Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 7, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ապահովութիւն

(Ուսուցչական Ֆոնտի Ստեղծման Առիթով)

Ուսումնական խորհուրդը, իր երկամեայ տեղեկագրին մէջ, կը հաղորդէր, թէ ստեղծած է ուսուցչական ֆոնտ մը` հայ կրթական մշակներու հանգստեան թոշակի ապահովման համար առանձնապէս:

Գնահատելի ձեռնարկ մը ահա, որ կոչուած է մեծապէս սատարելու մեր կրթական կեանքի զարգացման ու ամրապնդման:

Ուստի ամէն գնով պէտք է ապահովել անոր յաջողութիւնը: Ամէն գնով պէտք է ապահովութիւն ներշնչել հայ կրթական մշակին, որպէսզի ան ալ, իր կարգին, իր առաւելագոյնը տալու հնարաւորութիւն ունենայ մատաղ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրական գործին:

Կը գիտակցինք անտարակոյս, որ կրթական գործը, մասնաւորաբար հայեցի դաստիարակութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի արտերկրի հայութեան համար, յատկապէս` ազգապահպանման գծով:

Ձախողիլ կրթական ճակատի վրայ` կը նշանակէ ձախողութեան մատնել ազգապահպանումը, վտանգել մեր գոյութեան ու գոյատեւման ի խնդիր մղուող անհաւասար պայքարին յաջողութիւնը:

Ի՛նչ ալ ընենք, ո՛րքան ալ զոհաբերենք նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան համար, դա՛րձեալ քիչ է: Որովհետեւ կրթական գործը էապէս կենաց եւ մահու խնդիր մըն է մեզի համար:

Կրթութեան, բայց մասնաւորաբար հայեցի դաստիարակութեան յաջողութիւնը համեմատականօրէն կախում ունի գլխաւորաբար ապահովութեան այն զգացումէն, զոր կը ներշնչենք հայ կրթական մշակին:

Հաւատքն ու նուիրումը, զորս կը սպասենք հայ ուսուցիչէն, պէտք է իրենց սնունդը առնեն այն հաւատքէն ու նուիրումէն, զորս մենք, իբրեւ ծնող, կը ցուցաբերենք հայ վարժարանին, այսինքն մեր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան կամ զանոնք հայօրէն փրկագործելու գործին նկատմամբ:

Աւելի՛ն. կրթական գործին տրուած կարեւորութիւնը եւ, առ այդ, ընելիք մեր անհատական ու հաւաքական զոհաբերութիւնները պէտք է դիտուին համազգային մեր մտահոգութեանց լոյսին տակ եւ պէտք է համեմատական ըլլան նոյն այդ մտահոգութեանց:

Եւ այս մարզին մէջ առանձին պէտք չէ ձգուին մեր ազգային ղեկավար մարմինները, ընդհակառակն, տեւաբար եւ հետեւողականօրէն պէտք է վայելեն մեր նիւթական եւ բարոյական լայն օժանդակութիւնը:

Հնարաւորութիւնը չէ, որ կը պակսի մեզի, անտարակոյս, մանաւանդ ա՛յս գաղութին մէջ: Կը մնայ, որ մեր յօժարամտութիւնը եւս զուգահեռ ընթանայ մեր հնարաւորութեանց:

Ի հարկէ, ցարդ շատ բան ըրինք եւ կ՛ընենք հայ վարժարանին համար: Փաստօրէն պատի՛ւ բերող նուաճումներ կատարած ենք այս ուղղութեամբ, մանաւանդ` վերջին տասնամեակին:

Սակայն ընդունինք, որ շատ բան ալ ունինք ընելիք դեռ, մեր կրթական հաստատութիւնները եւ կրթական գործը ընդհանրապէս արդի յարաճուն պահանջներուն համապատասխան կազմակերպութեամբ ու միջոցներով օժտելու տեսակէտէն:

Եւ մեր գլխաւոր ընելիքը, անկասկած, հայ ուսուցիչին եւ հայ վարժարանին նիւթական ապահովութիւնն է, հասոյթի մնայուն աղբիւրներու ստեղծումը: Կրթական գործը, հայեցի դաստիարակութեա՛ն գործը արդիւնաւոր, ուսուցչական ասպարէզը բեղո՛ւն եւ մեր լաւագոյն ուժերուն համար գրաւի՛չ դարձնելու ուրիշ միջոց չկայ:

Խոստովանինք, պարկեշտօրէն եւ արիաբար խոստովանինք, որ ցարդ, իբրեւ ծնող եւ համայնք, հանրային անհրաժեշտ հետաքրքրութիւնն ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւնը լիովին ցոյց չտուինք խիստ կենսական այս գործին հանդէպ:

Յաճախ գոհացանք կիսամիջոցներով եւ անհրաժեշտ ջանքն ու զոհողութիւնը չըրինք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները գործ դնելու եւ ազգային վարիչ մարմիններուն ծրագիրները, աշխատանքներն ու ջանքերը լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար: Դեռ մինչեւ այսօր մեր վարժարանները կը մատակարարուին զգալապէս ազգային բարերարներու, բարեսէր ազգայիններու եւ տեղական կամ քոյր գաղութներու բարեսիրական կազմակերպութեանց օժանդակութեամբ:

Ամէնէն եպերելի երեւոյթը, փոխանակ պատկան մարմիններուն հետ ձեռք ձեռքի մեր ազգային վարժարանները շէնցնելու, զարգացնելու, ուսումնական եւ կրթական արդիական միջոցներով օժտելու եւ մանկավարժական արդի բոլոր պահանջները գոհացնող հաստատութեանց վերածելու մասին մտածելու, համապատասխան զոհաբերութեանց պատրաստակամութեան բացակայութիւնն է:

Զգալի թիւով հայ ծնողներ ափ կ՛առնեն կրթական օտար հաստատութեանց դուռերը եւ իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը կը վստահին օտարին: Տխուր է հաստատել մանաւանդ, որ այդ ծնողները չափէն աւելի ժլատ են յաճախ հայ վարժարանին հանդէպ, մինչ բացառիկ, երբեմն նոյնիսկ նիւթական չափազանցեալ զոհաբերութեանց կը յօժարին, երբ կարգը կու գայ կրթական օտար հաստատութեանց:

Ուրիշ խօսքով, մենք մեր ձեռքով կ՛երթանք շէնցնելու օտարին տունը եւ մեր զաւակները անձամբ կ՛առաջնորդենք դէպի օտարացում եւ ուծացում:

Մինչդեռ պէտք է հակառակը տեղի ունենայ: Այն, որ հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ, ի հարկին, գերագոյն զոհաբերութեանց գնով պէտք է ծաղկեցնենք ու բարգաւաճ ընծայենք հա՛յ վարժարանը:

Մեր գուրգուրանքին միակ առարկան եւ միակ մտասեւեռումը պէտք է ըլլան հայ վարժարանը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը` մեր մատաղ սերունդներուն:

Որովհետեւ ապահովել հայ վարժարանը, անոր յարաճուն զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը` կը նշանակէ ապահովել ու ամրապնդել մեր ազգային ապագան:

Փաստօրէն ի՛նչ որ կու տանք հայ վարժարանին, կու տանք մեր մատաղ սերունդներուն, կու տանք ազգի՛ն: Քար մը կ՛աւելցնենք մեր ազգային ճակատագրի կառոյցին վրայ, բանո՛վ մը ապահոված ու ամրացուցած կ՛ըլլանք մեր հաւաքական կեանքը, գոյութի՛ւնը:

Կա՞յ աւելի նուիրական պարտականութիւն հայ ծնողքին, հայ մարդուն համար, քան` ա՛յս պարտականութիւնը:

Եւ կա՞յ աւելի մեծ ապահովութիւն, քան` ա՛յն ապահովութիւնը, զոր կրնան մեզի ներշնչել հայ ոգիով ու հայու ապրումով սնանող ու մեծցող մատաղ սերունդները` հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային մասին:

Իսկ այս ապահովութեան միակ գրաւականը հայ ուսուցիչին ապահովութիւնն է, հայ վարժարանի՛ն ապահովութիւնը` իբրեւ մեր ցեղային դիմագիծի, հայեցի ոգիի եւ հայ մշակոյթի անսասանելի միջնաբերդին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ի՞նչ Գիտենք Ղարաբաղի Մասին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?