Խմբագրական
Միջնաբերդը
(Ճեմարանի Շրջ. Միութեան 30-Ամեակին Առիթով)
Երկու մեծ հայեր, երկու ճշմարիտ հայ մտաւորականներ, երկու գլխագիր նուիրեալներ, երեսունվեց տարի առաջ, գրեթէ համատարած ամայութեան մէջ հայ իրականութեան, հիմը կը դնէին հայեցի կրթութեան օճախի մը:
Ջահ մը կը վառէին, ակօս մը կը բանային մատաղ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անդաստանին մէջ: Ապա իրենց անձին դրոշմով իրենց շունչով ու ոգիով կը լեցնէին կրթական այն հաստատութիւնը, որ Հայ ճեմարան անունը պիտի կրէր:
Քիչ անգամ բառ մը կը բարձրանայ իր ընթացիկ առումէն եւ կը դառնայ խորհրդանիշը երեւոյթի մը:
Հազուադէպօրէն մարդոց անունը դուրս կու գայ իր նեղ կամ լայն պարունակէն եւ կը վերածուի իւրատիպ ու կենդանի մթնոլորտի:
Այս անուններէն են Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան:
Այդ բառերէն է ճեմարանը, որ ժամանակին հետ աստիճանաբար դարձաւ խորհրդանիշը հայեցի դաստիարակութեան:
Կրթական հաստատութիւն մը, ուր հայեցիութիւնը ապրում է, շունչ է ու իտէալ միաժամանակ` աւանդութիւն ու դրոշմ ունենալուն: Մթնոլորտ ըլլալու եւ մթնոլորտ ստեղծելուն համար մանաւանդ:
Եղաւ այնպէս, որ հիմնադիրները նոյնանան իրենց ստեղծած հաստատութեան հետ, զայն լեցնեն իրենց անձով ու շունչով, այրուելով լոյս տան ու բաշխուելով աճին ու բազմապատկուին մատաղ սերունդներու հոգիին մէջ, հայոց հնաւանդ աշխարհէն, հայ մշակոյթի խորախորհուրդ խորաններէն եւ հայոց պատմութեան անմեկնելի հեռուներէն բխում առնող հրեղէն սիւնի մը պատկերով:
Եւ պատահեցաւ այնպէս, որ հայեցի կրթութեան այս միջնաբերդը նոյնանայ իր հիմնադիրներու անունին, էութեան ու ապրումներուն հետ, դառնայ ամրակուռ դարբնոցը հայ մատաղ հոգիներու` իբրեւ մասունքը հաղորդութեան հայ ոգիի նորահրաշ հեղումներուն:
Ապա երկուքը միասին, հիմնադիր ու հիմնարկ, դրօշի վերածեցին բարձրորակ հայութեան ստեղծումը: Գաղափարապաշտ, հանրանուէր, հայաշունչ եւ պայքարունակ սերունդներու պատրաստութիւնը: Հայ գրականութեան ու մշակոյթի իւրացումն ու զարգացումը:
Ազնուանալ – յարաճուն հայացման ճամբով:
Բարձրանալ – տեւական մարդացման ու մարդկայնացման ուղիով:
Ծառայել – ամբողջական նուիրումի եւ գերագոյն զոհաբերութեան ոգիով` ի խնդիր հայրենեաց եւ մեր ազգային ճակատագրի վերափոխման:
Վերակերտել քաղաքականօրէն հասուն եւ մշակութապէս բեղուն հայութիւնը` սկզբունքի, նկարագրի եւ իտէալի տէր, գաղափարական նուիրուածութեամբ տոգորուն եւ հայօրէն ապրելու ու պայքարելու ընդունակ սերունդներով:
Երեսունվեց տարի շարունակ, անսահման զոհաբերութեանց եւ անհուն նուիրումին շնորհիւ, բազմաթիւ սերունդներ աճեցան ու մեծցան այս մթնոլորտին մէջ: Բազմաթիւ սերունդներ հայացան ճեմարանի նուիրական յարկին տակ:
Եւ այդ սերունդները այսօր, բոլորուած միեւնոյն Իտէալին շուրջ, հանրային զանազան ասպարէզներու մէջ իրենց փառքը կը փնտռեն հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին, նոր սերունդներու հայեցի կրթութեան գործին ծառայութեան մէջ:
Քաղաքական ու մշակութային բարձրորակ հայութեան կերտումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական Դատի իրականացման ի խնդիր պայքարին մէջ:
Էականը, ի հարկէ, ձեռք բերուած նուաճումները չեն այնքան, որքան ձգտո՛ւմը` աւելի՛ կատարեալին, առաւե՛լ հայեցիին, գլխագիր նուիրումին ու գաղափարապաշտութեան հասնելու:
Վե՛ր, մի՛շտ աւելի վեր. ահա՛ այն նշանաբանը, զոր ճեմարանական սերունդները իրենց միութեան երեսնամեակին առիթով կը վերանորոգեն իբրեւ նուիրական ուխտ` հայեցի արժէքներու ծառայութեան ու հարստացման իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:
Հոգիներու մէջ վառուած ճրագը հրաբորբ խարոյկի փոխակերպելո՛ւ ձգտումը: