Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յունուար 1966)

Յունուար 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սկաուտական

Երդման Արարողութիւն Եւ
Աստիճանի Տուչութիւն

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 1966, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական երդման արարողութիւն եւ աստիճաններու տուչութիւն:

Ակումբին մէջ Էշրեֆիէի սկաուտներն ու արծուիկները ունին մասնաւոր սենեակ մը, որ յատկապէս կահաւորուած էր եւ այս ձեռնարկը ձեւով մը նաեւ բացումն էր սկաուտական անկիւնին:

Ներկայ էին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Առաքելեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեան, Պէյրութի մասնաճիւղի ատենապետ Տէրտէրեան, Ս. Յակոբայ «Եփրեմեան» վարժարանի տնօրէն Երուանդ Տեմիրճեան, ԼՕ խաչի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ եւ շրջանի այլ ներկայացուցիչներ:

Լիբանանեան դրօշին առընթեր, սկաուտական դրօշն ու Եռագոյնը բարձրացուեցան տանիքը` սկաուտներու եւ արծուիկներու «պատուոյ դիրքով» ապա տեղի ունեցաւ երդման նուիրական արարողութիւնը:

Նորագիր սկաուտները երդում ըրին ծառայել Աստուծոյ եւ հայրենիքին ու հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄ-ի մարդկայնական ծրագիր-կանոնագրին:

Յուզիչ եւ յուսատու այս պատկերէն ետք շրջանի հովիւը օրհնեց բոլորը եւ կոչ ըրաւ անոնց` երբե՛ք խոստմնադրուժ չըլլալ:

Ապա տեղի ունեցաւ աստիճաններու տուչութիւնը:

Այս արարողութեան կը նախագահէր Սուրէն Մուրատեան, որ հին խմբապետներն ու պաշտօնական հիւրերը հրաւիրեց պատուե՛լ նոր աստիճանաւորները:

Փոխառաջնորդի աստիճաններ ստացան` Լեւոն Պաղտասարեան, Բաբգէն Տատոյեան, Խաժակ Տիգիճեան, Ատուր Ուրիշեան, Նշան Թոփճեան, Մկօ Եափուճեան, Վաչէ Գալուստեան:

Առաջնորդի աստիճան ստացան` Կարօ Դերձակեան, Արա Վարժապետեան, Թորոս Մանկասարեան, Կարպիս Թիթիզեան, Խաչիկ Խաչատուրեան:

Վարիչ առաջնորդի աստիճան` Սագօ Կէօյպաշեան, Յարութ Չեքիճեան, Հրայր Սարգիսեան:

Սկաուտ խմբապետի աստիճան` Սարգիս Հաճինազարեան, Ստեփան Չաքմաքճեան, Ժիրայր Սարգիսեան: Խմբապետուհիի` Մարի Սարոյեան:

Փոխ աքելլա` Ալեքսան Մելքոնեան:

Աքելլա` Միհրան Շիմշիրեան:

Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց բոլորը:

Ս. Յակոբայ «Եփրեմեան» վարժարանի տնօրէնը յուզումով վեր առաւ այն բոլոր առաքինութիւնները, որ այս մեծ կազմակերպութիւնը եղած է միշտ. շեշտեց, որ` աստիճան մը եթէ պատիւ մը եւ փաստ մըն է իրագործուած աշխատանքի մը, ապա նաեւ պաշտօնական սպասո՛ւմն է աւելի մեծ զոհողութեանց:

«Դիտեցէք համայնապատկերը, որ կը տարածուի ձեր շուրջ: Ահաւասիկ եկեղեցին, որ իր խաչին հովանիին տակ առած է ձեզ, ահաւասիկ աւելի հեռուն կապոյտ լեռները եւ անոնց ոտքին` մաս մը Միջերկրականէն:

«Ձեր դիմաց քահանան, եւ դուք` գունաւոր զգեստներու տակ:

«Ձեր աչքին` դրօշնե՛րը:

«Հարազատ հայրենիքին հարազատ վերարտադրութիւնը:

«Այս համայնապատկերին խորհուրդով լեցուած ապրիք, ապրեցնէ՛ք»:

Շրջանային վարչութեան կողմէ տոքթ. Պէրպէրեան, եզրակացուց իր խօսքը. «Քրիստոս ըսաւ. «Գացէ՛ք, տարածեցէք «Հայր մեր որ յերկինս ես»-ը: ՀՄԸՄ կը պատգամէ. «Գացէ՛ք կազմակերպեցէք երիտասարդութիւնը` մարդկայնութեամբ, ազգայնութեամբ, սիրով»:

Այս հաւաքոյթը, հոգեպարար եւ գօտեպնդիչ, վերջացաւ թէյասեղանով:

Գոհունակութեամբ դիտուեցաւ արծուիկ-սկաուտ գործակցութիւնը, ուրախութեամբ արձանագրուեցաւ շարքերուն տակաւ աճող թիւը եւ բարձրացող որակը:

Նկարագիր կազմող այս մեծ միութիւնը պատրաստ է ընդունելու բոլոր իրեն դիմողները:

Աստուծոյ, հայրենիքի եւ մարդկութեան ծառայելու երդումը լաւագոյն գրաւականն է ոեւէ պատանիի եւ երիտասարդի` ամուր նկարագրով ներկայանալու շրջապատին:

ՀՈՒՐՀԵՐ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?