Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Նկարագիր

Մարդը ընկերային էակ մըն է, գիտե՛նք: Ընկերային էակ է ամէ՛ն մարդ: Սակայն մա՛րդ է եւ հանրարժէ՛ք մարդ է ան, որ նկարագիր ունի:

Նկարագիր ունենալ. այս կը նշանակէ, ամէնէն առաջ, դրոշմ, դիմագի՛ծ ունենալ, բարոյական ու հոգեմտաւոր ինքնուրոյն ամբողջութիւն մը, կազմել, ապա` միութիւն, միասնութիւն, հետեւողականութիւն ու ներդաշնակութիւն դնել մեր խօսքին, ինչպէս ե՛ւ գործին մէջ:

Աւելի՛ն. նկարագիր ունենալ` կը նշանակէ մանաւանդ իտէալ ունենալ եւ սկզբունք: Ապա` կեանքի, կենցաղի, ապրումի՛ վերածել թէ՛ մեր իտէալը եւ թէ՛ մեր սկզբունքները:

Իսկ այս բոլորին հիմքը հաւատքն է: Հաւա՛տք` մարդուն հանդէպ, մեր պատկանած ընկերութեան հանդէպ, մշակութային, բարոյական, ազգային ու քաղաքակրթական արժէքներո՛ւն, ձգտումներո՛ւն հանդէպ:

Անհնար է, որ մարդ կարենայ սեփական նկարագիր կերտել առա՛նց իտէալի` անհատական ու ընդհանրական իմաստով:

Անհնար է նոյնպէս, որ մարդ յաջողի նկարագիր ստեղծել ըս՛տ իտէալի իւրում առա՛նց համապատասխան կուռ սկզբունքներու եւ այդ սկզբունքներուն համապատասխան կենցաղի:

Մնաց որ, այդ կենցաղը, իր կարգին, հնարաւոր կը դառնայ շնորհիւ միայն մեր հաւատքի՛ն: Ուստի` ե՛ւ շնորհիւ մեր անսակարկ նուիրումին:

Իտէալ, սկզբունք եւ հաւա՛տք. ահա՛ այն սրբազան «եռոտանի»-ն, որ խարիսխը կը կազմէ մեր նկարագրին ոտքի կը պահէ մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը, ընդհանուր յայտարարի մը մէջ կը ներդաշնակէ ու կը հունաւորէ մեր մտածումներն ու զգացումները, մեր կեանքն ու գործունէութիւնը:

Այո՛, մեր միտքը, մեր հոգին, մեր նկարագիրը կրնան աճիլ, զարգանալ, զօրանալ ու հարստանալ միայն վսեմական իտէալի մը կենարար լոյսերով: Ապա` այդ իտէալին համապատասխան սկզբունքներուն եւ մեր ամբողջական հաւատքին վերանորոգ աւիշով:

Ահա թէ ինչո՛ւ մարդուն մէջ, մանաւանդ հանրային դերի մը կոչուած մարդուն մէջ էականը նկարագիրն է. պայծառ, անխառն, անարա՛տ նկարագիրը:

Նկարագի՛րն է, որ կ՛արժեւորէ, հանրարժէք գործօնի կը վերածէ մարդ անհատը: Նկարագի՛րն է, որ կ՛անհատականացնէ, կ՛անձնացնէ, կը բազմապատկէ ու կը մեծցնէ մարդը: Դրոշմ ու դիմագիծ կու տայ անոր: Կշիռ ու հմայք կ՛ընծայէ անոր խօսքին ու գործին հաւասարապէս:

Աննկարագիր մարդը անիտէալ մարդ մըն է ամէնէն առաջ, անսկզբունք, յեղյեղուկ ու պատեհապաշտ արարած մըն է ապա, զուրկ է ամէն հաւատքէ, ամէն նուիրումէ ու սրբութենէ, ազնուական ու շինարար ճիգէ ու ոգիէ:

Ո՛չ դրոշմ ունի եւ ո՛չ ալ դիմագիծ: Ուստի անընդունակ է դրական գործի թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հանրային կեանքի մէջ ընդհանրապէս: Անորակ է եւ հանրօրէն անարժէք` հետեւաբար: Բազում կոչեցեալներէն է թերեւս, բայց ընտրեալներէն չէ:

Ընտրեալը նկարագրի՛ տէր մարդն է` հաւատաւոր հետեւողական, անձնուրաց, տոկուն ու շինարար ոգիով տոգորուն:

Մա՛րդ մը, որ գիտակից իր կոչումին, ինքզինք կ՛ըլլայ նախ, ապա իր բոլոր ուժերը ի սպաս կը դնէ իր նմաններուն բարձրացումին, բարօրութեան, մեծութեան, կ՛այրուի եւ այրուելով կը լուսաւորէ իր եւ իր նմաններու ուղին, կեանքը, ներաշխարհը:

Նկարագրի տէր մարդը օրինակի չի հետեւիր, օրինակ կը ծառայէ սակայն: Տիպար մըն է, որ կ՛առաջնորդէ` ոգի ու ոգեւորութիւն ներշնչելուն համար անկասկած:

Մթնոլորտ մըն է ինքնին եւ միջավայր կը ստեղծէ, հոգիներ կը թրծէ, թեւ ու թռիչք կու տայ մարդոց մտքին, ազնուական ճիգերու եւ դուն ազնուական ապրումներու հրայրքը կ՛արթնցնէ մարդոց որդիներուն մէջ` իր անձին ու գործին տակ հմայքին ընդմէջէն:

Գաղափարական մարդ մըն է յամենայնի, բարոյական արիութեան եւ մտաւորական պարկեշտութեան մարմնացումը, ճշմարտութիւնը, բայց միայն ճշմարտութիւնը ունենալով իբրեւ հիմնական մտասեւեռում:

Այո՛, նկարագի՛րն է էականը մարդուն մէջ, առաւե՛լ եւս` հանրային գործունէութեան նուիրուած մարդուն մէջ:

Բայց մանաւանդ` մտաւորականի՛ն մէջ, հրապարակագրի՛ն մէջ, հա՛յ հրապարակագրին մէջ:

Հո՛ն, ուր նկարագիր չկայ, բացակայ է մա՛րդը, իսկ հոն, ուր բացակայ է մարդը, ընդունայն է ամէն որոնում:

Լաւ չէ՞, որ երբե՞մն գոնէ յիշենք այս տարրական ճշմարտութիւնները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Գերմանիայի Թուրք Գրողների Ստեղծագործութիւններում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?