Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 20, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Բարերար Կը Փնտռուի…

Ազգային ու կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններ ունինք, որոնք հանրային կարեւոր դերի մը կոչուած են, եւ որոնք սակայն չեն կրնար լիովին արժեւորել իրենց ճիգերն ու հնարաւորութիւնները ա՛յն գլխաւոր, եւ յաճախ` միա՛կ պատճառով, որ նիւթական տագնապի մէջ են:

Բարգաւաճ հայութիւն` գրեթէ ամէնուրեք եւ ազգային անբարգաւաճ հաստատութիւններ` աստ եւ անդ: Անբնականոն երեւոյթ մը ահա, որ հիմնովին անյարիր է մեր ազգային արժանապատուութեան:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն ուրեմն հայութեան նիւթական նուաճումները, եթէ ազգապահպանման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը հաստատութիւններ, զանազան գաղութներու մէջ, նիւթական անապահով վիճակի մէջ պիտի մնան` գրեթէ ամլութեան դատապարտուելով:

Ինչո՞ւ չենք անդրադառնար վերջապէս, որ այն հսկայական հարստութիւնները, որոնք յարաճուն կերպով ձեռք կը բերուին հայ մարդուն ճակտի արդար քրտինքին եւ հայ տաղանդին շնորհիւ, դատապարտուած են օր մը վերստին  փոշիանալու, ինչպէս որ պատահեցաւ անցեալին` հնդկահայ, կովկասահայ եւ պոլսահայ գաղութներուն մէջ:

Եւ ի՞նչ մնաց շէն ու բարգաւաճ այդ գաղութներուն մէջ հայ մարդուն ձեռքով դիզուած բազմահարիւր միլիոններէն: Ունեւորնե՜ր, որոնք իրենց հարստութեամբ հրաշքներ կրնային գործել հայ կեանքին մէջ, որոնք մեծապէս կրնային սատարել մեր կրթական ու մշակութային կեանքին զարգացման, բայց մասնաւորաբար հայ յեղափոխական շարժման ծաւալման ու արդիւնաւորման, հեռու մնացին հայ կեանքէն ու ընդհանրական մտահոգութիւններէն եւ այսօր անոնց անունն իսկ չի կարդացուիր մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ:

Մինչ ուրիշ մեծահարուստներ` ազնիւ սրտի եւ ազգային բարձր գիտակցութեան տէր մարդիկ, իմաստութիւնը ունեցան իրենց նիւթական բարիքները բարոյական արժէքի փոխակերպելու, իրենց հարստութենէն կարեւոր մաս մը յատկացուցին ազգային բարենպատակ ձեռնարկներու, արժեւորեցին թէ՛ իրենց հարստութիւնը եւ թէ՛ իրենց անձը` արժանանալով գալոց սերունդներու եւ բովանդակ հայութեան երախտագիտութեան` իբրեւ հայ եւ իբրեւ բարերար:

Այսօր սրբութեամբ կը պահուի եւ արժանաւորապէս կը յարգուի, օրինակ, նուիրական յիշատակը Ռափայէլեաններու, Լազարեաններու, Սանասարեաններու եւ բազում ուրիշներու, որոնք գիտցան նիւթեղէն իրենց հարստութիւնը ոգեղէն արժէքի վերածել` անմոռանալի ծառայութիւն մը մատուցելով զիրենք ծնող ժողովուրդին եւ յաւերժանալով հայոց պատմութեան մէջ:

Արտասահմանի մէջ եւս, մանաւանդ` վերջին 20-ամեակին, ունեւոր բազմաթիւ հայեր, գիտակից իրենց հայու կոչումին, ազգային բարերարի փառապսակին արժանացան, նիւթական իշխանավայել նուիրատուութիւններու ճամբով արժեւորելով իրենց հարստութիւնն ու անձը եւ պատիւ բերելով հայութեան:

Սակայն անհատական մասնակի ճիգերը բաւական չեն: Բաւական չեն, երբ մանաւանդ նկատի ունենանք մեր ազգային ընդհանրական կարիքները եւ այն լայն հնարաւորութիւնները, զորս ունի հայ ունեւոր դասակարգը հայահոծ գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ:

Ատենն է, որ հայ դրամագլուխը ի սպաս դրուի ազգային ընդհանրական նպատակներու: Անհրաժեշտ է, որ հայ ունեւոր դասակարգը գործակցի հայ ազգային ղեկավարութեան հետ, կատարէ իրեն վերապահուած պատմական դերը հայ կեանքի մէջ եւ զոհաբերէ, որպէսզի ազգապահպանման գործը, ազգային ու կրթական մեր բազմաճիւղ ու բազմակարօտ գործունէութիւնը առաւելագոյնս արդիւնաւորուի:

Հրամայական պահանջ է, ազգային գերագոյն շահերու լոյսին տակ, որ հայ դրամագլուխը ի սպաս դրուի ազգապահպանման սրբազան գործին եւ Հայ դատին:

Հայ դրամագլուխը, որ այնքան պիտանի ուժեր կը կլանէ մեզմէ, պէտք է դադրի այլեւս զուտ անհատական մեր բարօրութեան ծառայելէ, պէտք է թօթափէ իր ապազգային նկարագիրը եւ վերածուի առաջատար ազդակի` համահայկական չափանիշով համազգային նպատակներու կենսագործման ի խնդիր:

Գաղութէ գաղութ մեր ազգային ու կրթական հաստատութեանց բարւոք մատակարարումը, նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը, հայ մշակոյթի եւ հայ գրականութեան զարգացումը, իբրեւ մեր ազգային գոյութեան ու գոյատեւման հիմնախարիսխը, հսկայական գումարներու կը կարօտին:

Այս բոլորը յաջողութեամբ գլուխ հանելու համար ո՛չ պետութիւն ունինք եւ ո՛չ ալ նիւթական մնայուն աղբիւրներ: Այս բոլորը գլուխ կը հանուին հաւաքական զոհաբերութիւններով եւ համադրեալ ճիգերով:

Այս տեսակէտէն առանձնապէս մեծ դեր վերապահուած է հայ ունեւոր դասակարգին թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ մանաւանդ նիւթական զոհաբերութեան իմաստով:

Ազգը բարոյական իրաւո՛ւնքը ունի առաւելագոյն զոհողութիւնները պահանջելու իր այն զաւակներէն, որոնց հանդէպ բախտը աւելի շռայլ եղած է:

Ազգին ու ազգային հաստատութիւններուն բարերարութիւն ընելը կ՛իյնայ ամէնէն առաջ բախտէն բարերարեալներուն: Շատ ունեցողէն է, որ շատ կը պահանջուի եւ արդարօրէ՛ն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայաստանի Ահաւոր Երկրաշարժը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?