Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 14, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Գործակցութիւն

(Հայ Միտքին Եւ Հայ Դրամագլուխին Միջեւ)

Անհերքելի փաստ է, որ ունեւորներու հսկայական բանակ մը ունինք գաղթաշխարհին մէջ: Հայ քաղքենի դասակարգը հետզհետէ կը զարգանայ ու կը մեծնայ: Հայ մարդուն դրամագլուխը հսկայական համեմատութիւններու կը հասնի:

Ծաղկեալ ու բարգաւաճ գաղութներ ունինք, որոնք կրնան ստուերի մէջ ձգել երբեմնի հնդկահայ, կովկասահայ եւ պոլսահայ գաղութները:

Այսուհանդերձ, պատմութիւնը կը կրկնուի կարծես: Հայ ունեւոր դասակարգը, ինչպէս անցեալին` վերոյիշեալ գաղութներուն մէջ, առհասարակ հեռու կը մնայ հայ կեանքէն:

Չ՛ապրիր հայ ժողովուրդի ընդհանրական մտահոգութիւններով, հասարակաց տագնապներով: Գործօն մասնակցութիւն չունի հայ ազգային կեանքի զարգացման ու բարգաւաճման:

Հետեւաբար անհատական գետնի վրայ գերազանցօրէն դրական այս երեւոյթը ոչ միայն համապատասխան դրական հետեւանքներ չ՛ունենար հայ կեանքի մէջ, այլեւ կարծես աստիճանաբար բացասաբար կ՛անդրադառնայ հայ իրականութեան վրայ:

Բացասաբար ա՛յն իմաստով, որ հարստացումը հետզհետէ դէպի ուծացում ու այլասերում կ՛առաջնորդէ մեր լաւագոյն տարրերը յաճախ, որոնք ոչ միայն բարիք մը չեն դառնար հայ ժողովուրդին համար, այլեւ կ՛երթան շէնցնելու բացառապէս օտարին տունը:

Դժբախտութիւնը հոն է դեռ, որ օտար միջավայրի, միջազգային ասպարէզի մէջ հայ ունեւոր դասակարգը դեր չի կատարեր, արժէք չի դառնար, այլ աստիճանաբար կը հալի ու կ՛անհետանայ` առանց դոյզն հետք իսկ ձգելու իր ետին:

Արդարեւ, ի՞նչ մնաց երբեմնի հնդկահայ, կովկասահայ եւ պոլսահայ մեր բարգաւաճ ու նիւթապէս նախանձելի գագաթներու հասած մեր գաղութներէն: Գրեթէ ոչինչ: Բացարձակապէս ոչինչ: Բացի քանի մը բարի անունէ…

Հայ մարդը իր տաղանդը ու անգնահատելի ձիրքերը ի սպաս դրաւ հսկայական դրամագլուխներու կուտակման, սատարեց օտար երկիրներու տնտեսական զարգացման ու բարգաւաճման, անհատական բարեկեցիկ կեանք ապահովեց եւ այնուհետեւ փոշիացաւ իր ստեղծած նիւթական անհատնում միջոցներուն հետ, որոնք յաճախ օտարներուն բաժին ինկան…

Ի՞նչ պիտի մնայ վաղը մեզմէ, մեր կուտակած անբաւ հարստութենէն ու ճոխութենէն, եթէ ոչ` տխուր յիշատակ մը միայն, ցաւագին ափսոսանք, ինչպէս որ պատահեցաւ Հնդկաստանի, Կովկասի, Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու մէջ:

Ժամանակն է, եթէ դեռ ուշ չէ արդէն, որ անդրադառնանք: Ժամանակն է, որ զգաստանանք եւ խուսափինք անցեալի մեր աղետալի սխալները կրկնելէ:

Ժամանակն է, որ հայ քաղքենի դասակարգը ստանձնէ իր պատմական դերը, ազգայնանայ, հայանայ եւ ապրի հայ կեանքով, հայկական մտահոգութիւններով, հայու մեր ներքին տագնապներով ու ձգտումներով:

Անհրաժեշտ է, որ հայ դրամագլուխը, հնարաւոր բոլոր միջոցներով ու ձեւերով, ի սպաս դրուի ազգային-հաւաքական նպատակներու, արժեւորուի ազգային իմաստով եւ սատարէ հայ կեանքի բազմակողմանի զարգացման, բարգաւաճման, ազգապահպանման նուիրական գործի բեղմնաւորման:

Անհրաժեշտ է, որ հայ ունեւոր դասակարգը, հայ դրամագլուխը սերտօրէն գործակցի հայ մտքին, հայ քաղաքական մտքին հետ մասնաւորաբար:

Այս գործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի առանձնապէս Հայ դատի հետապնդման, հայ մշակոյթի զարգացման, ազգային ու կրթական կեանքի բազմակողմանի ուռճացման ու ամրապնդման համար:

Նոյն այս գործակցութեան մէջ պէտք է որոնել մեր հաւաքական գոյութեան ամէնէն ամուր պատուանդաններէն մէկը:

Այս կը թելադրէ հայ ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերու գիտակցութիւնը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Զօրակցինք Արցախին»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?