Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1966)

Յունուար 14, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպահայ Կեանք

ՀՄԸՄ-ի Յաղթանակը

Մարզական գետնի վրայ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի խումբը, որ Սուրիոյ ախոյեանն է, բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Կիպրոսի ախոյեան Ափոէլ խումբին դէմ, կիրակի, 26 դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

Հակառակ խիստ աննպաստ օդին` կոկիկ հասարակութիւն մը ներկայ էր խաղավայր:

Խաղը տեղի ունեցաւ անձրեւին տակ: Սակայն բոլոր այս աննպաստ պայմանները չկրցան կասեցնել ՀՄԸՄ-ի խումբին արագութիւնն ու խոյանքները եւ, սքանչելի ու ներդաշնակ խաղարկութենէ մը ետք տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը` հակառակորդը պարտութեան մատնելով 10 – 2 արդիւնքով մը…

Իսկ Կիպրոսի նոյն ախոյեան խումբը 24 դեկտեմբերին, ուրբաթ, խաղալով Դամասկոսի մէջ, 3 – 2 արդիւնքով պարտուեցաւ:

ՀՄԸՄ այնքան արագ եւ խմբային ներդաշնակ խաղ մը ցուցաբերեց, որ հակառակորդը երբեք չկրցաւ ինքզինք վերագտնել եւ կազմակերպուիլ:

***

Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով, բազմաթիւ միութիւններ լաւագոյնս տօնեցին Ամանորը:

Ի շարս ուրիշներու` կարելի է յիշել Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջ. միութեան հանդիպումը, յունուարի 1-ին, Համազգայինի սրահին մէջ:

Մօտ հարիւր շրջանաւարտներ եւ հրաւիրեալներ դրական պատասխան տուած էին կոչին եւ հաւաքուած` փարթամ սեղաններու շուրջ:

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անխտիր բոլոր ներկաները:

Յաջող ձեռնարկ մը եւս:

***

Նոյն սրահին մէջ յունուար 2-ին իրենց Կաղանդը տօնեցին Ուսանողական միութեան անդամ-անդամուհիները:

Ներկայ եղան զանազան հաստատութեանց պատկանող մեծ թիւով ուսանողներ:

Խնամուած յայտագիր մը գործադրուեցաւ, որ խիստ հետաքրքրական մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ ներկաները հաճելի ժամանց մը ունեցան:

***

Համազգայինի Հալէպի մասնաճիւղը այս տարի իր Կաղանդը տօնեց Ծնունդին երկրորդ օրը, «Նետի Սաատէ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ:

ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային խաղերուն առիթով սարքուած պարանցիկ երեկոները յիշեցնող խուռներամ բազմութիւն մը խուժած էր սրահ: Շատեր չկրցան սրահ մուտք գործել` տեղի չգոյութեան պատճառով: Ճիշդ է, որ Համազգայինի ձեռնարկները միշտ ալ արժանացած են հալէպահայութեան համակրանքին, ի մի հաւաքելով անխտիր բոլոր հոսանքներն ու տարբեր մտածելակերպի մարդիկը, բայց այս երեկոյթը գլեց անցաւ ամէն ակնկալութիւն:

Պարանցիկ բաժնի կողքին, գործադրուեցաւ գեղարուեստական հոյակապ յայտագիր մը` երեկոյթին տալով բոլորովին հայեցի նկարագիր, ինչ որ խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին:

Կաղանդ պապուկին կաղանդչէքներն ու նուէրները ջերմ գնահատանքի արժանացան:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտ կիթառիստներուն «Շեքըրս» նուագախումբն ու Համազգայինի հայկական նուագախումբը իսկական անակնկալներ եղան` մագնիսացնելով սրահը: Հաճելի անակնկալ մը եղան նաեւ Պէյրութի Համազգայինի երգի-պարի անսամպլին մաս կազմող մենապարող Յ. Քիրազեանի հայկական զոյգ պարերը:

Սրահը սկսաւ պարպուիլ առաւօտեան ժամը 5:30-ին միայն:

***

Ծնունդին երկրորդ օրը` ուրբաթ, կէսօրէ ետք, քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Սուրիոյ ախոյեան Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կազմը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Պէյրութի Ա. կարգի խումբերէն «Անդրանիկ»-ի դէմ:

Հակառակ անոր որ դաշտը ցեխոտ վիճակ մը ունէր, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երբեք չկորսնցուցին իրենց ներդաշնակութիւնը եւ դժուարութիւն չունեցան հակառակորդ խումբը պարտութեան մատնելու 7 – 3 արդիւնքով (կիսախաղ 3 – 1):

ՀՄԸՄ իր այս փայլուն յաղթանակը կը պարտի իր արագաշարժութեան եւ ճշգրիտ փոխանցումներուն` հակառակ իր լաւագոյն խաղացողներէն երեքին բացակայութեան:

Ամբողջ խաղի ընթացքին դոյզն միջադէպն իսկ չպատահեցաւ, ինչ որ պատիւ կը բերէ երկու խումբերուն: Այս գնահատական խօսքը չենք կրնար ըսել օր մը առաջ տեղի ունեցած մրցումին առիթով, ուր «Վասպուրական» եւ «Անդրանիկ» ճակատելով` խաղը մնաց կիսատ, հաւասար արդիւնքով 2 – 2: «Անդրանիկ» իր ստացած երկրորդ կէտը նկատելով ապօրինի` բողոք ներկայացուց իրաւարարին եւ ասոր ի վնաս իրենց տուած պատասխանին վրայ մրցումը լքեցին եւ քաշուեցան դաշտէն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախագահ Ճոնսընի Պատգամը Քոնկրեսին

«Ամերիկա Պիտի Չլքէ Ասիան, Վիեթնամէն Պիտի Չհեռանանք,
Այնքան Ատեն Որ Նախայարձակումը Կանգ Չէ Առած»

Կը Յայտարարէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահը

Նախագահ Ճոնսըն չորեքշաբթի իրիկուն Քոնկրեսին ներկայացուց զեկուցում մը միութեան վիճակի մասին: Այս զեկուցման մէջ կան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.

1) Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց ճիգերը` խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար Վիեթնամի մէջ, բայց այդ երկրէն պիտի չհեռանան, մինչեւ որ նախայարձակումը չկասեցուի:

2) Օդանաւային ռմբակոծումներու քսանօրեայ դադարէն եւ բանակցութեան համար կատարուած բազմապիսի քայլերէ ետք ոչ մէկ պատասխան տրուեցաւ, թէ այդ ճիգերը ձախողութիւն մը կամ յաջողութիւն մը եղած են:

3) Միացեալ Նահանգները Ասիան պիտի չլքեն:

4) Միացեալ Նահանգները ըստ այնմ պիտի պատասխանեն, եթէ իրենց հակառակորդները նուազեցնեն ուժի գործածութիւնը, բայց հարաւային Վիեթնամէն պիտի քաշուին այն ատեն միայն, երբ իր ապագան ազատօրէն ընտրելու այդ երկրին իրաւունքը երաշխաւորուի:

5) Անկարելի է ապագան գուշակել: Անիկա կրնայ պարունակել դաժան եւ երկար կռիւներ, դժնդակ խորհրդաժողով մը կամ միաժամանակ կռիւներ ու խորհրդաժողով մը:

6) Չորս սկզբունք կ՛առաջնորդեն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը.

ա) Ուժ` յարգելու համար եղած յանձնառութիւնները,

բ) Քանդումի արդիական զէնքերու հակակշիռը, նուազումը եւ ի վերջոյ քանդումը,

գ) Օժանդակութիւն` ազգերու ընկերակցութեան զօրացման, ինչպէս` յառաջդիմութեան համար Զինակցութիւնը, Եւրոպան, Ատլանտեանի համայնքը, շրջանային կազմակերպութիւնները եւ Միացեալ ազգերը,

դ) Օժանդակութիւն` մարդու վիճակի բարելաւման` օժանդակութեան լայն ծրագրով մը ի նպաստ այն երկիրներուն, որոնք իրենք իրենց կ՛օգնեն:

7) Ամերիկեան ուժը պիտի պահպանուի 58,300,000 տոլար պաշտպանութեան պիւտճէով մը: Յառաջիկայ հարկային տարուան ընթացքին Վիեթնամի համար 5,800 միլիոն տոլար աւելի պիտի ծախսուի:

8) Միացեալ Նահանգները թիկունք պիտի կանգնին իրենց ազգային անկախութիւնը պաշտպանելու` ժողովուրդներու իրաւունքին: Այդ նպատակին համար նախագահը կ՛ուզէ կամուրջներ հաստատել արեւելեան Եւրոպայի հետ եւ Քոնկրեսէն պիտի պահանջէ ջնջել սակայն պատնէշները, որոնք կը դժուարացնեն Արեւելք-Արեւմուտք առեւտուրը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Արդեօք Ճիշդ Ձեւով Կը Սնանի՞ք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?