Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1966)

Մարտ 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Դատի Արծարծման Առթիւ

 Թուրք Մամուլը
Խռովքի Մատնուած Է

«Թուրք Հողերուն Վրայ Հայաստան Կ՛ուզեն Հիմնել»,
Կը Գանգատի «Ագշամ» –
«
Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Խնդիր Չկայ»,
Կ՛ըսէ Ատալեթի Փոխնախագահը –
«
Պէտք Եղած Ատեն Պէտք Եղած Պատասխանը
Կրնանք Տալ», Կը Ձայնակցի
Արտաքին Գործավարութեան Բանբերը

Թուրք մամուլը, հարազատ թարգմանը թուրք վարիչներու մտայնութեան, անհանգիստ վիճակ մը կը պարզէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով խումբ մը անձնաւորութիւններ յանդգնա՜ծ են Հայ դատը ներկայացնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` պահանջելով, որ միջազգային կազմակերպութիւնը վերահաստատէ 2500 տարուան անցեալ ունեցող ազգի մը անկախութիւնը` Սեւրի դաշնագրին տրամադրութեանց համաձայն:

«Հայերը ՄԱԿ-ին դիմեցին, թուրք հողերուն վրայ կ՛ուզեն Հայաստան հիմնել» զոյգ խորագիրներու տակ «Ագշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ յուշագրի յանձնումին լուրը, հրատարակելով նաեւ քարտէս մը` «Մեծ Հայաստան» անունով:

Թուրք թերթը կ՛արտատպէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» գործակալութեան լուրը, որ տրուած է ՄԱԿ-ի կեդրոնէն, եւ որուն մէջ կ՛ըսուի.

ՄԱԿ-ի խօսնակներէն մէկը հաղորդեց, թէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի պաշտօնատեղիին մէջ շահագրգիռ անձնաւորութիւն մը ստացած է ՄԱԿ-ին յանձնելի յուշագիր մը Հայաստանի մասին:

Յուշագիրը կը պահանջէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն` օժանդակել վերակազմութեանը անկախ Հայաստանի մը` Խորհրդային Միութենէն եւ Թուրքիայէն կցել հողամասերու վրայ:

Խմբակ մը, որ ինքզինք կ՛անուանէ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն» եւ իբրեւ հասցէ` ցոյց կու տայ վայր մը Նիւ Եորքի մէջ, հինգշաբթի մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց յուշագրին մասին: Այս հաղորդագրութեան առնչութեամբ հարցապնդուելով` ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ պաշտօնատարը հետեւեալ տեղեկութիւնները տուաւ ներկայ լրագրողներուն:

«Այս խմբակին մաս կազմող չորս անձերը երէկ կէսօրէ ետք եկան ընդհանուր քարտուղարութեան դիւանը ու տեղւոյն պաշտօնատարներէն Ռոպին Միլլըրի այցելելով, յուշագիր մը տուին` կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին յանձնելի:

«Բնական եւ պատահական բան մըն է, միւս կողմէ, նման պատուիրակութիւններու այցելութիւնը եւ այլազան բնոյթով յուշագրերու յանձնումը: Հետագային գրաւոր կերպով եւ պաշտօնապէս կը հաղորդուի իրենց` այդ գրութեան ստացումը, ըստ կանոնի»:

Ռոպին Միլլըր, որ նորզելանտացի է, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ ունի գործադիր գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը:

Խօսնակը այս առթիւ յայտարարեց նաեւ, թէ յուշագիրը արխիւի մէջ պիտի դրուի եւ դուրսէն որեւէ մէկուն բացարձակապէս ցոյց պիտի չտրուի:

Յիշեալ պաշտօնատարը խուսափեցաւ նաեւ որեւէ յայտարարութիւն ընելէ` այդ յուշագրին բովանդակութեան մասին: Այսուհանդերձ, մեկնելով հրատարակուած մամլոյ հաղորդագրութենէն, կարելի է եզրակացնել, թէ այդ յուշագիրը կը խօսի «Հայաստանի կառավարութեան անկախութեան վերահաստատման ի խնդիր` պատմական եւ իրաւական հիմերու եւ այդ հանգամանքներուն իրաւական ժառանգորդները հանդիսանալու» մասին:

«Ագշամ» երեք սիւնակի վրայ հրատարակած քարտէսին տակ կը գրէ. «Հայերու կողմէ ցրուած վերի քարտէսին մէջ կը տեսնուի, թէ ինչպէս կ՛ուզեն բաժնել Թուրքիան: Ճերմակ մասերը ցոյց կու տան այն հողերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի կողմէ սահմանուած են հայերուն` ենթադրեալ հայկական պետութեան համար»:

Անգարայի Հակազդեցութիւնը

ԱՆԳԱՐԱ.- Անգարայի քաղաքական շրջանակները «ծիծաղելի» որակեցին չորս հայերու` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի կատարած դիմումը` թրքական եւ ռուսական հողերուն վրայ հայկական պետութիւն մը հիմնելու մասին: Արտաքին գործավարութեան բանբեր Օքթայ Իշչեն շեշտելով, որ խնդիրը գործակալութեանց լուրերուն մէջ կարդացած է, ըսաւ. «Ամէն ոք իր ուզած խնդրին մասին կրնայ դիմել Ու Թանի: Ասոնց պէտք եղած ատենը պէտք եղած պատասխանը կարելի է տալ»:

«Հանդարտ Ձգեցէք Թուրք Հայրենակիցները»

Պոլսոյ «Ժուռնալ տ՛Օրիան» ֆրանսատառ թերթը կիրակիի իր թիւին մէջ կը գրէ.

Հեռագիրներէն տեղեկացանք, որ «խումբ մը հայեր, որոնք իրենք զիրենք յորջորջած են «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն» (անտարակոյս` Խորհրդային Հայաստանի պատուիրակութիւն) որոշած են Ու Թանէ պահանջել ազատութիւնը իր բնակչութեան, որ իբրեւ «գերի ազգ» կ՛ապրի Խորհրդային Միութեան մէջ:

Ասիկա զիրենք կը շահագրգռէ:

Ինչ որ զիրենք չի շահագրգռեր, ատիկա թուրք հայերը այս պատմութեան մէջ խառնել եւ անոնց համար «խնդիրը Սեւրի դաշնագրին լոյսին տակ քննելու» պահանջն է:

Բոլոր անոնք, որ իրենք զիրենք թուրք չեն նկատեր, կրնան երթալ, բայց, անոնք, որ իրենք զիրենք թուրք կը նկատեն, պէտք է հանդարտ ձգուին: Ոչ մէկ օտար իրաւասու է անոնց անունով խօսելու որեւէ ժողովի մէջ:

«Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Խնդիր Մը Չկայ»

Ատալեթ կուսակցութեան փոխնախագահ փրոֆ. Օսման Թուրան հայ քոմիթեճիներու վերջին ձեռնարկներուն մասին ըսած է. «Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարց մը գոյութիւն չունի այլեւս: Կայ միայն տգիտութեան, անխելքութեան եւ դաւաճանութեան ստեղծած տագնապը:

Թուրան յայտնած է, թէ նման պահանջներ հրապարակ կը դրուին «կարմիր իմփերիալիստներու» կողմէ:

«Այնքան ատեն որ թուրք լուսամիտ դասակարգը եւ քաղաքագէտները չեն սթափիր այս տագնապին առջեւ, ոչ թէ հայերու, այլ հոթենթոթներու պահանջներուն առջեւ պիտի գտնուինք», աւելցուցած է փրոֆ. Թուրան` իր եզրակացութեան մէջ կրկնելով հին յանկերգը. «Թուրքիոյ հին եւ հաւատարիմ հայրենակից հայերը լոկ ստախօսներու գործիք եղած են` վնաս պատճառելով թէ՛ իրենց եւ թէ՛ Թուրքիոյ: Այսօր իսկ հայոց մեծամասնութիւնը կը գանգատի այդ քոմիթեճիներէն»:

Հայ դատի մասին ՄԱԿ-ին յանձնուած յուշագրին առթիւ թուրք մամուլին եւ վարիչներուն ունեցած այս արտայայտութիւնները պէտք է նկատի ունենալ լոյսին տակ այն յայտարարութեան, որ ըրած է Իսմեթ Ինէօնիւ, որուն համաձայն, «Թուրքիա հասած է եղերական վտանգի մը դուռը»:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրի Զատկուան Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?