Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Օրուան Փառահեղ Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.-ի եւ նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի, Պուրճ Համուտի «Սինեմա Սեւան»-ի ընդարձակ սրահին մէջ եւս, ծայրէ ծայր լեցուն հանդիսականներու ներկայութեան, շաբաթ, 26 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի օգնութեան խաչի օրուան փառահեղ տօնակատարութիւնը:
Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի բացման խօսքէն ետք կարդաց ամփոփ տեղեկագիրը Օգնութեան խաչի երկամեայ բազմարդիւն գործունէութեան:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Սայաթ Նովա» նուագախումբը, որ խանդավառ ծափերու արժանացաւ իր նուագած եղանակներով. Լեւոն Գաթրճեան եւ Վիգի Գոգոզեան, որոնք նուագախումբի ընկերակցութեամբ իրենց մեներգներով ոչ միայն երկարատեւ ծափերու արժանացան, այլեւ ընդառաջելով ներկաներուն բուռն փափաքին` դարձեալ մեներգեցին: Վարսենիկ Թրթռեան յաջողութեամբ արտասանեց Յ. Շիրազի «Պատգամ»-ը եւ Նելլի Մինասեան անգամ մը եւս խոր ապրումով արտասանեց Մ. Իշխանի «Յիշեցէք զիս»-ը եւ Համաստեղի «Հայու ոգի»-ն` բուռն ծափերու արժանանալով:
Մարի Քէշիշեան, յանուն Լիբանանի օգնութեան խաչի 18 մասնաճիւղերուն, գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց:
Այնուհետեւ, Լ. Սասունի ընդգծելէ ետք Հուրի Իփէկեանի բազմաշնորհ արժանիքները, բեմ հրաւիրեց բանախօսելու:
Հուրի Իփէկեան տպաւորիչ ճառ մը խօսեցաւ: Նախ ներկայացուց հայ կնոջ նկարագիրը եւ կոչումը` իբրեւ խաչուհի: Շեշտեց յատկապէս, թէ հայ ազգը ապահովութեան մէջ չէ, ամէն տեղ վտանգ կայ: Ապա կոչ ուղղեց յատկապէս խաչուհիներուն թէ հայ ժողովուրդը պէտք ունի ձեզի: Այս տեսակ տօնի մը արժէքը անոր մէջ է,- աւելցուց Հ. Իփէկեան-, որ կը յիշեցնէ ժողովուրդի մը սպառնացող վտանգները: Սիրեցէ՛ք հայ լեզուն ամէն բանէ առաջ, սիրեցէ՛ք ձեր ժողովուրդը, հայ եղէք, հայ մտածեցէք, որպէսզի ձեր ժողովուրդին արժանի դառնաք:
Յարգելի բանախօսուհիին ճառը խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ, որոնք երկարատեւ ծափերով գնահատեցին անոր խօսքերը:
Վեհափառ հօր օրհնութեան խօսքով վերջ գտաւ հանդէսը:
Ուխտի Օրը Անթիլիասի Մէջ
Այս տարի եւս, խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու, երէկ, կիրակի, ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած արարողութեանց:
Արդարեւ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, աւանդական հանդիսութիւններով տօնակատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վիրապամուտի տօնը, որ տարիներէ ի վեր կաթողիկոսարանի ուխտի օրը հռչակուած է:
Պատարագեց եւ քարոզեց Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս:
«Ի վերայ սրբոյ Աջոյն Լուսաւորչի հաստատեալ կայ եկեղեցին Հայաստանեայց» բնաբանով իր հոյակապ քարոզին մէջ, պատրիարք Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող տեսիլքին մարմնացումն է Հայաստանեայց եկեղեցին: Տեսիլքով է, որ կ՛ապրի մարդ: Տեսիլքը հոգեկան ճշմարտութեանց յայտնաբերումն է: Սակայն տեսիլքը չի բաւեր, պէտք է նաեւ աստուածային իմաստութիւն եւ զոհողութիւն, որպէսզի կառուցուի հոգեկան շէնքը:
Յաւարտ Ս. պատարագի կազմուեցաւ մեծահանդէս թափօր` Աջովն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ այլ սրբազան մասունքներու, եւ օրհնուեցան բազմահազար ուխտաւորները:
«Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի
Շրջանաւարտներու Միութեան
30-Ամեակի Շքեղ Հանդէսը
Երեկոյեան ժամը 5-ին, նախագահութեամբ Ս. Վրացեանի, Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուն էր հանդիսականներով, տեղի ունեցաւ «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան 30-ամեակի շքեղ հանդէսը:
Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեանի բացման խօսքէն ետք յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Ճեմարանի երգչախումբին կողմէ խմբերգուած Ճեմարանի քայլերգը` ղեկավարութեամբ Գ. Գանտահարեանի:
Յայտագրին գործադրութիւնը կատարուեցաւ ճեմարանաւարտներու կողմէ: Դաշնակի վրայ երկու կտոր նուագեց Եւա Տերվիշեան:
Նոր սերունդի գրողներէն Շաղիկ Փափազեանի եւ Գ. Պըլտեանի հեղինակութիւններէն արտասանեց Սեդա Ունճեան:
Առաջին բանախօս Յարութիւն Քիւրքճեան ներկայացուց Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան 30-ամեայ գործունէութիւնը: Շանթի եւ Աղբալեանի շունչով ստեղծուած ճեմարանի մէջ, եզրակացուց Յ. Քիւրքճեան, Ճեմարանի Շրջանային միութիւնը կ՛ապրի իր ներկան, չէ հասած իր եզրակացութեան, ունի իր կատարելիք դերը նաեւ ապագային:
Երկրորդ բանախօս Մ. Իշխան խօսեցաւ միութեան կոչումին մասին:
«Տարեդարձի տօնակատարութիւն մըն է,- ըսաւ Մ. Իշխան,- կը տօնենք այսօր:
«Հաւաքական ուրախութեան օր մըն է այսօր: Ուրախ է մայր հաստատութիւնը, ուրախ են ճեմարանաւարտները` ցրուած ի սփիւռս աշխարհի, եւ ուրախ է նաեւ հայ ժողովուրդը:
«Ճեմարանաւարտները հայ կեանքին տարին շունչ մը, ոգի մը, որ Ճեմարանինն էր, Շանթինն էր, Աղբալեանինը:
«Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը շարունակութիւնն է ճեմարանին, անոր գաղափարները իրագործողն է կեանքի մէջ: Մշակութային միութիւն մը չէ, քաղաքական կազմակերպութիւն ալ չէ, ոչ ալ` բարեսիրական միութիւն մը: Կազմուած երիտասարդներէ` իր կոչումն է ծառայել հայ ժողովուրդին, ծառայել հայ մշակոյթին, որ զարգանայ ու տարածուի. ծառայել Ճեմարանի գոյութեան եւ յարատեւութեան:
Ճեմարանի շրջանաւարտներէն 90 առ հարիւրը ազգային գործունէութեան մէջ են, ամէն տեղ ճեմարանցի կայ:
Սակայն կայ երկրորդ կէտը: Ճեմարանի գոյութեան հիմնաւորման նիւթական եւ բարոյական գոյութեան սատար ըլլալու գործը, որուն Շրջանաւարտից միութիւնը տակաւին չէ լծուած: Այս երեկոյ կը մաղթեմ, որ ասկէ ետք, Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը Ճեմարանի գոյութեան, զարգացման եւ նիւթական ապահովութեան շրջան մը բոլորէ»:
Վերջին խօսքը տրուեցաւ Հուրի Իփէկեանին:
«30 տարուան միութիւն մըն ենք,- ըսաւ Հ. Իփէկեան,- արդէն բացականեր ունինք, որոնք յաւէտ բաժնուած են մեզմէ», եւ խնդրեց, որ պահ մը յոտնկայս յարգուի անոնց յիշատակը:
Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը պէտք է իր առաւելագոյնը տայ: Անցեալը կը պատկանի պատմութեան: Ներկան կը պատկանի մեզի: Ապագան մեր ձեռքերուն մէջ է: Այնպէս գործենք, որ ապահովենք նոր ապագայ մը:
30-ամեակի սեմին ուխտենք, որ այսուհետեւ մեր նպատակը պիտի դարձնենք կենդանի ներկայութիւն մը հանրանուէր բոլոր մարզերէն ներս:
Տոքթ. Եագուպեանի փակման խօսքով վերջ գտաւ հանդէսը: