Խմբագրական
Ի՞նչ Մնաց
Մեր նախորդ խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, թէ հայ ունեւոր, քաղքենի դասակարգը առհասարակ չազգայնացաւ, չհայրենացաւ, ազգային-քաղաքական նպատակներ չհետապնդեց, հայ կեանքի այլազան տագնապներով չապրեցաւ, հիմնական որեւէ դեր չկատարեց հայոց պատմութեան մէջ եւ միշտ մնաց հայ կեանքի լուսանցքին վրայ:
Այս տխուր երեւոյթը աղէտ դարձաւ ոչ միայն պատմական, այլեւ մեր ազգային կեանքի զարգացման մէջ ընդհանրապէս եւ նոյն այդ դասակարգին համար` մասնաւորաբար:
Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ ան (ունեւոր դասակարգը) մեր կեանքին մէջ երբեք կազմակերպուած ուժ չդարձաւ ո՛չ ինք իր մէջ եւ ո՛չ ալ ազգային չափանիշով:
Աւելի՛ն. մինչ նոր դարերուն, ուրիշ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, քաղքենի դասակարգը նոր գաղափարներու, մարդկայնութեան ու ազգային-յեղափոխական շարժումներու դրօշակիրը հանդիսացաւ, եղաւ գերազանցօրէն յառաջդիմական, այլ մանաւանդ` առաջատար ազդակ մը, ընդհակառա՛կն, հայ իրականութեան մէջ, ջերմոցային ծաղիկի մը պատկերով, ապրեցաւ ինք իր մէջ եւ ինք իրեն համար:
Դե՛ռ աւելին. քաղքենիութիւնը մեր մէջ դարձաւ պահպանողականութեան, յետադիմականութեան խորհրդանիշը, ապաքաղաքականութեան դրօշակիրը, նոյնիսկ` ապազգայնութեան ամէնէն այլասերիչ ծանծաղուտը, տեղին ու պարագային համեմատ:
Այս հակադրութիւնը ամէնէն աւելի զգալի դարձաւ յատկապէս հայ ազատագրական շարժման շրջանին:
Եւ հայ տաղանդը առանձնապէս այս մարզին մէջ, հակառակ իր շողարձակ փայլատակումին ու նուաճած յաղթանակներուն, իբրեւ ազգային բարոյա-նիւթական դրամագլուխ, մսխուեցաւ յումպէտս, փոշիացաւ եւ անհետ կորուստի վերածուեցաւ հայութեան համար:
Արդարեւ, ի՞նչ մնաց հնդկահայ երբեմնի պերճափառ գաղութէն, ուր հայ դրամագլուխը միջազգային կշիռ ու ազդեցութիւն ունեցաւ:
Ի՞նչ մնաց պարսկահայ հին հայ դրամատէր դասակարգէն: Ի՞նչ մնաց նոյնպէս Պաքուի եւ Թիֆլիսի մեր քաղքենի հոծ ու հուժկու դասակարգէն: Ի՞նչ մնաց տակաւին Պոլսոյ մեր ամիրայական ու դրամատէր դասակարգերէն, երբեմնի այնքան շէն ու բարգաւաճ քաղքենիութենէն:
Բայց դեռ թարմագոյն օրինակը մեր աչքին առջեւ է ահա. ի՞նչ մնաց կամ պիտի մնայ եգիպտահայ եւ այլ կարգ մը երկիրներու հայ ունեւոր դասերէն…
Դժբախտաբար` գրեթէ ոչինչ: Համեմատաբար ոչի՛նչ: Բացի մատի վրայ համրուող քանի մը բարի անունէ, քանի մը դրական իրացումէ` հայ ազգային ու մշակութային կեանքի մէջ: Մնացեալը շողշողուն յիշատակ մըն է միայն բարօր կեանքէ մը, որ սակայն ոչինչ ունի մխիթարական ու հայօրէն ներշնչող:
Մնաց որ, մեր խօսքը անհատներու մասին չէ անշուշտ, այլ դասակարգի մը, հաւաքական խմբաւորման մը մասին է: Բացառութիւնները յարգելի են միշտ, բայց այդ բացառութիւնները կանոն չեն կազմեր եւ ստեղծուած հակադրութիւնը աւելի՛ եւս շեշտելու, ընդգծելու կը ծառայեն:
Ուրիշ խօսքով, եթէ կարգ մը հայ ունեւորներ բացառութիւն կազմեցին եւ երբեմն բացառիկ դեր կատարեցին հայ կեանքի մէջ` իրենց ճակտի քրտինքով շահուած նիւթական հարստութիւնը ի սպաս դնելով հայութեան, ա՛լ դժուար չէ երեւակայել, թէ ի՛նչ դեր կրնար խաղալ հայ ունեւոր դասակարգը իր ամբողջութեան մէջ, եթէ գիտակցէր եւ հետեւաբար լծուէր իր ազգային կոչումի կենսագործման…
Իսկ այսօ՞ր, տարբե՞ր է պատկերը այսօ՛ր: Ցաւօք սրտի, բոլոր համեմատութիւնները պահելով, նո՛յնքան տխուր ու ցաւագին է իրականութիւնը նաե՛ւ այսօր:
Այսպէս. պնդողներ կան, եւ գաղտնիք չէ արդէն, թէ արտասահմանի մէջ, Պարսկաստանէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան, մինչեւ Ֆրանսա եւ մինչեւ Մ. Նահանգներ ու Հար. Ամերիկա, հայ միլիառատէրերը կը հաշուուին տասնեակներով, իսկ միլիոնատէրերը` հարիւրներով: Ա՛լ խօսքը չենք ըներ մնացեալներուն, որոնք ո՛չ քանակով եւ ո՛չ որակով կը զիջին առաջիններուն:
Ի հարկէ, այս երեւոյթին ի տես կարելի է միայն ուրախանալ: Կարելի է միայն հրճուիլ ու հպարտանալ` տեսնելով, որ հայ անհատը կը բարգաւաճի նիւթապէս եւ արդիական բարօր կեանք մը կ՛ապրի գրեթէ ամէնուրեք:
Սակայն կարելի՞ է միաժամանակ չտխրիլ այն միւս փաստին առջեւ, որ հայ քաղքենիութիւնը, իբրեւ հաւաքական խմբաւորում, իր ամբողջութեան մէջ կ՛ապրի հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կրկին:
Հեռո՛ւ է հայ ժողովուրդը յուզող ներքին տագնապներէն, ազգային մտահոգութիւններէն ու ձգտումներէն եւ հետամուտ է բացառաբար անհատական կեանքի բարօրութեան:
Բացառութիւնները յարգելով ու գնահատելով հանդերձ, կարելի՞ է անտարբեր անցնիլ այս յոյժ տխուր երեւոյթին կողքով:
Անցեալի դառն փորձառութիւնը, անհատական եւ ազգային գետնի վրայ, բաւական չէ՞ զգաստութեան ու իմաստութեան հրաւիրելու համար ազգին բախտաւոր զաւակները…
Ժամանակը չէ՞, որ հայ ունեւոր դասակարգը վերադառնայ իր ազգային կոչումին, ազգայնանայ եւ սերտօրէն գործակցի հայ քաղաքական ղեկավարութեան հետ` հաւաքական մեր ճակատագիրը միասնական ուժերով վերակերտելու եւ վերափոխելու սրբազան առաքելութեամբ: