Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Գնահատելի Ձեռնարկ Մը

(ՀՄԸՄ-ի Բանակումին Առիթով)

ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնը եւ Սկաուտական Շրջանային խորհուրդը այս տարի իրականացուցին ծրագիր մը, որ տարիներ շարունակ եղած էր երազը եկող ու անցնող բոլոր մարմիններուն:

Տասը օր ամբողջ Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Կիպրոսէն եկած ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ միացան Լիբանանի իրենց եղբայրներուն եւ ո՛չ միայն վայելեցին այս սքանչելի երկրին բնութեան բարիքները, այլ նաեւ հաղորդուեցան իրարու, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Օգոստոս 16-23, Պուա տը Պուլոնի մուտքին գտնուող բլրակը դարձաւ ժամադրավայրը շրջանի հայութեան, որ իր ներկայութեամբ քաջալերեց ձեռնարկը եւ ուշադիր հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ աշխատանքներուն:

Նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով իրագործուած այս ձեռնարկը, որ Շրջանային վարչութեան հիմնական գործերէն մէկը կը հանդիսանայ, արժանաւորապէս գնահատուեցաւ հասարակութեան կողմէ: Բայց ամէնէն թանկագին գնահատանքը եկաւ նոյնինքն սկաուտներէն, որոնք երախտագիտական զգացումներով լեցուեցան` հանդէպ կազմակերպիչներուն, որոնք խորապէս ըմբռնած էին գործին կարեւորութիւնը եւ ոչ մէկ ջանք խնայած` անոր յաջողութեան համար:

Պուա տը Պուլոնի սկաուտական բանակումը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ ՀՄԸՄ-ը մարզական միութիւն մը չէ միայն, այլ ունի գիտակցութիւնը իր առաքելութեան կարեւորութեան: Առաքելութիւն մը, որ յստակօրէն գծուած է իր լուսամիտ հիմնադիրներուն կողմէ, մօտ յիսուն տարի առաջ:

ՀՄԸՄ-ը, որ այս երկրին մէջ կը հանդիսանայ մարզական շարժումին առաջնորդը եւ օրինակ կը ծառայէ այլոց, կրնար իր դափնիներուն վրայ քնանալու փորձութեան մէջ իյնալ: Մարզադաշտերու վրայ շահուած յաղթանակները, ամէնէն փայլուն օրերուն իսկ, չգինովցուցին երիտասարդական այս կազմակերպութեան  ղեկավարներն ու կուռ շարքերը: Հիմնական նպատակը, այդ յաղթանակներուն շնորհիւ, կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համախմբումն էր այս միութեան շուրջ, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուէր անոր` իրագործելու իր սկզբնական առաջադրանքը. հայ երիտասարդութեան հոգեկան ու ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւնը, «Բարձրացիր, բարձրացուր» պերճախօս նշանաբանին իմաստ մը տալով:

Այս տարուան բանակումը, անկախ իր կազմակերպական յաջողութենէն, գնահատելի է մասնաւորաբար իր յղացումին մէջ: Կու տայ փաստը, թէ երիտասարդական այս կազմակերպութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ շողշողուն յաղթանակներէ աւելի, կը փնտռէ լուռ ու հետեւողական աշխատանքը,- միակ տեւականը եւ կենդանին:

Կ՛իմանանք, որ այս տարուան յաջողութիւնը խթան մը պիտի ըլլայ պատկան մարմիններուն, որպէսզի երկու տարի ետք, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ, կազմակերպեն միջմասնաճիւղային մեծ բանակում մը, մասնակցութեամբ բոլոր մասնաճիւղերէն եկած հարիւրաւոր սկաուտներու,- հայ պատանիներու, որոնց հոգեկան հաղորդումը այնքա՜ն կարեւոր է վաղուան համար, երբ իրենց կարգին պիտի կոչուին գաղութներու ղեկավարութեան:

Անգամ մը, որ ըմբռնուի գործին անհրաժեշտութիւնը նաեւ ժողովրդային լայն զանգուածներուն կողմէ, վստահ ենք, որ այս գաղութը տրամադիր պիտի ըլլայ զոհողութիւններու` զօրավիգ կանգնելու համար ՀՄԸՄ-ի ապագայ մեծ ծրագիրներուն:

Մեր ժողովուրդը շատ զգայուն է կենդանի գործին հանդէպ ու պիտի գիտնայ իր բոլոր միջոցներով քաջալերել միութիւն մը, զոր կը նկատէ իր հարազատը, միսը միսէն, ոսկորը ոսկորէն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Նազիկ Աւտալեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?