Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 22, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Նորերը

(Գրական Մտահոգութիւն Մը)

Սփիւռքի գրականութիւնը, չորս տասնամեակներու իր վաստակով, ո՛չ միայն տուաւ արժէքներ, այլ ընդհանրական համադրութեամբ, դարձաւ շարունակութիւնը արեւմտահայ գրականութեան:

Քառասուն տարիներու ժամանակամիջոցը իր յաջորդական երեք սերունդներու վաստակով, առանց նախապաշարումներու, եթէ ենթարկելու ըլլանք համեմատական բաղդատականի մը, իբրեւ արուեստ, դրոշմ, ներքին վկայութիւն, կառոյց ու ոճ, արեւմտահայ արձակին հետ, առանց վարանքի պիտի արձանագրենք զգալի նուաճում մը` ի նպաստ սփիւռքի գրականութեան:

Մրցակցութեան ի գին չէ, որ կ՛ընենք այս հաստատումը, այլ արուեստներու հոլովոյթը շարունակութեան հետքերով իսկ կը վերանորոգէ ինքզինք, յաւելեալ կատարելութեամբ` նախատիպարին եւ այսպէս շարունակաբար:

Կան դիտողութիւններ սակայն, թէ սփիւռքի գրականութիւնը վերջին տասնամեակին տեղքայլի մէջ է.- ճիշդ է այս մատնանշումը: Կան մտահոգութիւններ նաեւ, որ սփիւռքի գրական նոր կամ նորագոյն սերունդը չէ նուիրուած ստեղծագործութեան, այն թափով, որ նուիրուած էին նախորդ երկու սերունդները` երէցն ու միջինը:

Այս տեղքայլը, կը նկատեն ոմանք տաղանդի պակասին կամ անտարբերութեան,- ընդհանրական տեսակէտներ, որոնք արդիւնք են եւ ոչ պատճառ: Պատճա՞ռը, վերջին տասնամեակի այս տեղքայլին կը կարծենք հետեւեալն է.

Սփիւռքը կը բոլորէ փոխանցման շրջան մը: Հասած է անկիւնադարձի մը նախադուռին, միջավայրի եւ հոգեխառնութեան տեսակէտէն:

Բացատրենք:

Սփիւռքի գրական նորագոյն սերունդը զուրկ է դեռ մտքի այն գրգիռէն, զոր իրեն նախորդող երկու սերունդները` երէցն ու միջինը ունեցան, իբրեւ հետեւանք առաջինին խորտակուած երիտասարդութեան, իսկ երկրորդին չապրուած մանկութեան եւ գաղթականի եղերական ողբերգութեան:

Այսօր սփիւռքը 1925-ի սփիւռքը չէ, այլ հակադիր եզրով մը մաս կը կազմէ մերօրեայ քաղաքակրթութեան, որպէս նիւթական նուաճում, վայելք եւ ապահովութիւն:

Այս անկիւնադարձը, պատճառն է, որ գրական նորագոյն սերունդը մատնուի շուարման եւ դժուարանայ գտնել ինքզինքը,- իր ներքին մարդը` հայը համադրել իր ստացական բարձր կրթութեան հետ, իր ապահով եւ վայելքներով լի առօրեային եւ գարուն մտորումներուն հետ:

Սփիւռքի մէջ ստեղծուած միջավայրի եւ հոգեխառնութեան այս անկիւնադարձին դէմ յանդիման գրական նորագոյն այս սերունդը կը զգայ ինքզինք այնքան հայ, որքան իր հայրը, սակայն ազդեցութիւններու եւ գրքերէ եկած «տեսութիւններու» հետեւանքով չէ կրցած, կը կրկնենք, համադրել ինքզինքը, իր կազմուած իմացականութեան եւ միջավայրին հետ: – Ասկէ այն մղումը, գիտակից կամ անգիտակից, որ նետած է զինք գրական դպրոցներու կամ տեսութիւններու անանձնական հոսանքին մէջ:

Արդ, այս խարխափումները դարձած են արգելքներ` մտքի գրգիռի արծարծման եւ ինքնուրոյն տաղանդի յայտնաբերման:

Մեր գրականութիւնը ունեցած է վարանքի նման շրջաններ, ինչպէս իրապաշտութենէ գեղապաշտութիւն փոխանցման շրջանի տասնամեակը: Կամ խորհրդահայ գրականութեան «Չին ու Մաչին»-ի շրջանի խարխափումներէն մինչեւ Չարենցի հզօր տաղանդին հզօր շեշտը:

Ուրեմն սփիւռքի նորագոյն գրական սերունդը, հակառակ ներկայ իր շուարումներուն, եթէ կան անոնց մէջ իրաւ տաղանդներ, վերջ ի վերջոյ կը ձերբազատէ ինքզինք ձեւապաշտութեան ջրապտոյտներէն եւ վկայութեան ճամբով կը համադրէ իր ներքին մարդը` հայը, իր նոր միջավայրին եւ իմացական մտորումներուն.- տեղքայլը կը դառնայ ստեղծագործութիւնը` դրոշմուած սերունդի մը ներքին վկայութեամբ:

 

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Տարեկան
Մեծ Բանակում-Հանդէսը
Պուա Տը Պուլոնեի Մէջ

 

Երէկ, կիրակի, 21 օգոստոսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուա տը Պուլոնեի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական գեղատեսիլ բանակավայրին մէջ. աննախընթաց յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպած տարեկան մեծ բանակում – հանդէսը, հովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար զօր. Ճեմիլ Լահուտի:

Ներկայ եղան Խորէն Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Ներսէս Ծ. Վ. Բախտիկեան, պետական հայ երեսփոխաններ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ամերիկահայ ազգային Արշակ Տիգրանեան, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Շահինեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան եւ Նշան Թիւյսիւզեան:

Սկաուտական այս բացառիկ ցնծատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յորդանանէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն եւ առաւելաբար Լիբանանէն աւելի քան 400 սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ածուիկներ:

Արդարեւ, բնութեան այս սքանչելի վայրին մէջ, Եռագոյնի եւ իրենց պատկանած երկիրներու ազգային դրօշներուն ներքեւ, սրտագրաւ պատկեր մը պարզուած էր: Բազմահազար ժողովուրդ ուրախութեամբ դիտեց ՀՄԸՄ-ական սերունդի ցուցադրած արժանիքները` յայտնելով իր անվերապահ գնահատանքը:

Տեղի ունեցան սկաուտական խաղեր, պարեր, անակնկալներ եւ դրօշակի արարողութիւն, որոնք արժանացան խանդավառ ծափերու:

Յաջորդաբար խօսք առին, կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ Թուֆիք Ապու Սալեհ, Սկաուտական ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Ֆարէս Հաժժար, զօր. Ճեմիլ Լահուտ, Արշակ Տիգրանեան եւ Ներսէս Ծ. վրդ. Բախտիկեան:

Բոլոր ճառախօսներն ալ բարձր գնահատեցին սփիւռքի հայ մարմնակրթական մեծագոյն կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ի կատարած գործը, անոր կարգապահ ոգին, վարիչներուն ցուցաբերած անվերապահ զոհողութիւնը, որ պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն հայ ազգին, այլ նաեւ` Լիբանանին եւ այն երկիրներուն, ուր կը գործէ ՀՄԸՄ:

Տպաւորիչ այս բանակում-հանդէսը վերջ գտաւ հայր սուրբի «Պահպանիչ»-ով եւ «Յառաջ նահատակ»-ով:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դեռ Ոչ Սոսկ «Ծագումով Հայ» Խանգարող Զբօսաշրջիկի Մտածումներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?