Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 26, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոգեցունց Անակնկալը

AZTAG_1966_AUGՇուրջ տարի մըն է կը սպասուէր իր գալուն: Կը սպասուէր իր գալուն, որովհետեւ մեծ յոյսեր կապուած էին իր անունին եւ հանրանուէր մարդու այն  փորձառութեան, զոր ձեռք բերած էր իրաքահայ գաղութին մէջ, կուսակցական ու քաղաքական ասպարէզներէ ներս:

Եկաւ: Խանդավառ ու ամբողջովին տրամադրելի: Ոգեւորութեամբ ձեռնարկեց գործի` անմիջապէս իր շուրջը ստեղծելով մտերմութեան եւ ջերմութեան այն մթնոլորտը, որ անհրաժեշտ է հաւաքական որեւէ աշխատանքի մէջ:

Հազիւ սակայն գործի ձեռնարկած, կը մեկնի ահա` մեծ բաց մը թողելով իր ետին եւ խոր ու անպատում սուգի մատնելով բոլոր զինք ճանչցողները, հին ու նոր բոլոր ընկերները:

Ընդվզեցուցիչ բան մը կայ այս վաղաժամ մեկնումին մէջ, անաւարտ կեանքի մը եւ անաւարտ գործի մը ստեղծած դառնութիւնը, որ այսօր ունին իր բոլոր գործակիցները եւ հայ մտաւորական ու հանրային կեանքին յոյսեր կապած հաւատաւոր ամէն հայ:

Դժուար է հաւատալ դառն այս իրականութեան, այս արագ անցքին, երբ շատեր մինչեւ իսկ առիթը անգամ չունեցան շնորհաւորելու զինք, իր նոր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար:

Գեղեցիկ, անբացատրելի բան մը կը փլի իրեն հետ, թարմ շունչ մը կանգ կ՛առնէ յանկարծ հայ կեանքին մէջ, նոր շրջանի մը հեռանկարը կը փակուի կարծես մէկէն ու պահ մը մարդուս միտքն անգամ կը կենայ հոգեցունց անակնկալին առջեւ, որուն նախապատրաստուելու պատեհութիւնն իսկ չտրուեցաւ մեզի:

Երէկ էր: Մինչեւ կէսօր սեղանին վրայ հակած, կը պատրաստէր այսօրուան թիւը: Ժամը 1:00-ին յանձնեց նաեւ խմբագրականը, որ պիտի ըլլար վերջինը: Շուրջ կէս ժամ «Ազդակ»-ի անձնակազմին հետ զուարթ եւ շէն խօսակցութենէ մը ետք, ժամը 1:30-ին մեկնեցաւ ընկերոջ մը հետ ճաշի:

Ժամը 4:30-ին, երբ նոյն ընկերոջ հետ կը գտնուէր հայրենակիցի մը խանութը, մտերմիկ խօսակցութեան մը պահուն, յանկարծ գետին կ՛իյնայ դիտապաստ` ապշանքի մատնելով շուրջինները:

Ամէն ինչ վերջացած էր: Անմիջապէս կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր մարմինը պահ կը դրուի:

Շանթահարիչ լուրը կայծակի արագութեամբ կը հասնի ամէն կողմ եւ ամէն տեղ, նոյն ցնցումն է, որ կ՛ունենան բոլորը:

Բնիկ սասունցի, ընկ.  Լեւոն Ստեփանեան, գրական անունով Լեւոն Գարմէն, ծնած էր 1914-ին, Հալէպ: Հայկազեան վարժարանին մէջ իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, պատանի հասակին, ծնողքին հետ մեկնած է Պաղտատ, ուր յաճախած է ամերիկեան քոլեճը:

Քաջ անգլիագէտ, տարիներով բարձր պաշտօններ վարած է Քէյ. Օ. Սի. քարիւղի ընկերութեան մէջ: Իրաք գտնուած շրջանին, ընկ. Լ. Ստեփանեան վարած է ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ, սիրուելով եւ յարգուելով անխտիր գաղութի բոլոր անդամներէն: Եղած է խմբագրապետ Պաղտատի «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, որ հայ մամուլի արժանաւոր անդամներէն մէկը եղաւ:

Գրականութեան մէջ իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց 1947-ին` լոյս ընծայելով «Վայրկեաններ» քերթուածներու հատորը, ապա, քանի մը տարի ետք, «Բաբելոնեան տոմարը», որոնք զգայուն բանաստեղծի մը վկայութիւնը կը բերէին:

Ունի հրատարակելիք գործերու  բազմաթիւ տրցակներ:

Իր մահով հայ ժողովուրդը` ընդհանրապէս, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` մասնաւորաբար, կը կորսնցնեն հաւատաւոր եւ գաղափարական հայ մը, աննկուն կամքի տէր հանրային գործիչ մը, կուսակցական որակաւոր եւ բազմերախտ նուիրեալ մը, գրական արժէքաւոր մշակ մը եւ ջղուտ ու ներհուն հրապարակագիր մը:

Իր Վերջին Խմբագրականը

 Պատը

«Ազդակ»-ի մէջ, իր ութերորդ խմբագրականը ճակատագրականօրէն եղաւ նաեւ վերջինը: Կը հրատարակենք նշխարի մը պէս, իբրեւ հրաժեշտի իր խօսքը, գաղափարական մարդու վերջին պատգամը.

Մեր դարուն մեծագոյն ամօթը` Պերլինի պատը, բիրտ եւ մռայլ իր կառոյցով, վեց հարիւրէ աւելի խրամատներու, պահականոցներու եւ դիտարաններու իր պաշտպանութեամբ, սպառնական խորհրդանիշն է ո՛չ միայն երկու գերմանիաները իրարմէ բաժնող, այլ երկու աշխարհները.- ազատ մտածողութիւնն ու ստրկամտութիւնը:

Պերլինի պատը պոլշեւիզմի անբարոյականացնող «գաղափարաբանութիւնն է» – քարացած ու շօշափելի – ցցուած մարդ անհատին արժէքաւորման եւ մարդկայնականութեան դէմ:

Նացիզմի, ազգերը գերեվարող ռազմապաշտութեան դէմ շղթայազերծուած Երկրորդ Աշխարհամարտը, Պերլինի պատին շինութեամբ հաստատեց, որ խաբկանք էր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մղուած աշխարհասասան պատերազմը, որովհետեւ ազատութեան համար ինկածներու աճիւններուն վրայ բարձրացաւ հոգիներու գերութեան խորհրդանիշը` ամօթի պատը:

Երկու գերմանիաները օգոստոս 13-ը նշանակեցին պատի շինութեան հինգերորդ տարեդարձը. արեւելեանները կոչեցին զայն «ազատութեան վահան», իսկ արեւմտեանները` «ամօթի պատ»:

Արեւելեան Գերմանիոյ համար «ազատութեան վահան» է ան, որովհետեւ եթէ չհիւսուէր պատը, աստիճանաբար պիտի ամայանար Ուլպրիխթի Միջազգային համայնավարութեան կաղապարին մէջ թրծուած իշխանութիւնը, «բանուորագիւղացիական» կառավարութիւնը:

Ոչ թէ հարիւր հազարներու, այլ միլիոններու հասաւ թիւը անոնց, որոնք, առանց ամենադոյզն վարանքի, արեան գնով իսկ ընտրեցին ազատութիւնը եւ անցան արեւելքէն արեւմուտք:

Համայնավար իրաւակարգէն դէպի ազատութիւնը անցնող այս բազմութիւններուն 95 առ հարիւրը բանուորներ եւ գիւղացիներ էին, որոնց մէջ կենդանի էր դեռ մարդկային արժանապատուութեան ոգին, եւ որոնց համար մարդ անհատին ազատութեամբ` կ՛իմաստաւորուէր կեանքը: Արդ, բանուորներն ու գիւղացիներն էին, որոնք փախուստ կու տային իրաւակարգէ մը, որ իր պարունակով «բանուորագիւղացիական» էր, իսկ պարունակելով` հոգեկան գերութիւն:

Բայց այս առիթով աւելի պերճախօս են թիւերը, քան բառերը:

Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն մինչեւ 1949 սեպտեմբեր, համայնավար Գերմանիայէն արեւմուտք ապաստանած էին 3.600.000 գերմանացիներ: 1949-ին, երբ Ուլպրիխթի իշխանութեան համայնավար ուղղափառութիւնը հասաւ անհանդուրժելի ծայրայեղութեան, նոյն տարուան սեպտեմբեր ամսուն միայն սահմանը անցան 2.691.270 գերմանացիներ: Այս փախստականներուն մէջ կային երեք հազարէ աւելի գիտնականներ եւ բժիշկներ, մօտ քսան հազար երկրաչափներ եւ նոյնքան մտաւորականներ ու կրթական մշակներ:

Եթէ ի մի հաւաքելու ըլլանք թիւերը, շուրջ 6.300.000 մարդ նախընտրեց ազատութիւնը եւ արեւելքէն անցաւ արեւմուտք:

Ի նպաստ ազատութեան տրուած հանրաքուէին խօսուն ապացոյցն է նաեւ երկու գերմանիաներու բնակչութեան թիւը: Համայնավար Գերմանիոյ 18 միլիոնին դէմ Արեւմտեան Գերմանիոյ բնակչութեան թիւը կ՛անցնի 55 միլիոնը:

Կասեցնելու համար Արեւելեան Գերմանիոյ պարպումը, հինգ տարի առաջ ռուսերու օժանդակութեամբ, գիշերուան մը մէջ, հիւսեցին պատը. հիւսեցին համայնավար «գաղափարականին» պարտութեան ցցուն ապացոյցը:

Բարձրացաւ պատը, մարդկային արժանապատուութեան ճակատին դրոշմուած ամօթի մեծագոյն խարանը, սակայն ան չկրցաւ կասեցնել մարդ անհատին ազատութեան ձգտումին հոսանքը:

Համայնավարութիւնը մէկ գիշերուան մէջ հիւսեց ամօթի ամրանիստ պատը, սակայն անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին, հոգիներու մէջ, ընդդէմ ազատութեան չկրցաւ բարձրացնել աղիւս մը իսկ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Հրատարակութիւն Մը. Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկոսութիւնը Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?