Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յունուար 1966)

January 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Շարլ Հելուի Պատգամը Ժողովուրդին

 Նախագահը Բոլոր Քաղաքացիներէն Կը Սպասէ Արդիւնաւոր Գործակցութիւն Մը`
Ազատական, Արդար Եւ Արդիական Պետութեան Մը Կերտումին Համար

Երէկ` երեքշաբթի իրիկուն, Հանրապետութեան նախագահը ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն պատգամ մը ուղղեց լիբանանեան ազգին:

Նախագահական պատգամը կը շօշափէ երեք հիմնական հարցեր. հաշտեցնել տնտեսական զարգացման եւ ընկերային յառաջդիմութեան պահանջները, պետութեան ապահովել ելեւմտական բաւարար աղբիւրներ եւ զարգացման ծրագիրները իրագործելու ատակ անձնակազմ, նորութիւն մտցնել վարչական ու դատական մեթոտներու մէջ:

Ստորեւ կու տանք նախագահական պատգամին գլխաւոր մասերը.

«Պետութիւնը,- ըսաւ նախագահը,- կ՛ուզէ գործել հանրային եւ անհատական մարզերու մէջ եւ այդ երկու մարզերուն միջեւ իրագործել գործակցութիւն մը` հասնելու համար խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ արդարութեան մեր նպատակներուն:

«Ծանօթ է տնտեսական եւ ընկերային դերը արդիական պիւտճէի մը, որմէ լայն չափով մը կախում ունի երկրին ընդհանուր կացութեան հոլովոյթը:

«Նկատելով այս բոլոր պայմանները` ուզեցի դիմել ձեզի, որովհետեւ հաւատք ունիմ հանդէպ մեր ժողովրդավարական վարչակարգին եւ մեր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները քննելու եւ լուծելու կարողութեան հանդէպ: Երկրի մը մէջ, որ աւանդաբար ունի հասունութեամբ եւ քաղաքական ըմբռնողութեամբ օժտուած խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն մը, եւ որուն զաւակները ունին հանրային պատասխանատուութեան զգացումը, նման երկրի մը մէջ բաժանում չկայ պետութեան եւ քաղաքացիներու, անհատներու եւ խմբակներու դերին միջեւ:

«Կ՛ապրինք դարաշրջան մը, ուր մէկ կողմէ հարստութիւններու արտադրութիւնը, միւս կողմէ` ժողովուրդներու կարիքները, իրարմով խթանուած, արագ ընթացք մը ստացած են: Ժողովուրդները կ՛որոնեն աւելի արժանապատիւ կեանք մը, աւելի լաւ կազմակերպութիւն մը, աւելի արագ յառաջդիմութիւն մը ու աւելի ընդարձակ զարգացում մը: Ու բնական դարձած է, որ անհատները չկարողանան քալել իրենց ժամանակին հետ ու իրագործել այդ բաղձանքները` անձնապէս եւ իրենց միջավայրին մէջ, առանց որ իրենց ապահովուած ըլլան հիմնական կազմակերպութիւնները, եւ այն շրջանակը, որուն մէջ իրենց ճիգերը ի գործ պիտի դրուին եւ ազատօրէն մրցին: Այս պատճառով ալ պետութեան պարտականութիւնները աւելցած են: Անհրաժեշտ դարձած է ընդհանուր զարգացման ծրագիրներ կազմել եւ զանոնք իրագործելու միջոցները գտնել:

«Կացութիւնը մտահոգիչ ոչինչ ունի անշուշտ: Եւ բաւական պիտի ըլլայ կարգ մը նախզգուշութիւններ ձեռք առնել, որպէսզի պետական սնտուկը կարողանայ դիմակալել պետութեան բոլոր ծախսերը:

«Ասիկա գուցէ առիթ մըն է` փորձելու մեր քաջութիւնը դժուարութիւններու առջեւ եւ մանաւանդ այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր կարողութիւնը: Վտանգը նոյնինքն դժուարութիւններուն մէջ չէ, որովհետեւ անոնք անխուսափելի են ազգերու կեանքին մէջ, այլ` զանոնք անգիտանալու իրողութեան մէջ, իբր թէ անոնք գոյութիւն ունեցած չըլլային:

1080 Միլիոն Լ. Ոսկի

«Աչքէ անցընելով մեր խնդիրները` պատճառներ ունինք ապահով ըլլալու, որովհետեւ, փա՜ռք Աստուծոյ, կրնանք ըսել, թէ զանոնք լուծելու միջոցները ունինք:

«Ծրագիրը, որ կազմեցինք 1965-ի առաջին կիսամեակին, կը բաղկանայ նախագիծներու ամբողջութենէ մը: Այդ ծրագրին իրագործման համար պէտք ունինք 1.080 միլիոն լ. ոսկիի, տարին` 216 միլիոն:

«Այս գումարը մեծ չէ, եթէ զայն բաղդատենք պետութեան ծախսերուն, որոնք տարին կը բարձրանան 400 միլիոն լ. ոսկիի, այսինքն երկու միլիառի` յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:

«Պարտաւոր ենք չաւելցնել մեր սովորական վարկերը: Նոյնիսկ պէտք է աշխատիլ զեղչել մեր վարչական ծախսերը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելցնել արդիւնաւոր աշխատանքներու յատկացումները: Եթէ յաջողեցնենք այս գործողութիւնը, կրնանք գտնել մէկ քանին այն լուծումներէն, որ կը փնտռենք` իրագործելու համար ընկերային արդարութիւն մը: Ընկերային արդարութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր մարզերը, յատկապէս` երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստը:

«Եթէ կարելի չէ ասիկա իրագործել մէկ օրէն միւսը, պէտք է սակայն պետութեան ընկերային սպասարկութիւններէն անդին չանցնինք, համոզուած ըլլալով հանդերձ, թէ հոդ կանգ առնելը հաշտ չէ ընկերային ապահովութեան մը իսկական պահանջներուն:

«Ինչպէս կրնա՞նք հրաժարիլ խմելու եւ որոգելու ջուր հայթայթելէ, երբ մեր երկրին բազմաթիւ շրջանները պէտք ունին: Եւ սակայն որոշման համար նախատեսուած է 123 միլիոն, մինչ երկիրը պէտք ունի այդ գումարին կրկինին: Նոյնն է պարագան նաեւ ելեկտրականութեան, ճամբաներուն, գետերու հունին, Պէյրութի նաւահանգիստին եւ ճարտարարուեստին ու երկրագործութեան քաջալերման համար:

«Պետութիւնը չի կրնար իր սեփական միջոցներով գոհացում տալ միաժամանակ բոլոր պահանջներուն: Ուստի պիտի գործենք` համաձայն մեր միջոցներուն: Խորհրդարանը վերջերս քուէարկեց 275 միլիոն լ. ոսկիի վարկ մը` ծրագիրներու գործադրութեան համար:

«Այժմէն իսկ 30 ընկերութիւն առաջարկներ ներկայացուցած են: Պիտի ընտրենք լաւագոյն պայմանները ներկայացնողը:

«Ծրագիրներու գործադրութիւնը պիտի յանձնուի ազգային եւ օտար ընկերութիւններու: Պարտքերը պիտի վճարուին հինգ տարիէն աւելի պայմանաժամերու ընթացքին: Նախ պիտի իրագործուին 272 միլիոն լ. ոսկիի ծրագիրներուն մէջ մտած նախածրագիրները:

«Կառավարութիւնը միջոցներ ձեռք կ՛առնէ, որպէսզի 1966 տարուան ընթացքին կարգ մը ծրագիրներու գործադրութիւնը սկսի:

Ելեւմտական Կազմակերպուածութեան Բարելաւում

«Նոյն ատեն կառավարութիւնը կ՛ուզէ բարելաւել ելեւմտական կազմակերպուածութիւնը: Այս ուղղութեամբ պատրաստած են կարգ մը միջոցառումներ:

«Պէտք է աստիճանաբար վերատեսութեան ենթարկել եկամուտի տուրքը, զայն աւելի համապատասխան դարձնելու համար արդիական ըմբռնումին, որուն համաձայն, տուրքը միայն պետական սնտուկի մատակարարման միջոց մըն չէ, այլ նաեւ` տնտեսական զարգացման եւ ընկերական արդարութեան աղբիւր մը:

Վարչական Եւ Դատական Բարեկարգութիւն

«Պետութեան վարչական եւ դատական մեքենաներուն բարեկարգութիւնը սկսած է տարիներ առաջ եւ այսօր կը շարունակուի: Եթէ, օրինակ, եկամուտի տուրքը վճարուէր ամբողջովին եւ առանց զեղծումի, պետութեան սնտուկը պիտի չվնասուէր եւ պիւտճէն պիտի գոցէր իր բացին մեծ մասը դիւրացնելով զարգացման ծրագիրներու գործադրութիւնը:

«Բարեկարգութիւնը պիտի գործադրուի նաեւ անհատական մարզի մէջ: Պետութիւնը կը ջանայ քաջալերել այդ, որովհետեւ այդ քաջալերանքը անհրաժեշտ է տնտեսական ընդհանուր գետնին վրայ: Արդարեւ, թէեւ այդ մարզին մէջ իր միջամտութիւնը պէտք է սահմանափակ ըլլայ, բայց պետութիւնը չի կրնար ամբողջովին դուրս մնալ: Առնուազն պէտք է ստեղծէ յարմար միջավայր մը, որուն մէջ անհատական ձեռնարկները պէտք է զարգանան:

«Որպէսզի կարողանայ այդ միջամտութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարել, պետութիւնը պէտք է բարելաւէ իր սպասարկութիւնները:

«Պետութիւնը մերթ կը բախի սպասարկութիւններուն խառնակ վիճակին, մերթ` անհատներու եւ խումբերու, որոնք այս խաղին մէջ կ՛ուզեն պարտութեան մատնել պետութիւնը: Ու յաճախ անոնք կը յաջողին` ի շահ իրենց, բայց` ի վնաս ժողովուրդին:

Ապրուստի Սղութեան Խնդիրը

«Իբրեւ օրինակ, յիշենք ապրուստի սղութեան կարգ մը պատճառները:

«Ակնյայտ է, որ մերինին նման շուկայի մը մէջ ապրուստի սղութիւնը ազդուի միջազգային գիներէն: Գիները բարձրացած են նաեւ այդ պատճառով, որ երկրին տնտեսական զարգացման պատճառով գնողական կարողութիւնը աւելցած է: Սակայն կարելի չէ ուրանալ, թէ ապրուստի սղութեան պատճառներէն ոմանք տեղական են: Ապօրինի շահագործումի կ՛ենթարկուին շատ կենսական անհրաժեշտութիւններ, ինչպէս` հագուստը, դեղերը եւ սննդանիւթերը:

«Մենք հաւատք ունինք ազատական վարչակարգին հանդէպ: Կ՛ուզենք քաջալերել դրամագլուխներու ներդրումը մեր երկրին մէջ, որ պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն ազատական երկիրներէն մէկը, նոյնիսկ` կարգ մը օրէնքներու գործադրութեամբը, որովհետեւ անոնք կոչուած են պաշտպանելու այդ ազատութիւնը: Բայց օրէնքները ապահովութիւն մըն են դրամատէրերուն համար:

Բարեկարգութեան Նպատակը

«Բարեկարգութիւնը որոշ թիւով պաշտօնեաներու ծառայութենէն հրաժարելու մէջ չի կայանար: Բարեկարգութիւնը յարատեւ գործ է: Կը պահանջէ որդեգրումը նոր չափանիշներու, որոնք պարտադիր են պետութեան եւ անհատներուն: Անոնք կը բարձրացնեն պետութեան վարկը եւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ կու տան անոր, որովհետեւ բարեկարգութեան շնորհիւ պետութեան եւ անհատին շփումը պիտի կատարուի ուղղամիտ ու պարտաճանաչ պաշտօնեաներու միջոցով:

«Բարեկարգութեան գործը պիտի չաւարտի ներկայիս ի գործ դրուող միջոցներով: Այդ միջոցները կը կազմեն առաջին հանգրուանը միայն:

«Ժամանակը եկած է, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի, ինչ որ ալ ըլլայ իր ընկերային կարգը ազգին մէջ եւ դերը, որ կը կատարէ պետութենէն ներս, գիտակցի իր պարտականութիւններուն:

«Ու արդար է եւ ճիշդ, այս մարզին մէջ, ըսել, թէ մարդը, որ պատիւն ունի վարելու այս պետութիւնը, անձնուրացութեան օրինակը պիտի տայ զսպելու համար հաւանական եսասիրութիւնները եւ քաջալերելու համար նուիրումը` հանրային գործին հանդէպ:

«Եթէ բնական է, որ կը հաւատանք այս սկզբունքներուն, այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ գործենք` համաձայն այդ սկզբունքներուն: Բոլորին միակամ ճիգով պիտի ստեղծենք պետութիւն մը, որ իր պարտաւորութեանց բարձրութեան վրայ ըլլայ, արդիական պետութիւն մը, որ պիտի ապրի ապահովութեան մէջ, արժանի` ազատ եւ ազնիւ ժողովուրդի մը:

«Յաջողութիւնը պիտի իրագործուի մեր բոլորին գործակցութեամբ: Նպատակը այնքան լուրջ է, որ ձախողութիւնը անհեթեթ, նոյնիսկ անկարելի կը թուի: Ու Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի յաջողինք:

«Կեցցէ՛ Լիբանանը»:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երկդիմի Վճիռ Եւ Յուսադրող Տարեդարձ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.