Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին»-Ին Գրական
Զրոյցները

«Բագին»-ի գրական զրոյցը նուիրուած էր Լ. Շանթի «Կայսրը» թատերակին գրագէտներու եւ գրասէրներու հաւաքոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի սրահին մէջ:

Գրական հանդէսի խմբագրութեան կողմէ զրոյցը կը վարէր տոքթ. Բ. Փափազեան:

Շողակ Գալինճեան, որ ստանձնած էր «Կայսրը» ներկայացումը, գրաւոր վերլուծական մը կարդաց: Խնամուած եւ խոր քննութեան ենթարկեց Լ. Շանթի ստեղծագործութիւնը` իբրեւ գլուխ գործոցը անուանի թատերագիրին: Բազմաթիւ տիպերու յատկանիշները մատնանշելէ ետք, անոնց կիրքերու, հակամարտութեանց, առաւելութեանց եւ թերութեանց մէջ մարդկային գիծերը զօրաւոր գտաւ, յատկութիւն մը, որուն շնորհիւ տիպերը կանգուն կը մնան եւ ապրում ու տպաւորութիւն կը փոխանցեն հանդիսատեսին:

Այդ տիպերու համապատասխան լեզու եւ ոճ ունի Լ. Շանթ` այլազան եւ ինքնայատուկ արտայայտութեամբ:

Մասնաւորաբար ծանրացաւ Թէոֆանոյի, Ֆոկասի, Օհան Գուրգէնի եւ Վասիլ Լեկապենի ներքին ապրումներու եւ արտաքին արտայայտութեանց վրայ` շեշտելով անոնց նկարագրի տարբերութիւնները եւ ներաշխարհի տուայտանքները:

Շողակ Գալինճեան փակելով իր խօսքը «Կայսրը» թատերակը արժանի գտաւ Լ. Շանթի բարձր հեղինակութեան:

Ներկաներէն ոմանք մասնակցելով վիճաբանութեան եւ ընդունելով հանդերձ, որ «Կայսրը» գլուխ գործոց մըն է եւ կենդանի պատկերացումը պատմական Բիւզանդիոնի տրամաթիք տիպերու եւ անցքերուն, դիտել տուին, որ Հաննայի նուիրուած հատուածը աւելորդ է: Նոյն դիտողութիւնը եղաւ նաեւ միջանկեալ հատուածներու մասին, որոնք իբրեւ դրուագ կրնան հետաքրքրական ըլլալ, բայց թատերակի միութիւնը կը ծանրացնեն` առանց առաւելութիւն մը բերելու:

Դիտողներ եղան, թէ միութեան կապը պակաս է եւ աւարտը անորոշ կը մնայ: Ուրիշները այլազան նկարագիրները եւ այլազան արարները առաւելութիւն մը նկատեցին:

Զրոյցը իր հետաքրքրութիւնը պահեց մինչեւ վերջ:

 

Ճեմալ Փաշայի Ահաբեկումը

Ա. Աշխարհամարտէն ետք, երբ պարզուեցաւ, որ դաշնակիցները ոչ միայն չեն ուզեր պատասխանատուութեան ենթարկել հայկական ջարդերու հեղինակները, այլեւ իրենց պաշտպանութեան տակ կ՛առնեն զանոնք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը վճռեց իր վրայ առնել այդ պարտականութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Երեւան, 1919-ի աշնան յատուկ քննութեան առարկայ ըրաւ այդ հարցը եւ որոշեց հայկական տեղահանութիւններն ու ջարդերը ծրագրող եւ կազմակերպող իթթիհատական կառավարութեան բոլոր անդամները, առաջին հերթին` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաները, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշան եւ տոքթ. Նազըմը, գաւառական տեղահանութեանց ու կոտորածներու կազմակերպիչ Պեհաէտտին Շաքիրը եւ ուրիշներ, յատուկ ցանկով, օրէնքէ դուրս յայտարարելով` ահաբեկման ենթարկել:

ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մարմինները պարտաւոր էին գործադրելու այս որոշումը: Այդ որոշման շնորհիւ ահաբեկուեցան Թալէաթ, Սայիտ Հալիմ, Պեհաէտտին Շաքիր եւ ուրիշներ:

Էնվեր փաշա, Ճեմալ փաշա եւ ուրիշներ յաջողեցան անցնիլ Ռուսաստան եւ պոլշեւիկներու հովանաւորութեան տակ շարունակեցին իրենց հայադաւ գործունէութիւնը:

Ճեմալ փաշա ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, ՀՅԴ Վրաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Ահաբեկման գործադրութիւնը կատարուեցաւ խոտորջուրցի Ստեփան Ծաղիկեանի ղեկավարութեամբ: Խորհրդային իշխանութեան շատ լաւ ծանօթ է, թէ որո՛ւն կողմէ եղած է այդ ահաբեկումը:

Ճեմալ փաշայի սպանութենէն անմիջապէս ետք ձերբակալուեցան ՀՅԴ Վրաստանի Կեդրոնական կոմիտէն ամբողջ կազմով եւ բազմաթիւ ուրիշ դաշնակցականներ: Չեկան չհամարձակեցաւ մահուան պատիժ տալ ոեւէ մէկուն, այլ բաւականացաւ միայն բանտարկութեամբ եւ աքսորով:

Ճեմալ փաշայի ահաբեկման հանգամանքները պարզ են: Ճեմալ փաշան արժանացաւ իր պատժին նոյն ձեւով եւ միեւնոյն կազմակերպութեան միջոցով, ինչ որ Թալէաթն ու միւս ջարդարարները:

Դժբախտաբար նոյնը կարելի չէ ըսել Էնվերի մասին, որ պոլշեւիկներու յատուկ գուրգուրանքին առարկայ էր: Էնվերը խորհրդային իշխանութեան կողմէ ղրկուեցաւ Անդրկասպեան երկիր` տեղական մահմետական ժողովուրդները խորհրդային իշխանութեան հաւատարիմ պահելու նպատակով, բայց միացաւ խորհրդային իշխանութեան դէմ ըմբոստացած պասմաճիներուն եւ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ:

Ժամանակին խօսք եղաւ այն մասին, որ սպաննողը հայ երիտասարդ մըն է: Աւելին կարելի է իմանալ Չեկայի արխիւներէն:

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ

4 ապրիլ 1966

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?