Խմբագրական
Զօրաշարժ
(Հայ Դատի Արծարծման Առիթով)
Կը գտնուինք վճռական հանգրուանի մը առջեւ: Հայ դատը արծարծուելու վրայ է միջազգային ատեաններու մէջ: Օտար մամուլը, յատկապէս` թրքական թերթերը, պարբերաբար կ՛անդրադառնան արդէն այս հարցին: Համաշխարհային հանրային կարծիքը աստիճանաբար աւելի սուր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ:
Հասկնալի է, ի հարկէ, որ հայկական հարցը միջազգային ամէնէն կնճռոտ խնդիրներէն մէկն է` սերտօրէն կապուած ըլլալով բազմաթիւ երկիրներու շահերուն եւ յաճախ ընդդիմամարտ ձգտումներուն հետ:
Դժուար է մեր գործը, եւ չափէն աւելի բարդ է այն ուղին, ուրկէ պիտի ընթանայ Հայ դատը` իր տրամաբանական ու արդար լուծումին յանգելու համար:
Կը մնայ, որ ազգովին ու խորապէս անդրադառնանք խիստ պատասխանատու եւ ծայր աստիճան փափուկ այն դերին, որ վերապահուած է մեզի ազգային ու միջազգային ճակատի վրայ հաւասարապէս, Հայ դատի հետապնդման գործին մէջ:
Պատրանքներ չունինք: Կը գիտակցինք լիովին, թէ Հայկական հարցը մէկ օրէն միւսը լուծուելիք խնդիր չէ: Երկար ու տաժանագին ճամբայ մը ունինք կտրելիք, որ բացառիկ, գերմարդկայի՛ն ճիգեր կը պահանջէ մեզմէ:
Կ՛ըմբռնենք նոյնպէս, թէ բազմակողմանի աշխատանքի, ծաւալուն պայքարի եւ նիւթական ու բարոյական յարաճուն զոհաբերութեանց երկարատեւ շրջան մը կը բացուի մեր առջեւ:
Ծանր պատասխանատուութիւն մը կը ծանրանայ մեր ուսերուն` անհատապէս թէ հաւաքաբար, պատմութեա՛ն առջեւ, գալիք սերունդներո՛ւն առջեւ, մեր խղճին ու ցեղային գիտակցութեան առջեւ:
Անհրաժեշտ է, որ ազգովին գտնուինք մեր դերին ու կոչումին բարձրութեան վրայ: Անհրաժեշտ է, որ բազմապատկենք մեր ճիգերը, համադրենք մեր ջանքերը եւ արժանաւորութեամբ ու բոլորանուէր հաւատքով նետուինք այն անհաւասար գօտեմարտին մէջ, որ կը բացուին միջազգային-քաղաքական կեանքին էջ` Հայ դատի իրականացման ի խնդիր:
Անհրաժեշտ է, որ զօրաշարժի ենթարկենք մեր բարոյական, նիւթական, մտաւորական ու գործնական հնարաւոր բոլոր միջոցները: Պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր շարքերը, ամէն տեղ եւ ամէն առիթով պէտք է ջանանք դրական ազդեցութիւն բանեցնել միջազգային հանրային կարծիքին ու քաղաքական շրջանակներուն վրայ` Հայ դատին ի նպաստ:
Վերջին հաշուով, մեր գերագոյն նպատակը, մեր գոյութեան միակ իմաստը, հարցերո՛ւն հարցը Հայ դատն է: Եթէ թերանանք Հայ դատին հանդէպ մեր նուիրական պարտականութեան մէջ, զուր անցած է յումպէտս վատնուած պիտի ըլլան մեր ազգային գերագոյն ճիգերն ու զոհաբերութիւնները` վերջին երկար ու ձիգ հարիւրամեակի ընթացքին:
Զուր անցած պիտի ըլլան ազգապահպանման ի խնդիր մեր բոլոր ճիգերն ու զոհողութիւնները արտերկրի մէջ: Ուստի կենսական անհրաժեշտութիւն է, մեր գոյատեւման ու կեանքի իմաստաւորման իսկ համար, հայութեան բոլոր կենսունակ ու առողջ, գաղափարական ու ազգայնօրէն մարտունակ տարրերը համախմբել համազգային այս մեծ Իտէալին եւ անոր կենսագործման սրբազան գործին շուրջ:
Մէկդի՛ պէտք է դրուին անհատական, խմբակցական ու հատուածական բոլոր նախասիրութիւնները: Պէտք է խուսափինք մանաւանդ մենք մեր արդէ՛ն իսկ դժուարին գործը աւելի՛ եւս դժուարացնելէ` ներքին հակամարտութիւններով, իրար խաչաձեւող ձեռնակներով, իրարու ճիգերը չէզոքացնող քայլերով, մամուլի վէճերով կամ հրապարակային պայքարներով: Վասնզի Հայ դատը ամէն բանէ վեր է, վե՛ր պէտք է մնայ մեզի` բոլորի՛ս համար անխտիր:
Ընդհակառա՛կն, հնարաւոր ամէն ճիգ ու զոհողութիւն պէտք է ընենք գաղութէ գաղութ եւ երկրէ երկիր իրարու թիկունք կենալու եւ Հայ դատին ի նպաստ ամէն ձեռնարկի, ամէն շարժումի զօրավիգ կանգնելու եւ յաջողութիւնը անպայման երաշխաւորելու համար:
Ազգայնօրէն լայն հնարաւորութիւններ ունինք Հայ դատի լուծման ի խնդիր նպաստաւոր գետին ու մթնոլորտ ստեղծելու համար` թէ՛ ազգային եւ թէ` մանաւանդ միջազգային քաղաքական շրջանակներու մէջ:
Եկած է ժամանակը, որպէսզի ազգովին անհրաժեշտ իմաստութիւնն ու քաղաքական հասունութիւնը ցոյց տանք մեր ներքին ուժերը արժեցնելու համար Հայ դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ:
Եւ չմոռնանք երբե՛ք, որ մեր միակ փրկութիւնը, Հայ դատի լուծման գծով մանաւանդ, մեր հաւաքական ուժին մէջ է:
Մասնաւորապէս մեր հաւաքական համադրեա՛լ, եւ ներդաշնա՛կ ու յարատեւ պայքարի՛ն մէջ:
Հայկական Հարցը Թուրք Մամուլին Մէջ
Թուրքիա Բաժան-Բաժան Պիտի Ըլլայ…
Այս Խաղերուն Ետեւը Մեր «Բարեկամ» Ամերիկան Կայ
«Մոռնանք Մեր Ներքին Կոյր Վէճերը, Այլապէս Թուրքիոյ
Քարիւղատար Հողերուն Վրայ Հայաստան Պիտի Հիմնուի»
Պոլսոյ «ԵՆԻ ԻՍԹԱՄՊՈՒԼ» թերթը մարտ 22-ի իր թիւին մէջ դարձեալ կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի յանձնուած հայկական յուշագրին` «Ռուսիոյ հայերուն ցնորական ընթացքը» խորագրին ներքեւ.-
«Ռուսիոյ հայերէն խմբակ մը դիմած էր ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարին եւ պահանջած, որ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն մը կազմուի արեւելեան Թուրքիոյ մէջ` Տրապիզոնն ալ հաշուի առնելով: Այս դիմումը «Տղայական ընթացք» մը նկատուած է Թուրքիոյ հայ համայնքին կողմէ:
Այս առթիւ տեսակցութիւն մը ունեցանք Թրքահայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանի հետ, որ յայտնեց, թէ իրենք քաղաքականութեամբ չեն զբաղիր եւ միացեալ ազգերու մօտ կատարուած դիմումը պատրաստուած է կարմիր «իմփերիալիսթներու» կողմէ: Հայոց պատրիարքը ըսաւ այս առթիւ.
«Ողջմիտ անձերը եւ հայ համայնքը անպատեհ կը նկատեն ՄԱԿ-ի մօտ կատարուած այդ դիմումը: Քանի մը արկածախնդիր մարդոց տղայական ընթացքն է ան: Հայերը, որոնք թուրք հաւատարիմ հայրենակիցներ են, անդորր կեանք մը կը վարեն Թուրքիոյ մէջ: Ռուսահայերը ցնորական նպատակ մը կը հետապնդեն»:
Սեւրի Դաշնագրին Ուրուականը
Իսկ «ԱԳՇԱՄ»-ի մէջ Իլհամի Սոյսալ ուշագրաւ խորհրդածութիւններ կ՛ունենայ.
Մինչ մենք կուրօրէն անձնատուր եղած ենք մեր ներքին ամուլ վէճերուն, անդին, արտասահմանի մէջ, դաւաճանական արարքներ կը գործուին Թուրքիան բաժան բաժան ընելու համար, եւ մենք նոր կ՛արթննանք: Անցեալ տարի, տրուած ազդանշանի մը վրայ, «Հայոց ջարդերուն» տարեդարձը տօնուեցաւ: Աշխարհի թերթերը միակողմանի տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով` օրերով գրեցին թրքահայոց ջարդերուն մասին: Իսկ անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորքի մէջ, չորս հայեր ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարութեան յուշագիր մը տուին` իբրեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան» պատգամաւորները եւ անկախ Հայաստանի մը կազմութիւնը պահանջեցին:
Ի՞նչ կ՛ընէ արդեօք մեր արտաքին գործոց նախարարը, ինչպէ՞ս կը տեղեկանայ, թէ թրքական հողերու վրայ Հայաստան մը հիմնել կ՛ուզեն: Եթէ իրեն հարցնէք, հետեւեալ պատասխանը կը ստանաք. «Թերթերու մէջ կարդացի, նախ քննենք»:
Իրականութեան մէջ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի այս խաղը: Քարտէսներ պատրաստուած են նոյնիսկ, ճշդելու համար, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան պիտի կազմուի Թուրքիոյ քարիւղաշատ հողերուն վրայ:
Եւ ըսել, թէ մեր բարեկամ Ամերիկան կայ այս խաղերուն ետին: Երբ տեսաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ հակահոսանքներ կան իր դէմ, հիմա ալ հայկական հանրապետութեան խնդիր մը երեւան հանեց, եւ պէտք չէ զարմանալ, երբ քրտական հանրապետութեան խնդիր մըն ալ հրապարակ հանէ մօտերս: Լաւ ճանչնանք մեր մարդիկը եւ թողունք մեր ներքին կոյր վէճերը: Հակառակ պարագային, պիտի գայ օրը, երբ այս երկրին վարչաձեւին շուրջ վիճելու կարելիութիւնն իսկ պիտի չունենանք:
