաջնորդութեամբ կը բարձրանանք Վերի քաղաքը, այսինքն` բուն Խարբերդը: Աստուածամօր եկեղեցին քար ու քանդ եղած է եւ դարձած` աղաւնիներու բոյն: Կատարեալ մեռելատուն դարձած է երբեմնի այս շէն ու բարգաւաճ քաղաքը: Սուրբ Կարապետի եկեղեցիին միայն չորս պատերը մնացած են, ոչ մէկ շունչ, հսկայ բերդին հետքն անգամ չկայ. միայն մզկիթ մը…
«Ուշ երեկոյեան կը վերադառնանք Մեզրէ. կարմիր Խոնախը աւերակ է. միայն յիսուն հայ եւ ասորի ընտանիքներ կան. հայերը ընդհանրապէս բալուցի եւ արաբկիրցի են: Մեզրէ բաւական զարգացած է: Արդարեւ, բաւական թիւով գործարաններ եւ տուներ շինուած են, անշուշտ` ամերիկեան դրամագլուխով եւ պաշտօնէութեամբ: Պտուղները չափէն աւելի առատ են, որովհետեւ գնողներուն թիւը քիչ է աղքատութեան պատճառով: Շարժանկարի երեք սրահներու մէջ կը ներկայացուին միայն ամերիկեան ժապաւէններ: Մեզրէի կցուած են երբեմնի Եղէգի, Քեսերիկ եւ Սիւրսիւրիւ գիւղերը: Մեզրէի եւ Հիւսէյնիկի միջեւ տարածուող այգեստաններուն հետքերն անգամ չեն մնացած: Հիւսէյնիկը երեսի վրայ ձգուած է, բնակչութիւն գրեթէ չունի:
«Հինգ օր Մեզրէ մնալէ ետք կը մեկնիմ դէպի Դատեմ, ծննդավայրս: Ճամբու ընթացքին կ՛անցնիմ Ծովքէն, Կէօլճիւքէն, որուն Ս. Նշան վանքին միայն մէկ պատը դեռ կանգուն մնացած է: Վերջապէս` Խոյլու, Քնատատիճ, Քորք եւ Տեւէ Պոյնի կոչուած լեռնէն, որ հազարաւոր հայերու եւ յոյներու գերեզմանը եղաւ յոյն-քեմալական պատերազմի օրերուն:
«Ժամ առաջ կ՛ուզեմ հասնիլ Դատեմ, ծննդավայրս, ուր մանկութեանս երազ օրերս անցուցած եմ:
«Չեզկետակ լեռը տխուր տրտում մեզի կը նայի, կը դիտեմ աւերակի վերածուած հայրենի տունս. բոլոր աղբիւրները գրեթէ ցամքած են, միայն Ս. Յովհաննէսի ջուրը դեռ կը հոսի: Եկեղեցիին չորս պատերը միայն կանգուն մնացած են, աստիճաններու քարերն անգամ տարած են, մէկ խօսքով` քար ու քանդ ըրած են, փոխարէն շինած են քանի մը նոր տուներ: Երբ թուրքի մը հարցուցի, թէ ո՞ւր են արագիլները, պատասխանեց.
«Այն օրէն, որ հայերը հեռացան, արագիլները այլեւս չերեւցան»:
«Երկու օր մնացի ծննդավայրիս մէջ եւ կրկին վերադարձայ Մեզրէ, անցեալի տրտում յուշերով:
«Քանի մը օր ետք հրաժեշտ տուի սիրելիներուս, ո՜վ գիտէ, գուցէ անգամ մըն ալ չտեսնելու պայմանաւ:
«Մեզրէի մէջ, ուր հայոց գերեզմանատունը քանդուած է, հայ մեռելները կը թաղուին ասորի կրօնաւորին կողմէ, իրենց գերեզմանատան մէջ»:
Ամփոփեց` Կ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
