ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի
Տօնակատարութիւնը Սիտնիի Մէջ
ՀՅԴ 75-ամեակը աննախընթաց շուքով տօնուեցաւ կիրակի, 12 դեկտեմբեր 1965, Հայ մշակութայինի սրահին մէջ: Ժողովուրդը կանուխէն լեցուցած էր սրահը. ներկաներուն մեծ մասը նոր սերունդին կը պատկանէր, եկած էր յայտնելու իր յարգանքը մեր ազգային մեծ կուսակցութեան հանդէպ եւ հաստատելու, թէ պատրաստ է միշտ հետեւելու այն ուղիին, ուրկէ քալեցին մեր անմահ հերոսները` ջան ֆետայիները:
Ամէն հանդիսական, սրահէն ներս մտած պահուն, հպարտօրէն կը դիտէ մեր պաշտելի եռագոյնը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը պարզուէր աւստրալիական հողին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի արիները կը դիմաւորեն եկողները: Ժամը ճիշդ 6:00-ին պետական եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներով կը սկսի տօնակատարութիւնը: Վազգէն Փայլակեան, որուն յանձնուած էր յայտագրի գործադրութիւնը, բեմ կը հրաւիրէ աւստրալիահայերուն շատ սիրելի Հայկ Աւագեանը:
Որոտընդոստ ծափերով բեմ կը բարձրանայ Հ. Աւագեան եւ իր բացման խօսքին մէջ կը շեշտէ ՀՅ դաշնակցութեան դերը` անցեալին եւ ներկայիս:
Հ. Աւագեան կ՛ընդգծէ. «ՀՅ դաշնակցութիւնը տէր կանգնեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ իր քաջարի հայդուկներով պատուհաս դարձաւ թուրքին: Ոչ միայն մեր հայրենիքի անկախութիւնը իրականացուց քաղաքական գետնի վրայ, այլեւ, յեղափոխական կուսակցութիւն մը ըլլալով, հոգեփոխեց նաեւ հայ անհատը, թօթափել տուաւ ստրկութեան շղթաները եւ ներշնչեց այն գաղափարը, թէ հայը պէտք է ազատ ապրի, քանի որ ազատութեան գաղափարը հայու նկարագրի անբաժան մէկ մասը եղած է դարեր շարունակ»:
Հ. Աւագեան 20-րդ դարը անկախութեան դար նկատելով` յոյս յայտնեց, թէ մենք ալ օր մը պիտի ստանանք մեր անկախութիւնը, քանի որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած ՀՅ դաշնակցութիւնը շարունակ կ՛աշխատի այս երազը իրականացնելու համար:
Բացման խօսքէն ետք Յակոբ Քորթեան շատ ոգեւորիչ ձեւով հանդիսականներուն կարդաց ՀՅԴ Բիւրոյի կոչը` 75-ամեակի առթիւ, որ արժանացաւ որոտընդոստ ծափերու:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ: Արտասանեցին` Գ. Լուսիկեան (Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով»-ը), Ո. Բրուտեան («Հայրենիքդ իմ, ներիր ինձ») եւ Ա. Պեքարեան («Կախաղաններու կատարէն»): Մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ռ. Պաճագեան («Ա՜խ, Վասպուրական»), Ա. Նալպանտեան («Ղարիպ ախպէր, ես մի ծառ իմ») եւ Եղոյեան (Ա. Իսահակեանի «Հայրենիքէս հեռացել եմ»):
ՀՅ դաշնակցութեան շունչէն ծնունդ առած քոյր միութիւններ` ՀՄԸՄ-ի ՀՕՄ-ի եւ Հայ մշակութայինի ուղերձները յաջորդաբար կարդացուեցան Յովհաննէս Մարտոյեանի, Ա. Աբոշեանի եւ Ն. Խաչատուրեանի կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Ե. Հեքիմեան, որ յատկապէս Մելպուռնէն հրաւիրուած էր բանախօսելու: Ե. Հեքիմեան ըսաւ, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը միշտ հարազատ եղած է հայ ժողովուրդին, ապացոյց` մեր խիտ շարքերը: Ապա ներկայացուց մեր հայրենիքին վիճակը 1890-ի նախօրեակին, մանրամասն խօսեցաւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու, հայ քաղաքական անհատներու, մտաւորականներու եւ հայ զինուորներու տարած աշխատանքի մասին, ազատագրութեան ճամբուն վրայ. այս բոլորին իբրեւ արդիւնք` ծնունդ առաւ ՀՅ դաշնակցութիւնը, որուն 75 տարուան պատմութիւնը պատմութիւնն է հայոց: Բանախօսը ծանրացաւ ՀՅ դաշնակցութեան նախապատերազմեան, պատերազմեան եւ յետպատերազմեան շրջանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` արտերկրի մէջ Հայ դատին ի նպաստ անոր աշխատանքներուն վրայ:
Ան իր բանախօսութիւնը վերջացուց հետեւեալ ձեւով. «Չի բաւեր ծափերով տօնել այս օրը, կենդանի գործ պէտք է, պայքարիլ պէտք է բոլոր անոնց դէմ, որ մասերու կը վերածեն հայ ժողովուրդը: Յարատեւ պայքար, մինչեւ որ եռագոյնը ծածանի ոչ միայն անկախ Հայաստանի խորհրդարանին, այլեւ` ՄԱԿ-ի պալատին վրայ»:
Բանախօսութեան յաջորդեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող կենդանի պատկերը, որուն համար իրապէս պէտք է շնորհաւորել Սիտնիի Մշակութային միութիւնը:
Հ. Աւագեան իր փակման խօսքին մէջ ժողովուրդին յայտնեց ՀՅ դաշնակցութեան որոշումը` Հայ դատի յանձնախումբի մը կազմութեան մասին: Ժողովուրդը խանդավառուելով` աւելի քան 200 աւստ. ոսկի նուիրեց: Հանդէսը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ով: Պաշտօնական յայտագրէն ետք տեղի ունեցաւ խրախճանք, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:
«ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷ
Մանուկ Բարիքեան
Երեւանի Մէջ
Յայտնի ջութակահար Մանուկ Բարիքեան Անգլիայէն գնաց Երեւան, ուր կը գտնուի այս օրերս: Բարիքեան Երեւանի մէջ ունեցաւ երկու նուագահանդէս եւ անգամ մը եւս համոզեց երաժշտասէրները, որ շատ հետաքրքրական երաժիշտ մը եւ մեծ մշակոյթի տէր արուեստագէտ մըն է:
Թերթերը կը գրեն, թէ Տ. Շոսթաքովիչի եւ Ա. Խաչատուրեանի նուագահանդէսները Մանուկ Բարիքեանը կատարած է ինքնատիպ կերպով եւ գրաւիչ շարք մը հետաքրքրական գիւտերու ուղեկցութեամբ: Եւ ինչ որ գլխաւորն է, անոնք թաթախուած էին քնարականութեամբ, բանաստեղծական թմրութեամբ:
Սակայն ամբողջ քնարականութեան հակառակ` Մանուկ Բարիքեանի կատարողական ոճը ակադեմական է, խիստ: Բարիքեան իր նուագացանկին մէջ առած է Պախի սոնաթներն ու փարթիները: Պէտք է նշել, որ Բարիքեան Պախի բացառիկ մեկնաբան է:
Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան
Կրթական Ֆոնտ
275 Հազար Տոլարի Մայր Գումար,
Որուն Հասոյթին 75 Առ Հարիւրը
Պիտի Յատկացուի Կրթական Նպատակներու
Հրճուանքով եւ սրտի լրիւ գոհունակութեամբ կը հրատարակենք Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան երախտագիտական գիրը Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեաններու լիաբուռն նուիրատուութեան առթիւ: Տէր Պետրոսեաններու այս ասպետական քայլը, որ կը ցուցաբերէ իրենց խանդակաթ սէրը հանդէպ հայ նոր սերունդին, կը յուսանք, որ գրգիռ ծառայէ բոլոր նախանձայոյզ հայ բարերարներուն:
Խմբագրութիւն
Իր ատենին հաղորդած էին, որ Պոսթընի շրջանէն Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեաններ կրթական ֆոնտ մը հաստատած էին` ի յիշատակ` իրենց միակ որդւոյն` Հրատի, որ դժբախտ արկածի մը պատճառով մահացած էր ծաղիկ հասակին մէջ:
Տէր եւ տիկին Պօղոս Տէր Պետրոսեաններ արդէն փոխանցած են իրենց ամբողջ նիւթական կարողութիւնը Հայ կրթական հիմնարկութեան, որ «Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան յիշատակի հիմնարկ»-ին միակ մատակարարն է:
Ֆոնտը կը հաշուէ մօտ 275 հազար տոլար: Մայր գումարը անձեռնմխելի է եւ հասոյթին միայն 75 առ հարիւրը պիտի յատկացուի կրթական նպատակներու:
Այս առթիւ Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ազգանուէր բարերարներուն` իրենց այս իշխանական նուիրատուութեան համար:
