Հայ Կեանք
Ս. Խաչ Դպրեվանքի Նախկին Սան Մը
Գնահատանքին Արժանացաւ Անգլիոյ Թագուհիին
Ս. Խաչ դպրեվանքի 1961-62 շրջանի ընթացաւարտներէն եւ բնիկ տիգրանակերտցի Գէորգ Մալիքեան, որ դպրեվանքի անգլերէն նախկին ուսուցիչ հայր Հարտինկի հետ միասին Անգլիա մեկնած եւ, բեմական արուեստին հանդէպ իր զգացած բնածին հակումին ընդառաջելով, արձանագրուած էր Լոնտոնի Արքայական թատերական վարժարանի տրամի բաժինին մէջ, փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է այդ բաժինը:
Գէորգ Մալիքեան, բեմական իր բացառիկ յատկութիւններով, ուշադրութիւնը գրաւած է իր ուսուցիչներուն եւ անցեալները մասնակցած է վարժարանի խումբին անգլերէն մէկ ներկայացման` արժանանալով ընդհանուր գնահատանքի:
Հայր Հարտինկ, որ Գէորգ Մալիքեանի պաշտպանը կը նկատուի, անոր ձեռք բերած յաջողութիւններէն մեծապէս գոհ մնալով, անցեալները բարեպատեհ առիթը կ՛ունենայ Գէորգը ներկայացնելու Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհիին` յայտնելով միեւնոյն ատեն, թէ Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն եկած հայ մըն է:
Թագուհին խիստ գոհ կը մնայ. կը հետաքրքրուի Գէորգով եւ զայն քաջալերելու համար իր ստորագրուած մէկ նկարը կը նուիրէ անոր:
Արքայական այս թատերախումբը ներկայիս կը գտնուի Փարիզ, ուր կը սարքէ ներկայացումներու շարք մը: Գէորգ Մալիքեան ամուսնացած է Լոնտոնի հայ ընտանիքներէն մէկուն աղջկան հետ:
Լուսին Ամարա` Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերայի երգչուհին, Հայաստանի մէջ երգահանդէսներ տալէ ետք պիտի երգէ նաեւ Ֆրանսայի շարք մը ոստաններուն մէջ:
Վարուժան Պօղոսեան ցուցադրեց իր գործերը «Սթէյպըլ-կալերի»-ի մէջ:
Փակուեցաւ ներկայացումներու շարքը «Անիա» երաժշտական թատրերգութեան, որուն գլխաւոր դերը ստանձնած էր Միքայէլ Քերմոյեան:
Պենճըմին Պրիթընի «Տը քոէթզ էք» գործը, որ անցեալ ամառ դրուած էր Հայաստանի մէջ, վերջերս առաջին անգամ ըլլալով երգուեցաւ խորհրդային ծանօթ երգչուհի Կալինա Վիշնեւսկայայի կողմէ, Ֆիլհարմոնիք սրահին մէջ:
Օհան Տուրեան վերջերս համերգներ տուաւ Լայփցիկի մէջ` բացառիկ յաջողութիւն գտնելով:
Մասնաւոր տեսակցութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ՄԱԿ-ի մէջ դեսպան Արթըր Կոլտպերկ յայտարարեց, թէ պիտի քաջալերէ այդ ծրագիրը:
Պաշտօնին ստեղծման համար մօտ 85 հազար տոլարի պիւտճէ մը նախատեսուած է ՄԱԿ-ի կողմէ:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը իր այս նստաշրջանին վաւերացուց մարդկային իրաւունքներու, խտրականութեան դէմ պայքարին առնչութեամբ կարեւոր յօդուածներ: Մօտ երեք ամիս զբաղեցաւ այս հարցերով, որոնք, ըստ Ու Թանթի, Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին քննուած աւելի քան 100 հարցերուն ամէնէն կարեւորներն էին:
Էշրեֆիէի Օգնութեան Խաչի Ամանորի
Անդամական Հանդիպումը
Էշրեֆիէի Օգնութեան խաչի ամանորի առթիւ կազմակերպած անդամական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 1965, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ: Անդամուհիներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը որոշեալ ժամուն լեցուցած էր սրահը:
Վարչութեան ատենապետ Պայծառ Մանուկեան օրուան հանդիսութեան բացումը կատարեց` շեշտելով Օգնութեան խաչին անհրաժեշտութիւնը եւ թելադրելով ներկաներուն զօրավիգ կանգնիլ այս կազմակերպութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ դժբախտներուն վէրքերը ամոքել:
Յաջողապէս գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն կը մասնակցէին, իբրեւ մեներգողներ, Տիգրանուհի Տէր Խաչատուրեան, Մանուկեան, Շաքէ Գասարճեան, Սալբի Առաքելեան, երգերուն դաշնակով կ՛ընկերակցէր Ազնաւորեան:
Վ. Թրթռեան ապրումով արտասանեց Շիրազի «Պատգամ»-ը հայ ժողովուրդին:
Յասմիկ Տեմիրճեանի ղեկավարութեամբ շրջանի արծուիկները յաջողութեամբ պարեցին հայկական եւ տեղական պարեր:
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Տոքթ. Ճան Վասոյեան, գնահատելով Օգնութեան խաչին գործունէութիւնը, իր ազնուափայլ մօր միջոցով ամանորի առթիւ 200 լ. ոսկի նուիրեց:
Հանդէսի վերջաւորութեան խօսք տրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Բ. Առաքելեանին:
Պ. Մանուկեանի շնորհակալութեան խօսքերով հանդէսը վերջ գտաւ:
Ներկաները խանդավառ տրամադրութեամբ մեկնեցան: Օրուան կարգապահութիւնը կատարեալ էր:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Մեր Արժէքներէն
Մանուէլ Մեկենկիճեան
Եւ Լեւոն Գաթրճեան
Ահա` նոր երկու անուններ լիբանանահայութեան մէջ:
Մանուէլ, դեռ անցեալ տարի Լիբանանի պատկերասփիւռի երգի թեկնածուներէն մէկն էր, բայց այս տարի ան արդէն կը վայելէ հայազգի հանրածանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հովանաւորութիւնը:
Մանուէլի առաջին երգապնակը արդէն հրապարակ ելած է, եւ ամէն օր գրեթէ անգամ մը անոր անունը կը յիշուի ձայնասփիւռէն: Մանուէլ հրաւէր ստացած է Շարլ Ազնաւուրէն, որ Ֆրանսա երթայ եւ երգէ այն երգերը, զորս ինք տակաւին չէ երգած: Մանուէլի ձայնը դժուար է զանազանել Ազնաւուրի ձայնէն եւ ճիշդ ատոր համար հանրածանօթ երգիչը ըսած է. «Ես շատ ու շատ ուրախ եմ, որ իմ յաջորդս հայ մըն է, մանաւանդ` լիբանանահայ»: Մենք ալ, մեր կարգին, հպարտ ենք Մանուէլով եւ կը խնդրենք իրմէ, որ իր ուժը միայն օտար երգերուն չտայ, այլ քիչ մըն ալ հայկական երգեր երգէ, մանաւանդ` Ֆրանսայի մէջ: Յաջողութի՛ւն:
Երբ առաջին անգամ լսես Լեւոն Գաթրճեանը, չես հաւատար, որ այդ մարմնէն կրնայ այդքան աղուոր եւ զօրաւոր ձայն դուրս գալ: Լեւոն հալէպահայ է («Սահակեան» վարժ.), հազիւ երեք տարի է, որ Պէյրութ կը գտնուի: Ան մեներգիչն է Պուրճ Համուտի «Սայաթ Նովա» նուագախումբին: Կիրակի, 2 յունուար 1966-ին, լիբանանահայ ուսուցիչները վայելեցին անոր ձայնը` իրենց ընկերական հանդիպումին:
Լեւոն իր ազատ ժամերը երաժշտութեան նուիրած է եւ շատ մօտիկ ապագային ան պիտի մեկնի Իտալիա կամ Երեւան. հո՛ն, ուր որ աւելի յարմար ըլլայ իրեն եւ իրեններուն համար:
Մենք կ՛ուզենք, որ Լեւոն երթայ Երեւան եւ դառնայ հայ երգիչ մը, դառնայ երկրորդ Արմենակ Շահմուրատեան մը` իր թենորի սքանչելի ձայնով:
ՔԱՐԷՆ