Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 13, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Զեկոյց

Եղեռնի 50-Ամեակին Ամերիկայի
Կեդրոնական  Յանձնախումբի

30 մարտ 1966, չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, կանխապէս ճշդուած ժամադրութեամբ մը կարտինալ Ռիչըրտ Քուշինկի ներկայացաւ պատուիրակութիւն մը` Պոսթընի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանին մէջ, եւ նորին սրբազնութեան յանձնեց երկու մասնաւոր նամակներ. առաջինը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, իսկ երկրորդը կաթողիկէ հայոց պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ.ի կողմէ` ուղղուած կարտինալին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ամերիկայի եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան, Եղեռնի 50-ա մեակի Կեդր. յանձնախումբի ատենապետ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցչական մարմինի անդամներէն փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ Կեդր. յանձնախումբի քարտուղար Մինաս Թէօլէօլեան:

Ռիչըրտ կարտինալ Քուշինկ սրտամօտիկ ու ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ պատուիրակութեան. մօտ կէս ժամու իր տեսակցութեան ընթացքին հետաքրքրուեցաւ հայութեան ընդհանուր կեանքով` շեշտելով անոր արդար դատի հետապնդման կարեւորութիւնը ու պատրաստակամութիւն յայտնելով կարելի ամէն աջակցութեան` իրեն համար կարելի միջոցներով: Շնորհակալութիւն յայտնեց Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. կաթողիկէ պատրիարքի մասնաւոր նամակներուն համար եւ խնդրեց իր օրհնութիւնները փոխանցել հայութեան «որուն արժանիքներուն ու առաքինութեանց ծանօթ եմ» եզրակացնելով:

Յանձնում Հայ Դատի
Յուշագրի Օրինակին

Այս այցելութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քարտուղարութեան յանձնուած յուշագրի մէկ օրինակին յանձնումը կարտինալին, որ ինչպէս յայտնի է, պատուակալ նախագահն է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Հայ դատի Կեդրոնական յանձնախումբին:

Փրոֆ. Սեդրակ Մինաս տեղեկութիւններ տուաւ նորին վսեմութեան` Հայ դատի հետ առնչակից աշխատանքներու մասին եւ թարգման եղաւ հայութեան լաւագոյն զգացումներուն:

Ռիչըրտ կարտինալ Քուշինկ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մատնանշեց հիմնական նշանակութիւնը միշտ արթուն եւ գիտակից պահելու հայ ժողովուրդը` քաղաքական իրաւունքներու մարզին մէջ, ու կազմակերպուած ձեւով լծուելու քարոզչական լայն աշխատանքի:

Պատուիրակութիւնը ապա լուսանկարուեցաւ կարտինալին հետ ու հրաժեշտ առաւ` լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ԵՂԵՌՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պոսթըն, 2 ապրիլ, 1966

 

 

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ

 Այցելութիւն` Ազգ. Բուժարան

Լիբանանի օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, գեղեցիկ սովորութեամբ մը, ամէն տարի Ս. Զատկի Աւագ ուրբաթ կ՛այցելէ Ազգային բուժարան` հետը տանելով առատ ուտելիք հիւանդներուն:

Այս տարի եւս, ապրիլ 8-ին, Շրջանային վարչութիւնը եւ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը լրիւ կազմով այցելեցին բուժարան:

Բուժարանի տնօրէն Վ. Ռշտունիի առաջնորդութեամբ, խաչուհիները պտտեցան բոլոր սրահներն ու սենեակները եւ գնահատեցին օրինակելի մաքրութիւնն ու տիրող կարգն ու կանոնը:

Ուրախութեամբ տեղեկացան հիւանդներէն, որ վերջերս զգալիօրէն բարելաւուած է իրենց կերակուրը: Նախապէս յաճախ դժգոհութիւններու առիթ կու տար:

Այնուհետեւ տիկինները անձամբ բաժնեցին հիւանդներուն իրենց բերած ուտելիքները: Շրջանային վարչութիւնը` լեհմեճուն, մածուն, խմորեղէն եւ պտուղ, Այնճարի վարչութիւնը` 1000 կարմիր հաւկիթ, անուշեղէն եւ առատ պտուղ:

Հիւանդները սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեցին Օգնութեան խաչի անձնուէր տիկիններուն, որ հակառակ իրենց բազմազբաղ գործերուն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս չմոռցան այցելել Բուժարան եւ պահ մը ուրախացուցին զիրենք:

 

Ղանա Եւ Հայ Գաղութը

Ղանա կը գտնուի Ափրիկէի արեւմտեան կողմը, հասարակածէն քիչ մը դէպի հիւսիս: Մօտ 10 միլիոն բնակչութիւն ունի եւ անկախութիւն ստացաւ մօտաւորապէս 14 տարի առաջ:

Նախապէս անգլիական գաղութ մըն էր Ոսկեայ Ափունք (Կոլտըն Քոսթ) անունով:

Կլիման տաք է եւ բնիկները` սեւամորթ: Տեղական լեզուները շատ են, սակայն հասարակաց եւ պաշտօնական լեզուն անգլերէնն է: Մայրաքաղաքն է Աքրա:

Տեղական բարքերը կը նմանին Նիկերիոյ սեւամորթներու բարքերուն: Զաւակները իրենց մօրը կը պատկանին, նոյնիսկ եթէ չափահաս ըլլան: Քրիստոնեաները մեծամասնութիւն կը կազմեն:

Ղանայի մեծ ձեռնարկութիւնները եւրոպացիներուն ձեռքն են, մանաւանդ` անգլիացիներուն: Երկիրը բարեբեր է:

Տասնեակ տարիներէ ի վեր Ղանա հաստատուած են հայեր, որոնցմէ Նոր սիսի ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի բարերար Աքսոր Գասարճեան եւ իր եղբայրը` միլիոնատէր են: Մեծ յանձնակատար մըն է Աքսոր Գասարճեան եւ մասնագէտ` ճամբաներու բացման եւ շինութեան: Վերջերս համաձայնագիր մը կնքած է կառավարութեան հետ` երկու հարիւր մղոն ճամբայ մը բանալու համար:

Մեծ կալուածատէր-վաճառական մըն է նաեւ 25 տարիէ ի վեր Ղանա հաստատուած Լեւոն Յարութիւնեան:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազրպէյճանէն Հայերու Բռնագաղթ Խուժանային Ցոյցեր Պաքուի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?