Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 12, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Զատիկը
Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս արտակարգ ջերմեռանդութեամբ եւ աւանդական սովորութեամբ տօնեց Ս. Զատիկը:

Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ խուռներամ հաւատացեալներ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատիկի սրբազան արարողութիւններուն:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Ս. Եղիա աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ  Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ եւս տեղի ունեցան պաշտամունք ու քարոզ` վերապատուելի ու պատուելի հովուապետներու կողմէ

Երկուշաբթի` յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Ֆըրն Շըպպէքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուները այցելեց աննախընթաց բազմութիւն մը` յարգեու համար յիշատակը իր հեռու ու մօտ ննջեցեալներուն: Գերեզմանօրհնէքը նոյնպէս տեղի ունեցաւ Անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:

Համազգային Մշակութային  ընկերակցութեան Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած Ս. Զատիկի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 ապրիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Սեղաններու շուրջ բոլորուած անդամներու եւ համակիրներու միջեւ շուտով ստեղծուեցաւ մտերիմ մթնոլորտ: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւկթամարտ: Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Տուզճեան շնորհաւորեց ներկաները Ս. Զատիկի տօնին առիթով: Խօսեցաւ «Ն. Փալանճեան» ճեմարանին փոխ տնօրէններէն Մ. Իշխան:

Երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, «Ֆենիսիա» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տարեկան մեծ պարահանդէսը` նախագահութեամբ քոլեճի բարերար, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի:

Զուարթ մթնոլորտի մը մէջ պարահանդէսը տեւեց մինչեւ ժամը 3:30:

Նախագահական Պատարագ

Հանրապետութեան նախագահը կիրակի ներկայ գտնուեցաւ մարոնիներու Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ մատուցուած զատկական հանդիսաւոր պատարագին, իսկ երկուշաբթի յոյն-օրթոտոքսներու եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ մասնաւոր պատարագ մը` ի ներկայութեան նախագահին, վարչապետին, նախարարներու, երեսփոխաններու եւ պետական բարձրաստիճեան անձնաւորութիւններու:

 

Ճատրակ

Պետրոսեան 0.5-Սփասքի 0.5

Երէկ` երկուշաբթի, ժամը 16-ին, Մոսկուայի «Չայքովսքի» թատերասրահին մէջ (1500 հանդիսական) սկսաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումը` աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի եւ իր մրցակից մեծ վարպետ Պորիս Սփասքիի միջեւ:

Առաջին խաղը վերջ գտաւ հաւասար արդիւնքով, երկու մրցակիցներն ալ ստացան կէս կէտ:

Յիշենք, որ մրցումը բաղկացած է 24 խաղերէ, շաբաթական երեք խաղով. երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը: Կիսատ մնացած խաղերը կը շարունակուին յաջորդ օր: Այն խաղացողը, որ կը ստանայ 12,5 կէտ, աշխարհի ախոյեան կը հռչակուի: Հաւասարութեան պարագային (12 կէտ), Պետրոսեան կը պահէ իր տիտղոսը:

Մրցման իրաւարարն է պելճիքացի մեծ վարպետ Օ՛Քելլի: Խաղերէն դուրս, Պետրոսեանի օգնականն է մեծ վարպետ Իսահակ Պոլեսլաւսքի, իսկ Սփասքիի օգնականն է մեծ վարպետ Իկոր Պոնտարեւըսքի:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշերու Շարքէն. Վերջին Քայլերգը (ՄԿՀ-ի Հիմնադրութեան 90-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?