Քոչինեանի Ելոյթը 23-րդ Համագումարին
Ամբողջ Աշխարհ Ծանօթ Է
Հայ Գիտնականներուն Արժէքին
«Յարաճուն Թիւով Հայեր Հայրենիք Կը Ներգաղթեն»
ՄՈՍԿՈՒԱ, 31 (ԱՖՓ).- Խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան 23-րդ համագումարին, այս առտու, առաջին խօսք առնողը եղաւ Հայաստանի կոմկուսի առաջին քարտուղար Անտոն Երուանդովիչ Քոչինեան, որ զեկուցում տուաւ երկու համագումարներու միջեւ երկարող շրջանին հայկական կոմկուսի գործունէութեան մասին:
Խօսելով յանուն հայ համայնավարներուն` ամբողջովին համեմատութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան տեղեկագրին, որ կարդացուեցաւ Լէոնիտ Պրեժնեւի կողմէ:
«Խորհրդային Հայաստանը, իր տնտեսական յառաջդիմութեամբ, ներկայիս շատ առաջ է Արեւմտեան Եւրոպայի շատ զարգացած բազմաթիւ երկիրներէն: Թեքնիք օժանդակութիւն կ՛ընծայենք տնտեսական զարգացումի մէջ եղող բազմաթիւ նոր պետութիւններու, ու մեր գիտնականներուն, աստղագէտներուն, բնագէտներուն եւ մաթեմաթիկոսներուն արժէքը ճանչցուած է համայն աշխարհի մէջ», յայտարարեց Քոչինեան:
Հայ համայնավար ղեկավարը երկարօրէն կանգ առաւ Հայաստանի մէջ խորհրդային հնգամեայ ծրագրին գոհացուցիչ արդիւնքներուն վրայ: Յայտնեց յայտկապէս, թէ այս շրջանին ճարտարարուեստական արտադրութեան ծարաւը 90 առ հարիւր աւելցած է, իսկ հանրապետութեան ազգային եկամուտը` 86 առ հարիւր բարձրացած:
«Բազմահազար հայ գաղթականներ, որոնք զանազան պատճառներով արտասահման կը մնային, վերջին տարիներուն իրենց մայր հայրենիքը վերադարձան: Դարձան խորհրդային քաղաքացի` վայելելով ամէն իրաւունք եւ գործօն կերպով կը մասնակցին Հայաստանի մէջ համայնավարութեան կառուցումին», ըսաւ Քոչինեան, որ ուրախութեամբ նշեց, թէ հետզհետէ մեծ թիւով հայ գաղթականներ իրենց երկիրը կը վերադառնան»:
Հայ Կեանք
Փառաշուք Հանդիսութիւններ Տիթրոյիթի Մէջ
Հարիւր Երիտասարդներ Կը Միանան
ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Տիթրոյիթի մէջ աննախընթաց բազմութիւն մը ոգեւորութեամբ ու հաւատքով պանծացուցած է ՀՅ Դաշնակցութեան եօթնասունհինգամեակին նուիրուած փառատօնը:
Աւելի քան յիսուն տարիներու տքնութեան, անսահման զոհողութեան, յարատեւ, անսակարկ գործունէութեան պանծացում մը եղած է նաեւ ՀՕ Միութեան տօնախմբութիւնը:
Մասնաւորաբար, գերազանց երեւոյթ մը եղած է Հ. Ե. Դաշնակցութեան նուիրուած փառաւոր հանդէսը Հայ կեդրոնի ընդարձակ սրահներուն մէջ:
Բացման խօսքը ըրած է Աբիկեան:
Յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի կոմիտէի` գեղեցիկ ճառ մը խօսած է Ա. Կիրակոսեան:
Յանուն ՀԵ Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան` ողջոյնի խօսք ուղղած է Ճիմի Թաշճեան:
Գործադրուած է ճոխ յայտագիր մը:
Հանդէսին ամէնէն յուզիչ պատկերը ներկայացուցած է հարիւր երկսեռ երիտասարդներու երդման արարողութիւնը:
Ժողովրդային բուռն բացագանչութիւններու տարափին տակ, կարգապահութեամբ բեմ բարձրացած են անոնք եւ բոլորակ կազմած` Նժդեհի նկարին շուրջ:
Աջ ձեռքերնին դրած իրենց կուրծքերուն վրայ, Կիրակոսեանի արտասանած երդման ուխտը հատիկ-հատիկ կրկնելով, հպարտութեամբ «Մուրատ-Զաւարեան» եւ «Քրիստափոր» ուխտերուն: Հանդիսականները ուրախութեան արցունքներով հետեւած են այս տպաւորիչ արարողութեան:
Յիշատակելի այս հանդէսը վերջ գտած է «Յառաջ նահատակ» խմբերգով»:
