Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 30, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հրաժեշտի Խօսք

Այսօր անպատում վիշտով եւ երկիւղած յարգանքով հողին կը յանձնենք մարմինը սիրելի Լեւոնին, որ կարճատեւ, այլ լուսայորդ ներկայութիւն մը եղաւ մեր կեանքին մէջ, անցաւ ասուպի մը պէս, իր ետին թողելով քաղցր յիշատակը հանրային բազմերախտ գործիչի, ներհուն հրապարակագրի եւ զգայուն բանաստեղծի:

Լեւոն անուն մըն էր մեզի համար, երբ Պաղտատ կը գտնուէր:

Հոս, եղաւ կենդանի օրինակ մը` խանդավառութեան եւ եռուն աշխատանքի, պատրաստ` ընծայաբերելու իր լաւագոյնը այն հաստատ համոզումով, թէ մամուլը հիմնական դեր ունի կատարելիք հայ կեանքին մէջ` իբրեւ հանրային կարծիքի առաջնորդ:

Նոր հորիզոններու պայծառութեամբ մօտեցաւ մեզի: Կը գիտակցէր իր ուսերուն ծանրացող պատասխանատուութեան, բայց աննկուն կամքով փարեցաւ գործին, ինչպէս միշտ, հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս Իրաք, որ գործունէութեան ընդարձակ դաշտ մը եղած էր իրեն համար, համապատասխան` իր նուիրումին եւ հանրային ջիղին զօրութեան:

Բարեհամբոյր եւ զուարթախոհ ընկերը եղաւ ան բոլորին, անո՛նց, որոնք տարիներով իր մտերմութիւնը վայելելու բախտը ունեցած էին, ու նաեւ անոնց, որոնք իր ընկերներուն խանդավառ պատումին մէջէն ծանօթացած էին Լեւոնին ու յետոյ առիթը ունեցած էին հետը ըլլալու, նոյնիսկ կարճ ժամանակի մը համար:

Շատ քիչերուն տրուած է ըլլալ միաժամանակ պատկառազդու եւ մտերմական, լուրջ եւ զուարթամիտ: Լեւոն կրցած էր այդ դժուարին հաւասարակշռութիւնը գտնել եւ կիրարկել բոլորին հանդէպ անխտիր, յարգուելով ու սիրուելով բոլոր ընկերներէն:

Պէյրութէն շատ քիչեր հաւանաբար իրաւունքը ունենան արտայայտուելու իր մասին: Զինք լաւապէս ճանչցողները կը գտնուին Պաղտատ, իր հողակոյտին վրայ ափ մը հող նետելու դժխեմ անկարելիութեան առջեւ:

Այսօր անոնք մեզի հետ պիտի ըլլան հոգիով ու մտածումով, ապահովաբար աւելի մեծ վիշտով ու մորմոքով, որովհետեւ այս տխուր պահուն, պիտի ապրին յաճախանքը անցեալի յուշերուն, չհաւատալով անոր կորուստին, չհաշտուելով Լեւոնի մահուան գաղափարին հետ:

Ուրիշ շատ մը ընտրեալներու պէս, «Վայրկեաններ»-ու զգայուն բանաստեղծը եւս աչքերը կը փակէ հեռու այն երկրէն, որուն հանդէպ իր սէրը զօրացած էր կարօտին յոյզով: Լեւոն եղաւ անոնցմէ – բիւրաւորնե՛ր -, որոնք աշխարհ եկան օտար հորիզոններու տակ, մեծցան ու ապրեցան անհարազատ միջավայրի մէջ, չտեսան իրենց երազներուն երկիրը, բայց անով լեցուեցան եւ հարստացան իրենց զգացումին ու մտածումին մէջ: Հայրենիքը հեռաւոր կենդանի ներկայութիւն մը եղաւ իրենց համար, անո՛ր համար տքնեցան ու գործեցին, անոր կարօտով այրեցան:

Մենք, իր գաղափարի ընկերները, մեր կսկիծն ու տխրութեան մէջ, այսօր մեր միակ սփոփանքը կը գտնենք այն պայծառ յիշատակին մէջ, որ Լեւոն կը թողու իր ետին. այն ուխտի՛ն մէջ, որ իրն էր, հաւասարապէս մեր բոլորին, անոնց, որոնք հպարտութիւնը ունին ըլլալու մէկ մասնիկը անմահութեան ճամբաներու յաւիտենական ճամբորդին` ազատատենչ հայութեան:

Սիրելի՛ Լեւոն, փայլուն ապագայի մը խոստումով եկար, բայց ինկար դիտապաստ, պաշտնէշի վրայ, կիսաւարտ գործդ կտակելով մեզի:

Հանգչէ՜ խաղաղութեամբ, արդարներու նինջով: Ջահը, որ ինկաւ ձեռքէդ, մերն է այսօր, սրբազան առաքելութեան նոյն ճամբուն վրայ:

 

Մշուշ Ու Լռութիւն

Լեւոն Գարմէնի քա՛ղցր հոգիին

Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ ու լըռութիւն
Պատրանք մ՛անծալ, թեւատարած
Սաղարթներուն, երդիքներուն, ճամբաներուն
Ու մո՛ւթը խոր, խո՜ր, սըտանդո՛րր,
Ու ամէն տեղ. ամէն անկիւն
Ծուէն-ծուէն վիշտ մ՛անանուն,
Ամէն ճիւղի, քիւի նըկուն
Քօղն` հերարձակ այրիներուն
Արտասուաթոր ու մահաբոյր,
Ու անհամբոյր, անտուն մանկան հեւք հեկեկուն,
Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ ու լըռութիւն
Յոյլ քայքայում, թափահարում, ստուեր տրտում
Ափերը բաց, աչքերը թաց
Դեռ չըմեկնող, թափառացած
Ու մոխրադէպ, խնկամարմնին
Հոգիի մը ոտնաձայնը մեղմահնչիւն,
Ցաւի հծծիւն, ու ափսոսանք ու սըրսփուք
Սրտէ մ՛անոյշ, արիւնածոր, սիրոյ շշուկ
Անդենական խորհուրդ խորին ու փըսփսուք
Սաղարթներուն, երդիքներուն, ճամբաներուն
Երազ ու յուշ
Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ
Ու լըռութիւն

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազդա՞ծ Են Արդեօք Թրքականը Չգնելու Կոչերը Թուրքիայէն Ներածումներուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?