Խմբագրական
Գնահատանք
(Քաղաք. Ժողովի Երկամեայ Տեղեկագրին Առիթով)
Մեր անցեալ շաբթուան թիւերուն մէջ հրատարակեցինք Ազգ. Քաղաքական ժողովի եւ անկէ բխող ազգային խորհուրդներու ու վարչութեանց բարոյական եւ նիւթական գործունէութեան տեղեկագիրը:
Փաստօրէն ազգային մարմինները անմիջական ղեկավարութեանը տակ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Քաղաքական ժողովին, բոլորած են երկամեայ գործունէութեան անաղմուկ, այլ բեղուն շրջան մը:
Առանձնապէս ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ ազգային մարմիններու գործունէութիւնը տոգորուած է համերաշխութեան ու գործակցութեան ջերմ ոգիով, ինչպէս նաեւ` մեր ազգային հաստատութիւններն ու գործերը աւելի կազմակերպ, աւելի ներդաշնակ ու բարգաւաճ ընծայելու նախանձախնդրութեամբ:
Մասնաւոր գնահատանքի արժանի են յատկապէս ազգային վարժարաններու կրթական մակարդակը բարձրացնելու, ուսումնական ծրագիրը ներդաշնակելու եւ պետական ուսումնական ծրագրին կիրարկումը մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ անխտիր ապահովելու մտահոգութեամբ թափուած ջանքերն ու ձեռք բերուած յուսադրիչ արդիւնքները:
Աւելի քան գօտեպնդիչ է մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ Ազգ. իշխանութեանց բոլորանուէր ջանքերուն, պետական երեսփոխան ու ազգային բարերար Ս. Խանամիրեանի եւ ազգային բարերար Սոֆիա Յակոբեանի իշխանական նուիրատուութեանց շնորհիւ` լիբանանահայ համայնքը Պէյրութի մէջ օժտուած է համանուն երկու քոլեճներով, մանկավարժական արդի բոլոր պահանջները գոհացնող շէնքերու մէջ:
Միւս կողմէ, Ազգային իշխանութեանց եւ Մուսա Լերան հայութեան բացառիկ զոհաբերութեանց շնորհիւ, Այնճարի մէջ եւս քոլեճի վերածուած է «Յառաջ» վարժարանը, որ անցեալ տարի արդէն տուաւ իր երկրորդական բաժնի առաջին շրջանաւարտները:
Այս երեք քոլեճներն ալ օժտուած են խնամակալ մարմիններով, որոնք ոգի ի բռին կ՛աշխատին կրթական այս հաստատութիւնները վերածել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մտաւորական սերունդներուն պատրաստութեան օրինակելի օճախներու:
Նոյնքան գնահատելի ջանքեր թափուած են, հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ, բարւոքելու համար նաեւ հայ կրթական մշակներու նիւթական կացութիւնը ընդհանրապէս: Այս նպատակով բացառիկ յատկացումներ կատարուած են կարգ մը վարժարաններու, որոշ չափով բարձրացուած են կրթաթոշակները եւ ստեղծուած է ուսուցչական ֆոնտ մը, որուն գլխաւոր նպատակն է ապահովել հայ ուսուցիչներու հանգստեան թոշակը:
Գնահատելի աշխատանք տարուած է նաեւ շինարարական մարզի մէջ: Ազգ. իշխանութեանց ու ժողովրդական զանգուածներու զոհաբերութեանց եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան յատկացումներուն շնորհիւ: Բազմաթիւ վարժարաններու մէջ նորոգութիւններ կատարուած են, նոր դասարաններ ու սրահներ շինուած են, կառուցուած ու նորոգուած են նաեւ մէկէ աւելի եկեղեցիներ:
Բազմաճիւղ գործունէութիւն մը ահա, որ առաջ տարուած է ձեռնհասութեամբ, բարեխղճութեամբ եւ մեր համայնքային կեանքը օրինակելի բարձրութեան մը հասցնելու արդար փառասիրութեամբ:
Սեղանի վրայ են դեռ իրագործելի բազմաթիւ ծրագիրները: Ոմանց իրագործումը ապահովուած է արդէն, իսկ ուրիշներուն իրագործումը կը կարօտի մեր անհատական ու հաւաքական զոհաբերութեանց:
Կը մնայ, որ մե՛նք եւս կատարենք մեր պարտականութիւնը, աւելի լայնօրէն հետաքրքրուինք մեր ազգային եւ մասնաւորաբար կրթական կեանքով, աւելի լայն զոհաբերութիւններ ստանձնենք եւ աւելի գործօն մասնակցութիւն ունենանք հայ հանրային կեանքին, որպէսզի միասնական ճիգերով աւելի՛ մեծ եւ աւելի՛ պատուաբեր նուաճումներ արձանագրենք` լիբանանահայ կեանքի ծաղկման ու բարգաւաճման գծով:
Որպէսզի հասնինք այն բանին, որ մեր ազգային կեանքին զարգացումն ու բարգաւաճումը ներդաշնակ ընթանան եւ հարազատ ցոլացումը կազմեն մեր անհատական կեանքի բարգաւաճման:
Առ այդ, մեր նշանաբանը պիտի ըլլայ` նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնել մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները, ստեղծելով եկամուտի մնայուն աղբիւրներ, անհատական ու հաւաքական հնարաւոր բոլոր զոհողութիւններով:
