Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1966)

Յունուար 12, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Քաղաքականութիւն

Քաղաքականութիւնը որոշ չափով ուղեգիծ է: Դիւանագիտութիւնը` այդ ուղեգիծը կիրարկող միջոց:

Իսկ ազգային քաղաքականութիւնը ամբողջ ազգի մը հետապնդած կամ հետապնդելիք ուղին է: Պետական կառոյց ունեցող ժողովուրդները ոչ թէ ազգային, այլ պետական քաղաքականութիւն ունին: Անշուշտ այդ քաղաքականութիւնը, արտաքին ըլլայ թէ ներքին, տեւական չէ` ո՛չ միայն անոր համար, որ միջազգային քաղաքական կեանքը յարափոփոխ է, այլ նաեւ անոր համար, որ ամէն կառավարութիւն,- որ կուսակցութեան մը կամ գործակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչն է,- կը տանի այն քաղաքականութիւնը, զոր կը նախընտրէ կամ կը նախընտրեն իրեն յենարան եղող կուսակցութիւնը կամ կուսակցութիւնները:

Մերը հիմնովին կը տարբերի: Նախ ա՛յն պատճառով, որ Երկրի մէջ մենք չունինք եւ չենք կրնար ունենալ – այնքան ատեն, որ Հայաստան մաս կը կազմէ Խ. Միութեան – առանձին քաղաքականութիւն: Փաստօրէն` Հայաստան առհասարակ քաղաքականութիւն չունի:

Մեր ժողովուրդի երկրորդ հատուածը,- զոր կը շարունակենք «սփիւռք» որակել սխալ բնորոշումով,- քաղաքական ձգտումներ ունի, բայց իր այդ ձգտումներուն մէջ միակամ չէ: Այն իմաստով, որ, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի իշխանութեան, տրամադրութիւններն ու մտածելակերպերը կը տարբերին:

Յիսնամեակի առիթով սակայն ստեղծուեցաւ տեսակէտներու հասարակաց գետին մը` բռնագրաւեալ հողերու պահանջը:

Տարակոյս չկայ, որ, եթէ մենք ինքնակամ ու ինքնավար պետութիւն ունեցած ըլլայինք, հողերու այդ պահանջը պիտի ըլլար մեր պետական քաղաքականութիւնը: Հայաստանը – խօսքը բնակչութեան մասին է – ձայնակից է արտահայաստանին` հողերու խնդրին մասին: Բայց իշխանութիւնը ձայն չունի: Ասկէ` մեր պահանջին հիմնական տկարութիւնը:

Կը մնայ ուրեմն, որ հողերու պահանջը դառնայ ազգային քաղաքականութիւն մը: Եւ որովհետեւ տեսակէտներու նոյնութիւն մը գոյութիւն ունի, ուրեմն գոյութիւն ունի նաեւ ազգային քաղաքականութեան մը հիմնական խարիսխը: Դեռ հինգ տարի առաջ մենք զուրկ էինք այդ խարիսխէն: Այսօր մեր ժողովուրդը ինքն իր վրայ կատարած է քաղաքական նուաճում մը` ստեղծելով խարիսխը:

Բայց այդ խարիսխը կը մնայ միայն խօսք ու գիր, եթէ անոր չկցուի երկրորդ հիմնական ազդակը,- ազգային համագործակցութիւնը: Վերջին տարուան ընթացքին վերցուեցաւ նաեւ այդ գործակցութեան արուեստական արգելքը,- «կցում»-ի անտեղի ու անխորհուրդ պայմանը:

Գործակցութիւնը, իր կարգին, կը մնայ լոկ ձեւ ու ինքնամխիթարանք, եթէ զուրկ մնայ որոշ ու նախագծեալ ծրագրէ մը: Հողերու պահանջը ծրագիր չէ, նպատակ է: Եւ ամէն նպատակի իրականացում պայմանաւորուած է ծրագիրի մը գործադրութեամբ:

Արդ, կը բաւէ՞ ըսել ու գրել, թէ այդ հողերը պատմականօրէն մերն են եւ հետեւաբար պէտք է վերադարձուին մեզի: Ասիկա ծրագիր չէ: Պահանջի մը սեղմ բանաձեւումն է միայն: Իսկ ծրագիրը նաեւ, բայց մանաւանդ աշխատանք է:

Այս վերջի՛նն է, որ կը պակսի մեզի: Աւելի ճիշդ` համագործակցութենէն ետք երկրորդ թերին է:

Բայց մենք կ՛անտեսենք նաեւ երրորդ կարեւոր ազդակ մը,- ուրիշ ուժերու եւ ուրիշ պետութիւններու շահերն ու տրամադրութիւնները` մեր հողերուն առնչութեամբ:

Իսկ այս տեսակէտէն, ամէնէն առաջ, մեր անմիջական շրջապատինը: Բայց մանաւանդ ռուս պետութեան շահերն ու տրամադրութիւնները:

Ճիշդ է, որ երբեմնի բրիտանական կայսրութիւնը այժմ «հեռացած» է մեր միջավայրէն: Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան Պաքուէն Թիֆլիս Անգլիան էր տնօրինողը եւ մեզ… ճնշողը: Այժմ Արաքսի ափին Միացեալ Նահանգներն են:

Ասիկա այսօրուան կը վերաբերի: Բայց Հայկական հարցը նոր չէ: Ան ունի անցեալ մը: Իսկ այդ անցեալը լոկ մեր եւ թուրքերու տարբերութիւնը չէ: Անիկա ամբողջութիւնն է քաղաքական ու դիւանագիտական այն բոլոր իրադարձութիւններուն, որոնք հեռուէն կամ մօտէն, ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցած են մեր Դատին հետ եւ առաւել կամ նուազ, նպաստաւոր թէ աննպաստ ազդեցութիւններ ունեցած են անոր վրայ:

Այս «երէկը» անցեալ կարելի էր համարել, եթէ մեր Դատը արդէն իսկ լուծուած ըլլար: Բայց քանի որ ան կը շարունակէ մնալ անլոյծ, հետեւաբար «երէկը» կը շարունակէ շաղկապուած մնալ «այսօր»-ին:

Ըսել կ՛ուզեմ` մեր Դատի լուծման շուրջ այսօր մեր տանելիք աշխատանքներուն ընթացքին ենք ստիպուած ենք անպայման նկատի ունենալ «երէկը»: Ուրիշ խօսքով` հետեւողական, լուրջ եւ մանրամասն կերպով քննել եւ համադրել այն բոլոր տուեալները, որոնք պատկանած են մեր անմիջական շրջապատին ու հեռուին եւ առնչութիւն ունեցած են մեր Դատին հետ: Այդ տուեալներուն մղիչ ազդակները միշտ եղած են անշուշտ շահերը եւ անոնցմէ թելադրուող քաղաքականութիւնը:

Ձեւափոխուած թէեւ` այդ շահերը եւ անոնցմէ մղուող քաղաքականութիւններ կան նաեւ այսօր:

Ուրեմն մենք ստիպուած ենք նոյնքան հետեւողական, լուրջ ու մանրամասն կերպով քննել նաեւ «այսօր»-ը:

Այս անյետաձգելի եւ ստիպողական աշխատանքն է, որ Հայ դատի ծրագիրը պէտք է կազմէ եւ անկէ է որ պէտք է թելադրուին մեր առնելիք քայլերը:

Իսկ այդ աշխատանքը, կը կրկնեմ, պէտք է կատարուի եւ կրնայ կատարուիլ միայն համազգային ճիգերով եւ գործակցութեամբ` ընթացք տալու համար ազգային քաղաքականութեան մը:

ԴԷՏ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մայրիկ, Մի՛ Սպաննիր Ինձ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?