Մեր Մամուլը
Հայութեան Պահանջը ՄԱԿ-էն
«Մարդկային իրաւանց ուխտ» գոյութիւն ունի, նաեւ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան «Ցեղասպանութեան ուխտը», զոր ստորագրած է, իր արիւնոտ ձեռքերով, նաեւ Թուրքիան:
ՄԱԿ-ը վերջերս կ՛ուզէ ցեղասպանութեան խնդիրներուն յատուկ յանձնախումբ մը ընտրել: Կը կարծենք, թէ այս մտադրութիւնը ծագած է եղած բողոքներու եւ հարցապնդումներու պատճառով, մեծ մասամբ` ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի առթիւ, երբ համաշխարհային հանրային կարծիքը, եկեղեցիներէն սկսեալ մինչեւ կառավարական շրջանակները, ցաւի ու բողոքի ձայն բարձրացուց` դատապարտելով ցեղասպանը:
ՄԱԿ-ի ժողովներուն մէջ քանիցս Թուրքիոյ երեսին շպրտուեցաւ «ջարդերու հեղինակ» արտայայտութիւնը, 20.000 եկեղեցականներ, Ամերիկայի բոլոր եկեղեցիներէն, յուշագիր մը յղեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` հայ ժողովուրդի կրած ահռելի կոտորածին ու անիրաւութեանց առնչութեամբ եւ յայտարարեցին, որ «ամուր ու տեւական խաղաղութիւնը ժողովուրդներու միջեւ հաստատուելիք արդարութեան նախապայմանն է»:
Հետեւաբար չիք խաղաղութիւն` առանց արդարութեան: Աշխարհ չի կրնար խաղաղիլ, մինչեւ որ անիրաւուած հայ ժողովուրդը եւ բոլոր անիրաւուած ժողովուրդները չտիրանան արդարութեան: Աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները նկատի պիտի առնեն այս պարագան:
Կիպրոսի խնդրին առիթով ափրիկեան 24 ազգեր դէմ արտայայտուեցան Թուրքիոյ: Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները, բացի թուրքէն, բնական դաշնակիցներն են հայութեան, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ճաշակած են անցեալին թրքական անիրաւութիւնները:
Այս ուղղութեամբ աշխատանքներ պիտի տանին մեր Հայ դատի մարմինները, բարձր հոգեւորականութիւնը, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող ազդեցիկ հայերը, մեր նորահաս սերունդը ե՛ւ ամէն մէկ հայ` իր շրջապատին մէջ:
Մեր հայրենի հողերը ամայի են, մեր ստացուածքները` աւարի եւ աւերի ենթարկուած, մեր ժողովուրդը` իր բներկրէն հալածական, մեր դարաւոր թշնամին` անպատիժ մնացած:
Հայ ժողովուրդը պիտի ունենայ իր Նիւրենպերկը. ցեղասպանը հաշիւ պիտի տայ. աշխարհ խաղաղութիւն պիտի չտեսնէ, ցորչափ համամարդկային խղճի անձաւին մէջ դիակ մը կայ, որ պիտի տանջէ, չարչարէ մարդկութիւնը, մինչեւ որ ան տիրանայ իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն, մինչեւ որ հասնի արդարութիւնը:
Ա՛յս է, որ կը պահանջենք Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն, Մարդկային իրաւանց ուխտէն, Ամերիկաներէն մինչեւ Հայաստան, Ֆրանսայէն մինչեւ Աւստրալիա:
«Ասպարէզ»
Պէտք Է Ուժ Տալ Պատանեկան Միութեանց
Ա. Աշխարհամարտէն ետք պատանեկան միութիւններու կազմութիւնը հերթական աշխատանքը եղաւ ՀՅ դաշնակցութեան:
Շնորհիւ թափուած ջանքերուն` ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ բազմահարիւր տղաք մաս կազմեցին պատանեկան միութիւններուն, ստացան որոշ դաստիարակութիւն եւ անցան Դաշնակցութեան շարքերը:
Այսպէս է, որ Միջին Արեւելքի մէջ դաստիարակուեցան եւ պատրաստուեցան բազմահարիւր երիտասարդներ: Անոնք անցնելով գործունէութեան պատասխանատու շրջան մը` այսօր դարձած են հայաշատ այդ գաղութներուն մէջ ազգային առաջադրութիւններու ջահը իրենց ձեռքին մէջ բռնած նոր ուժեր:
Կը նշանակէ` պատանեկան միութիւններով աւելի քան երբեք հետաքրքրուելու ատենն է, առանձնապէս մեր շրջաններուն մէջ:
Պատանեկան միութեան մէջ տղաք պիտի ստանան ֆիզիքական կրթութիւն: Պիտի ստանան ազգային դաստիարակութիւն, քանի որ իրենց պիտի խօսուի մեր հին եւ նորագոյն պատմութեան ցեղակերտ դրուագներէն:
Հուսկ, պիտի խօսուի իրենց ժամանակակից ընկերային կեանքի կարեւոր խնդիրներուն մասին: Պիտի բացատրուի, թէ ինչո՛ւ հեռու մեր հայրենիքէն` կ՛ապրինք հիւրընկալ երկիրներու մէջ: Ի՞նչ պէտք է ընենք տիրանալու համար օր մը այն երկրին, որ մեր հայրենիքի մեծագոյն մասը եղաւ, եւ որ այսօր կը գտնուի թշնամիին կրունկներուն ներքեւ:
Վերջապէս, տղաքը պիտի ապրին հայկական մթնոլորտի մէջ, շփում պիտի ունենան իրենց հասակակից ընկերներուն հետ, պիտի խօսին հայերէն, պիտի կատարեն ընկերովի դաշտագնացութիւններ, հանդէսներ, դասախօսութիւններ: Միասին պիտի ըլլան յաճախ, միասին հայերէն պիտի երգեն ու ոգեւորուին ամէն ինչով, որ հայկական է:
Այսքան կարեւոր առաջադրութիւններով կազմուած են պատանեկան միութիւնները: Կենդանի դպրոցներ են` իրենց գրադարաններով, մարզարաններով, սրահներով ու հայկական մթնոլորտով:
Պատանեկան միութեան անդամ մը, հայկականութեամբ զրահուած, կոչուած է վաղուան տիպար ազգայինը դառնալու:
Իրենց զաւակներուն առողջ դաստիարակութեան եւ հայեցի դիմագիծին նախանձախնդիր ծնողներու պարտականութիւնն է օր առաջ անդամագրել զանոնք օգտաշատ այս միութեանց, վստահաբար անոնք հոն պիտի գտնեն այն, ինչ որ հայկական է ու կարեւոր` հայ պատանիի մը համար:
«Արմենիա»