Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1966)

Մարտ 24, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Հանրանուէր Կազմակերպութիւն Մը
(Օգնութեան Խաչի Օրուան Առթիւ)

Պէյրութի հայութիւնը անցեալ կիրակի տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնեց Օգնութեան խաչին օրը` «Սինեմա Տիւնիա»-ի ընդարձակ սրահին մէջ:

Կիրակիի հանդիսութիւնը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը իր սրտին որքան մօտ կը զգայ կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ ծնաւ այս գաղութին մէջ` զուգահեռաբար այլ գաղութներու օգնութեան միութիւններուն, հասակ նետեց ընդհանուր գուրգուրանքի մէջ եւ ուռճացաւ` տարուէ տարի ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը:

Այսպիսի հանդիսաւոր առիթներ պէտք են, որպէսզի առօրեայի հեւքէն վեր, անդրադառնանք մեծութեանն ու կարեւորութեան գործի մը, որ մեր աչքին առջեւ եւ անմիջական հասողութեան տակ ըլլալով` յաճախ կը խուսափի իր իսկական արժէքին խորաչափումէն:

Երեք հազար անդամուհիներու հսկայ բանակով մը Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այսօր դարձած է կանացի այնպիսի կազմակերպուած ուժ մը, որ իրաւամբ կը նկատուի մեր հանրային կեանքին կարեւոր լծակներէն մէկը, յատկապէս` կրթական եւ խնամատարական մարզերու մէջ:

Ի՞նչ է գաղտնիքը այն ուժին, որ հայ կինը կը կապէ այս միութեան եւ անոր միջոցով` մեր հանրային կեանքին: Բարեսիրական միութիւններ շատ կան ու կը գործեն մեր կեանքին մէջ, բայց` սահմանափակ կարողութիւններով եւ սեղմ շրջանակի մէջ:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անոնցմէ տարբեր է, տարբեր եղաւ իր համահայկական բնոյթով, մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ կրցաւ առաւելագոյն հնարաւորութիւնը ընծայել հայ կնոջ` իր հանրային կոչումին արդիւնաւորման համար:

Հայ կինը իր անսահման նուիրումին կնիքը դրաւ այս միութեան վրայ ու նաեւ անով արժեւորուեցաւ իր կոչումը, անոր մէջ ու անոր միջոցաւ կազմակերպուեցաւ իբրեւ հաւաքականութիւն` դառնալու համար նկատառելի ուժ մը մեր իրականութեան մէջ:

Պետական բարձր գնահատանքը, որ եղաւ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան բազմավաստակ ատենապետ Լոլա Սասունիի, անոր անձին ընդմէջէն կ՛երթայ անոր գլխաւորած կազմակերպութեան, իւրաքանչիւր հայ կնոջ, անոր ծառայութեան ոգիին եւ անսակարկ նուիրումին:

Այդ գնահատանքը եկաւ աւելնալու այն ջերմ համակրանքին վրայ, որ Օգնութեան խաչը իր բեղուն գործունէութեամբ կը վայելէ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ մասնաւորաբար հայութեան մէջ:

Վստահ ենք, որ այս գնահատանքն ու համակրանքը խթան պիտի ծառայեն Օգնութեան խաչին եւ անոր հանրանուէր վարիչներուն` աւելի բուռն թափով շարունակելու համար այն կենսական գործը, որ վիճակուած է իրենց` ի խնդիր նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ֆիզիքական առողջութեան ու հոգեկան սնունդին:

Այո վստահութիւնը հիմնուած է անցեալի փորձառութեան վրայ եւ այն վկայութիւններուն, որ այս կազմակերպութիւնը տուած է յաճախ` իր կոչումին խոր գիտակցութեամբ:

Բարոյական իր մեծ դրամագլուխով, որ այս պարագային շատ վեր կը մնայ իր նիւթական այլապէս պատկառելի գործառնութենէն, Օգնութեան խաչը նոր նուաճումներու հեռանկարով կը ներկայանայ մեզի ու կ՛ակնկալէ մեր բոլորին բոլորանուէր աջակցութիւնը` իր գլխաւոր նպատակներուն իրականացման համար:

 

Հայ Դատը
Թուրք Մամուլի Մէջ

Թրքական «Ենի Իսթանպուլ» օրաթերթը իր մարտ 19-ի թիւին մէջ հրատարակած է այն հեռագիրը, որով կը հաղորդուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Հայ դատի մասին յուշագիր մը յանձնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի:

Թուրք թերթը, յատկապէս գրգռիչ նպատակներով, լուրը կը խորագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ռուսերու լուծին տակ գտնուող հայերն ալ անկախութիւն կ՛ուզեն». առանց անդրադառնալու հեռագրի այն մասին, որ կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրին տրամադրութեանց:

Ստորեւ նոյնութեամբ կու տանք «Ենի Իսթանպուլ»-ի հեռագիրը.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐ.- Հայերու խմբակ մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն», դիմում կատարած է ՄԱԿ-ին եւ անոր օգնութիւնը ուզած, որպէսզի «Խորհրդայիններու լուծին տակ իբրեւ գերի ապրող Հայաստանի ժողովուրդը» վերստանայ իր անկախութիւնը:

Այս խմբակը երէկ յուշագիր մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Ու Թանի եւ յիշեցուց, թէ` 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրով Դաշնակիցները ընդունած են Ուիլսընի ծրագիրը, որ է անկախ Հայաստան մը` 53 հազար քառակուսի մղոն տարածութեամբ հողամաս մը:

Հայկական խմբակը Միացեալ ազգերէն պահանջած է, որ պաշտօնապէս քննէ այս խնդիրը` Սեւրի դաշնագրին տրամադրութեանց համաձայն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Եւ Լուէյզի Պարտուեցան

Յաջորդը

Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?