Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը
Պաթանեան Պատրիարքին Յուշագիրը
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Ու Թանի
Յուշագիրը, Որ Պատմականը Կ՛ընէ Հայկական Ողբերգութեան,
Կը Դիմէ Մարդկային Խղճմտանքին` Արդարութիւն Պահանջելով
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը Լեւոն Քէշիշեան 18 յունուար թուակիր մասնաւոր հեռագրով մը կը հաղորդէ մեզի.
Այսօր, 18 յունուար 1966, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի յուշագիր մը յանձնուեցաւ, որ ղրկուած էր հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեանի կողմէ:
Յուշագիրը, որ կը բաղկանայ 40 էջերէ, գրուած` անգլերէն լեզուով, պատմականը կ՛ընէ հայկական եղեռնին, հետեւեալ խորագրով. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ – ՋԱՐԴԵՐՈՒ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԸ 1915-1965` ԴԻՄՈՒՄ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔԻՆ»:
Այս պատմական յուշագիրը Պաթանեան պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր Նիւ Եորքի ծանօթ ազգայիններէն Եդուարդ Սահակեանի, որպէսզի յանձնուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին:
Վիեթնամի Պատերազմը Հետզհետէ
Կը Սաստկանայ
«Պատրաստ պէտք է ըլլանք աւելի ուժ գործածելու, եթէ համայնավարները որոշեն իրենց գործողութիւնները ընդարձակել Վիեթնամի մէջ», յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Մաքնըմարա, զինեալ ուժերու եւ վարկերու ծերակուտական յանձնախումբերուն առջեւ:
Մաքնըմարա աւելցուց, թէ պաշտպանութեան պիւտճէն մշակուած է ի նախատեսութիւն զինուորական այն գործողութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Վիեթնամի մէջ մինչեւ 1967 յուլիս: Այդ գործողութիւնները, ըսաւ ան, կրնան անհրաժեշտ դարձնել «ուժի զօրութեան զանգուածային գործունէութիւն մը` աւելցնելու համար մեր ուժերուն ազդեցութիւնը եւ նուազեցնելու համար կորուստները»:
Պաշտպանութեան նախարարը, որ վկայութիւն կու տար Վիեթնամի պատերազմին համար պահանջուած 12,7 միլիառ տոլարի վարկերու առնչութեամբ, մանրամասնօրէն ներկայացնելով` արդարացուցած է այդ վարկերը:
Իր յայտարարութեան ընթացքին, որ դռնփակ եղաւ, եւ որուն բնագիրը հետագային հրատարակուեցաւ, Մաքնըմարա յայտնեց, թէ 190 հազար զինուորներ ներկայիս կը գտնուին Հարաւային Վիեթնամ` առանց հաշուելու անձնակազմը 7-րդ նաւատորմին, որ գործողութիւններուն կը մասնակցի, եւ աւելցուց, որ Փենթակոնը կը նախատեսէ կազմութիւնը «Ծովային»-ներու նոր զօրաբաժինի մը: