Հայրապետական Կոնդակ
Խորէն ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի եւ անհասանելի կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս եպիսկոպոսապետ եւ կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, թեմակալ սրբազան առաջնորդաց, արքեպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսաց, վարդապետաց եւ քահանայից, ազգային ընդհանուր ժողովոյ եւ կեդրոնական վարչութեան, երեսփոխանական, պատգամաւորական, գաւառական եւ թեմական ժողովոյ, թաղականութեանց եւ հոգաբարձութեանց եւ համօրէն հաւատացեալ ժողովրդեան մերոյ հայկազնեան ցեղի, որ ի սփիւռս աշխարհի, քրիստոսաւանդ սիրոյ եւ հայրապետական ողջոյն ի մէնջ եւ օրհնութիւն յաջոյ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին. խաղաղութիւն Հօր Աստուծոյ, սէր Որդւոյ միածնի եւ շնորհք Հոգւոյն Սրբոյ եղիցին ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն:
Եկեղեցիներու եւ ազգերու պատմութեան մէջ կան դէպքեր, որոնց արժէքն ու ազդեցութիւնը կը տարածուին դարերու վրայ: Այդպիսի դէպքերու շղթային մէկ օղակն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի պատմութեան մէջ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն առաջին տպագրութիւնը, որ կատարուեցաւ համեստ պայմաններու եւ աննշմար պարագաներու ներքեւ, հայրենի հողէն հեռու, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ, 1666 թուականին:
Փրկչական ներկայ տարին 300-ամեակն է նշանակալից այս դէպքին:
Այսու հայրապետական Մեր կոնդակաւ հայրական քաղցր պարտականութիւն կը նկատենք պատմական այս մեծ դէպքին վրայ հրաւիրելու հաւատացեալ մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը եւ անոր իմաստն ու արժէքը եւ ազդեցութիւնը վերապրեցնելու մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն ներկայի կեանքին մէջ:
Գործէն առաջ, սակայն, Մեր միտքը կ՛երթայ գործողին` Ոսկան վարդապետին: Ծագումով սպահանցի այս համեստ հոգեւորականը, Հայց. եկեղեցւոյ ԺԷ. դարու վերազարթօնքի յոյսերով եւ տեսիլքներով համագրաւուած, հոգեւոր եւ մտաւոր լոյսի ծարաւ եւ ազգային նախանձախնդրութեամբ վառուած Աստուծոյ այս ծառան, Ս. Էջմիածնէն ուղեւորուեցաւ դէպի Եւրոպա` տպագրելու համար Աստուածաշունչ մատեանը, զայն իր ժողովուրդին մէջ տարածելու յստակ եւ վճռակամ առաջադրութեամբ: Խորապէս հաւատացած էր, որ հայացած Ս. Գիրքը հայ ժողովուրդին գերագոյն հարստութիւնը եւ անկողոպտելի գանձը պիտի ըլլար. գանձ մը արդարեւ, զոր «ոչ ցեց եւ ոչ ուտիճ ապականեն, եւ ոչ գողքական հատանեն եւ գողանան» (ՄՏԹ. Զ. 20):
Ե. դարուն կատարուած հայերէն թարգմանութենէն ասդին, դարեր շարունակ, Աստուածաշունչը եղած էր հայ ժողովուրդին համար «աղբիւր գիտութեան Աստուծոյ», ուրկէ ըմպած էր ան իր կեանքի ուժն ու անմահութեան «կենդանի ջուրը»: Հայ ժողովուրդը, իր ընտրելագոյն սերունդին, Ս. Վարդանանց բերնով հռչակած էր Ս. Աւետարանը որպէս իր հայրը` «Քանզի հայր մեր զՍուրբ Աւետարանն գիտեմք»: Հայ եկեղեցւոյ մէջ անլռելի ձայնով հնչած էին Ս. Գրոց աստուածախօս բառերը: Հայ դպրոցներու մէջ դասագիրք էր դարձած ան, ուրկէ հայ մանուկն ու պատանին իրենց հոգեկան ու բարոյական կազմաւորման հիմնական տարրերն էին քաղած: Հայ թագաւորներու եւ իշխաններու, թագուհիներու եւ իշխանուհիներու մագաղաթեայ մեծագին զարդն էր ան` գրչագրուած եւ ծաղկուած հայ գրիչներու եւ մանրանկարիչներու նրբարուեստ փետուրներով եւ վրձիններով: Հայ տուներէն ներս աստուածային ներկայութիւնը զգացնող սրբագոյն գիրքն էր ան` շղարշներով ծրարուած եւ մոմերու տմոյն լոյսով խորհրդաւորուած:
Այս բոլոր իրողութեանց քաջածանօթ եւ այս բոլորի արժէքին սերտօրէն հաղորդ` Ոսկան վարդապետ իր մարդկային ուժերուն եւ կարելիութեանց գերագոյն աստիճանովը ջանաց ընդհանրացնել Աստուածաշունչի ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, մտերմացնել հայ մարդն ու Աստուծոյ խօսքը, ձեռագիրներու հազուագիւտ հանգամանքէն եւ անմատչելիութեան պայմաններէն ձերբազատել Ս. Գիրքը եւ զայն դնել ձեռքերուն մէջ անոնց, որոնց սիրտերուն ու միտքերուն էր ուղղուած ան, իր աստուածաշնչեալ բովանդակութեամբ:
Խո՛ր է, հետեւաբար, հայ ժողովուրդին յարգանքը երախտարժան վարդապետին, որ իր կեանքի ընթացքին քալեց տառապանքի ճամբով, անցաւ դժուարութիւններու ընդմէջէն առանց սակայն ընկրկելու եւ յուսաբեկուելու, եւ իր բոլոր ճիգերն ու ջանքերը պսակուեցան յաջողութեամբ:
Գիտական եւ քննական մօտեցումով, մարդիկ շատ թերութիւններ թերեւս կարենան գտնել Աստուածաշունչի առաջին այս հրատարակութեան մէջ: Բայց ոչ ոք կրնայ ուրանալ մեծ արժէքը այս հսկայ եւ հոյակապ գործին` ժողովրդականացումը Ս. Գիրքին` հայ ազգի կեանքին մէջ: Եւ այսօր, ողջ հայութիւնը պէտք է խոնարհի յոգնաջան մեծ վարդապետի յիշատակին առջեւ եւ իր արդար ու արժանի յարգանքը ընծայէ անոր անձին եւ անոր ապրող գործին:
Թող յաւէտ օրհնեալ ըլլայ եւ ընդմիշտ կենդանի մնայ իր անմեռ յիշատակը մեր ժողովուրդի գիտակցութեանը մէջ:
Յարգանքի եւ օրհնութեան այս խօսքերէն անդին, մեր միտքը կը հայի դէպի այն գաղափարը, որ Ոսկան վարդապետի գործին մղիչ ուժն էր, եւ որ կը մնայ իրմէ որպէս պատգամ մեր սիրեցեալ ժողովուրդին:
Ս. Գիրքը պէ՛տք է պահել իր արժանի բարձրութեան վրայ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Այն վճռական դերը եւ այն բարերար ազդեցութիւնը, զորս ան ունեցաւ անցեալին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անհրաժեշտ է, որ ունենայ ներկայիս եւս: Սփիւռքահայ մեր կեանքի այժմու պայմաններուն մէջ, ուր այնքան այլասերող ուժեր կը ներգործեն եւ խորթ ձայներ կը լսուին, որքա՜ն կարեւոր է Աստուծոյ խօսքին մաքրողական շեշտը եւ անոր կենսատու զօրութիւնը: Հազար ու մէկ գիրք կարելի է ունենալ, եւ հարկ է ունենալ, բայց «գիրքերուն գիրքը»` Աստուածաշունչ մատեանը պէտք է ըլլայ առաջի՛ն գիրքը բոլոր հայ ընտանիքներէն ներս:
Այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, հարկ է մտածել Ս. Գրոց ընտիր հայերէն աշխարհաբար թարգմանութեան մը մասին: Կան անշուշտ ամբողջական կամ մասնակի թարգմանութիւններ` առաւել կամ նուազ արժանիքներով: Բայց անոնք բաւարար չեն լիովին գոհացնելու Հայց. եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կարիքները: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին ի՛նք ծրագրէ եւ իրականացնէ ընտրելագոյն թարգմանութիւն մը: Եւ ասիկա խոր բաղձանքներէն մէկն է մեր ժողովուրդին: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան Գ. դարադարձը սքանչելի պատեհութիւն մըն է ազգովին մեզ մղելու այս գաղափարին լրիւ իրականացման, որ կրնայ նոր թուական մը բանալ մեր պատմութեան մէջ: Ոսկան վարդապետի յիշատակը յարգել իր ամբողջական իմաստին մէջ կը նշանակէ շարունակել հայերէն Ս. Գրոց տարածման սրբազան գործը: Ոսկան վարդապետ երեքհարիւրամեայ իր յիշատակին մէջէն մեզ կը հրաւիրէ նոր ու նուիրական պարտականութիւններու:
Ուստի, կը պատուիրենք մեր թեմակալ առաջնորդաց, գերաշնորհ արքեպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ վարդապետաց եւ մաքրակրօն քահանայից եւ թեմական ազգային իշխանութեանց եւ պատուարժան վարչութեանց եւ համօրէն զաւակաց մերոց հարազատից, փառաշուք հանդիսութիւններով տօնակատարել հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան 300-ամեակը եւ կարեւորութեամբ նշել անոր ազգային ու եկեղեցական բարձր նշանակութիւնը:
Առ այս կը հրահանգենք.
ա.- Ներկայ տարւոյս ընթացքին հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագներ մատուցել եւ արժանավայել շուքով ոգեկոչել յաւէտ օրհնեալ յիշատակը հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրիչ-հրատարակիչ Ոսկան վարդապետին:
բ.- Կազմակերպել աշխարհիկ հանդիսութիւններ` հրաւիրելով հայ եւ օտար գիտնականներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ եւ մեր ժողովուրդին մէջ վերակենդանացնել խոր գիտակցութիւնը Ս. Գրոց արժէքին նկատմամբ:
գ.- Յատուկ ուսումնասիրութիւններով եւ դասախօսութիւններով մերազն ժողովրդեան ներկայացնել Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ տպագրութեան անցեալի բոլոր դէպքերն ու երեւոյթները. հոգեկան նոր ուժ ու կենսունակութիւն ներշնչել մեր ժողովուրդին, որ անայլայլ ու հաւատարիմ մնայ Աստուածաշունչի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնք մեր տոկունութեան ու անկորնչելիութեան գաղտնի ուժը ունին իրենց մէջ:
Անցեալին մեր ժողովուրդը խորապէս հաւատաց, թէ «Ճրագ է բան քո ոտից իմոց եւ լոյս տայ շաւղաց իմոց» (ՍՂՄ. ՃԺԷ. 105), եւ հայը քալեց աստուածային իմաստութեան այդ լոյսով, քալեց յաւերժութեան տեսիլքով:
Քալէ՛ նաեւ այժմ դուն, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, քալէ՛ նոյն ճրագին պայծառ լոյսովը, քալէ՛ նոյն իմաստութեան անշեղ ուղիներովը, քալէ՛ նոյն տեսիլքէն կեանք առնող սրտիդ զարկերովը: Հաւատքիդ ուժը քեզ պիտի պահէ կենսառողջ եւ ստեղծագործ: Թող հոգիիդ մէջ մշտարծարծ մնայ հայու բոցավառ հաւատքդ, որմէ կայծ մը առաւ Ոսկան վարդապետ եւ ծնունդ տուաւ հայատիպ Աստուածաշունչին:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն:
ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Որ յԱնթիլիաս-Լիբանան
Ի Դուռն Մայր Տաճարիս Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի
Ի 20-ն մարտի 1966 թուին Քրիստոսի
Ի թուին հայոց ՌՆԺԵ եւ
Ընդ Համարու Վ/ԻԳ