Պաթումի Հայ Գաղութը
Խորհրդային Վրաստանի մաս կազմող ինքնավար հանրապետութիւն է Աճարիան: Հեքիաթային հարստութիւններու տէր այս երկիրը պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ Կոլխիթա հին անունով:
Ունի 3000 քառ. քմ տարածութիւն է 250.000 բնակիչ: Մայրաքաղաքն է Պաթում: Կարեւոր նաւահանգիստ մը` Սեւ ծովու արեւելեան ափին:
Հայերը Աճարիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած են շատ հին դարերէն:
Աճարիոյ հայ գաղութը ներկայիս կը բաղկանայ 25 հազար հայերէ, որոնք կը կազմեն երկրի ամբողջ բնակչութեան տասը տոկոսը:
Պաթումի մէջ կը բնակին 22 հազար հայեր, որոնք կը կազմեն մայրաքաղաքի բնակչութեան 25 տոկոսը:
1915-1920 թուականներուն թրքական ջարդերէն ազատուած շուրջ 30 հազար հայեր բնակութիւն հաստատած էին Պաթումի մէջ: Հետագային անոնց մէկ մասը փոխադրուեցաւ Հայաստան:
Պաթումի հայերուն հիմնական մասը 1915-ի ջարդէն վերապրողներ են կամ` անոնց սերունդները:
Հայերը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքի ամբողջ կեանքին:
Ունին քանի մը դպրոցներ, որոնցմէ ամէնէն հինն է թիւ 12 միջնակարգ դպրոցը: Այս դպրոցէն վերջին 30 տարուան ընթացքին շրջանաւարտ ելած են 1000 աշակերտ, որոնցմէ շատեր իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած են Երեւանի համալսարանի զանազան ճիւղերուն մէջ: Վերջերս դպրոցի հին շէնքը փոխարինուած է հինգ յարկանի նորակառոյց շէնքով մը: Կ՛ուսանի 880 աշակերտ:
1500-է աւելի հայեր կը բնակին Պաթումէն 11 քմ հեռու գտնուող թէյի արտադրութեամբ յայտնի Չաքվի քաղաքին մէջ: Ունին ութամեայ հայկական դպրոց մը, ուր կ՛ուսանի 230 աշակերտ:
Հայաշատ կեդրոններ են նաեւ Քոբուլեթ եւ Մախինչաուր փոքր քաղաքները եւ ծովեզերեայ այլ գիւղեր:
Պաթումի մէջ հայերը ունին 80 տարուան անցեալ ունեցող ժողովրդական թատրոն մը: Քաղաքի հանրային գրադարանը ունի հայկական բաժին մը: Կը ստանայ Երեւանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր գիրքերն ու թերթերը:
1966-ին Աճարիոյ հայերը բաժանորդագրուած են եւ կը ստանան երեք հազարէ աւելի հայերէն թերթ ու ամսագիր:
Իբրեւ պատմական յուշարձան` Պաթումի մէջ կանգուն կը մնայ 80-ամեայ հայոց եկեղեցին:
Պաթումի հայերուն մեծ մասը կ՛աշխատի նաւահանգիստին մէջ` իբրեւ ճարտարագէտ, նաւաստի եւ բանուոր:
Պաթում Խորհրդային Միութեան ամէնէն խաղաղ քաղաքներէն մէկն է: Բնակիչներուն բնաւորութիւնն ալ մեղմ է: Բայց արտաքուստ մեղմ երեւցող պաթումցի հայուն բնաւորութեան մէջ պահուած է աղմկոտ ու ըմբոստ սասունցիի ոգին: Հարսանիքի ատեն այնպիսի խելայեղ պարեր կը պարեն, կարծես կը գտնուին իրենց պապենական լեռներուն մէջ:
Բայց Պաթումի մէջ միայն սասունցիներ չկան: Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ` մշեցիները, պիթլիսցիները, տրապիզոնցիները, արտուինցիները, արտահանցիները, ճորոխցիները, կարսեցիները:
Արեւմտեան Հայաստանի այս գաւառներուն նախկին բնակիչները իրենց նոր բնակավայրին մէջ ոչ միայն պահած են իրենց ազգային դիմագիծը, այլեւ` հազարամեայ աւանդական սովորութիւնները:
Այս աւանդապահութիւնը կ՛արտայայտուի ոչ միայն լեզուի, հարսանիքի, ուրախութիւններու եւ տխրութիւններու ընթացքին, այլեւ` հագուստ-տարազի մէջ:
Աճարիոյ մէջ կարելի է տեսնել արեւադարձային միրգերու համար պատրաստուած իւրատեսակ կողովներ, որոնք յատուկ են Տայոց աշխարհի (Ճորոխի ափերուն) հայերու կողովներուն:
Պաթումի հայերը իւրացուցած են տեղացիներու կենցաղին յատուկ բազմաթիւ կողմեր: Իրենք եւս, միեւնոյն ատեն, զգալի ազդեցութիւն թողած են Պաթումի ընդհանուր կենցաղային սովորութիւններուն վրայ:
Ողիմպիական Խաղերը Ե՞րբ Սկսած Են…
Ի՞նչ Է Անոր Խորհրդանիշը
Պատմական ստոյգ տուեալներ գոյութիւն չունին, եւ մինչեւ այսօր գիտականօրէն կարելի չէ եղած հաստատել ճշգրիտ թուական մը, թէ ե՛րբ սկսած են կամ ո՞վ յղացած է Ողիմպիական խաղերը:
Առաջին յիշատակութիւնը կատարուած է Քրիստոսէ 776 տարի առաջ գրուած գիրքի մը մէջ: Գիրքին հեղինակը կը յայտնէ, որ ինք մրցումներու մասնակցած է եւ ձեռք բերած է փայլուն յաղթանակներ:
Ողիմպիական խաղերը սկզբնական շրջաններուն կրօնական բնոյթ ունեցած են: Մրցումներուն մասնակցած են միայն վազքի ախոյեանները:
Հետագային, վազքի մրցումներուն վրայ աւելցած են ձիարշաւի, կռփամարտի, ըմբշամարտի եւ թռիչքի մրցումները:
Այս մրցումները շարունակուած են մինչեւ 393, երբ Հռոմի Թէոդոսոս կայսրը արգիլած է մրցումները: Այնուհետեւ, դարեր շարունակ, անուշադրութեան մատնուած են Ողիմպիական խաղերը:
Միջնադարուն Ողիմպիական խաղեր տեղի ունեցած են սահմանափակ շրջանակներու մէջ:
Ներկայ ձեւի Ողիմպիական խաղերուն սկիզբը դրած է գերմանացի գիտնական Քորթիոս:
Առաջին անգամ համաշխարհային մրցումներ տեղի ունեցած են Յունաստանի մէջ, 1896-ին: Կազմուած է յանձնախումբ մը` ղեկավարելու համար մրցումները:
Այնուհետեւ Ողիմպիական խաղերը կազմակերպուած են չորս տարին անգամ մը:
Ողիմպիական խաղերուն խորհրդանիշը կը կազմեն իրարու հագցուած հինգ օղակներ, որ կը նշանակէ միացումը հինգ աշխարհամասերու:
Խորհրդանիշին մէջ գրուած են լատիներէն երեք բառեր. Սիթիուս, Ալթիուս եւ Ֆորթիուս: Կը նշանակեն` աւելի արագ, աւելի բարձր եւ աւելի ուժեղ:
Ողիմպիական խաղերը ունին նաեւ հետաքրքիր նշանաբան մը. «Ողիմպիական խաղերուն մէջ յաղթանակը այնքան կարեւոր չէ, որքան` մասնակցութիւնը մրցումներուն: Չխնայել որեւէ ճիգ ու ջանք` հասնելու համար փայլուն յաղթանակին»:
