Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1966)

Մարտ 23, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակը
Թորոնթոյի Մէջ

Ինը Նորագիրներ Կը Մտնեն
ՀՅԴ Շարքերը

ՀՅ դաշնակցութեան 75-ամեակը մեծ շուքով տօնուած է Թորոնթոյի (Քանատա) Ուքրանացիներու սրահին մէջ:

Հոծ բազմութիւն մը, մինչեւ անգամ մօտակայ քաղաքներէն ներկայ գտնուած է:

Ատենապետած է Յակոբ Մուրատեան: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Ուղերձներ կարդացած են` ՀՕ միութեան մասնաճիւղին կողմէ Ե. Գույումճեան եւ Հայ երիտ. դաշնակցութեան կողմէ Արթօ Յակոբեան:

Բանախօսած է տոքթ. Ե. Խաթանասեան:

Տօնակատարութեան յաջորդ օրը ՀՅ դաշնակցութեան «Զաւարեան ուխտ»-էն ինը երիտասարդներ մտած են Դաշնակցութեան շարքերը: Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցած է կնքահայրութեամբ տոքթ. Ե. Խաթանասեանի:

 

Մեծարանքի Հանդէս
Ի Պատիւ Աննա Եագոպսընի

Նախագահ Շարլ Հելու Լիբանանի «Մայրիներու Ա. կարգի սպա»-ի Խորէն Ա. կաթողիկոս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշաններով պարգեւատրեցին Աննա Եագոպսընը:

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի եւ կազմակերպութեամբ Չքաւոր մանկանց օգնութեան միութեան, երկուշաբթի, 21 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահ «Ասամպլի հոլ»-ի մէջ, հանդիսականներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնուհի Աննա Եագոպսընի ի պատիւ եւ ի գնահատութիւն մեծարանքի շքեղ հանդէս մը:

Ի. Գասարճեանի ողջոյնի խօսքէն ետք բացման խօսքը ըրաւ Ե. Ճիտէճեան:

Մ. սրկ. Ազնաւորեան Աստուածաշունչ մատեանէն կարդաց հատուած մը:

Խաչիկ Արարատեան ապրումով արտասանեց Վ. Թէքէեանի «Որբերուն ձեռքերը» եւ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը»:

Մեներգեցին Պ. Աբարդեան` Կոմիտասի «Անտունի»-ն, Ս. Սողիկեան` Ա. Պատմագրեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, Ա. Կիրակոսեան` Ա. Տիգրանեանի «Աշուղի երգը» եւ Ա. Փեհլիւանեան` Հ. Պէրպէրեանի «Կ՛անձրեւէ տղաս»-ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի:

Գ. Յակոբեան «Թռչնոց բոյն»-ի Շրջանաւարտից միութեան կողմէ կարդաց ուղերձ մը:

Բանախօսեց Գարեգին եպիսկոպոս եւ գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը, որոնք անգամ մը եւս ոգեկոչեցին յիշատակը հայ որբերու փրկիչ եւ «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադիր հանգուցեալ Մարիա Եագոպսընի մարդասիրական ծառայութիւնները, որուն գործը նոյնքան նուիրումով կը շարունակէ իր քոյրը` Աննա Եագոպսըն:

Նախագահ Շարլ Հելու «Մայրիներու Ա. կարգի սպայ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Աննա Եագոպսընը` իր անձնուէր ծառայութիւններուն համար:

Խանդավառ ծափերու մէջ շքանշանի տուչութիւնը կատարեց կրթական նախարար Սուլէյման Զէյն:

Նոյն խանդավառ ծափերով, վեհափառ հայրապետը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Աննա Եագոպսընը` հայ ժողովուրդին մատուցած անոր անգնահատելի ծառայութիւններուն համար:

Յուզումի պահ մը եղաւ «Թռչնոց բոյն»-ի Շրջանաւարտից միութեան երախտագիտական խոր զգացումով նուիրած ծաղկեփունջը:

Աննա Եագոպսըն իր անձին եղած մեծարանքէն զգացուած` շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին, վեհափառ հօր, կրթական նախարարին եւ ներկաներուն:

Մեծարանքի այս շքեղ հանդէսը վերջ գտաւ դպրեվանքի երգչախումբի Տէրունական աղօթքի խմբերգումով:

 

Հայ Դատը
Մ. Ազգերու Առջեւ

Շաբաթ օրուան թիւով տուած էինք «Ռոյթըրզ» անգլիական գործակալութեան հեռագիրը` Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի յանձնուած յուշագրին առիթով:

Այսօր Նիւ Եորքէն ստացանք բնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան պաշտօնական այն հաղորդագրութեան, որ ուղղուած է մամուլին:

Կը հրատարակենք պատճէնը այդ հաղորդագրութեան, որ ճշգրիտ կերպով կու տայ յուշագրին կցուած նամակին բովանդակութիւնը.

ՄԱԿ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ, 17 ՄԱՐՏ 1966.- Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Հայկական հարցի մասին ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Ու Թանի յուշագիր մը ներկայացուցին, ուր կը նշուի անկախ Հայաստանի կառավարութեան վերահաստատման պատմական ու օրինական հիմը:

Յուշագրին մէջ կը պահանջեն, որ Հայկական հարցը պաշտօնապէս քննուի ՄԱԿ-ի մէջ, Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց հիման վրայ, որ ստորագրուած է 1920-ին, մէկ կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ միւս կողմէ` Դաշնակից պետութեանց եւ Հայաստանի պատուիրակութեանց ձեռքով, եւ որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը` Ուիլսընեան սահմաններու շրջագիծին մէջ, զոր դաշնադիր կողմերը յանձն առած էին ընդունիլ:

Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը վերահաստատուած էր 53 հազար քառ. մղոն տարածութեան մը վրայ, զոր նախագահ Ուիլսըն սահմանագծած էր Դաշնակից պետութեանց պահանջով, եւ որ ընդունուած էր Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող բոլոր կառավարութեանց կողմէ:

1920-ին, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդիմութեան ու բողոքին, համայնավար Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ զինուորական ուժերը միասնաբար բռնաբարեցին Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սեղմուած 11 հազար քառ. մղոնի մէջ, ինկաւ Խ. Միութեան տիրապետութեան տակ, իսկ Ուիլսընեան Հայաստանի տարածութեան մնացեալ մասը ապօրէն կերպով գրաւուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Հայկական հարցի այս միակողմանի լուծումը երբեք ընդունած չըլլալով, այս յուշագրին մէջ կոչ կ՛ընէ ՄԱԿ-ին, որ պարտադրէ Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւնները եւ վերականգնէ 2500 տարուան անցեալ ունեցող ժողովուրդի մը անկախութիւնը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Ինքնորոշման Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ «Ազդակ»-ի Առաջին Արձագանգները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?