Խմբագրական
Հանրային Կեանքն
Ու Դժգոհութիւնը
Հանրային կեանքէն ներս, այլազան մարզերու մէջ, կան դժգոհութիւններ, որոնց տուն տուող առիթը ձեռնարկուած գործին անթերի եւ լաւագոյնս կիրարկման մտահոգութիւններէն կը բխի:
Դժգոհը նախ քննադատ է. ոչ թէ տեսական առումով, ինչպէս է պարագան գրականութեան եւ արուեստի կալուածներէն ներս, այլ` գործնական իմաստով, որովհետեւ հանրային կեանքը նախ շարժուն երեւոյթ է, այսինքն` գործ, ձեւաւորուած ներքին եւ արտաքին ազդակներու պարտադրիչ կաղապարներով, աւելի պարզ բացատրութեամբ, զուգորդութիւն մը գաղափարներու եւ կեանքի հարկադրիչ պայմաններուն:
Արդ, դժգոհը երբ կը քննադատէ, կը նշանակէ, թէ մտահոգուած է հանրային կեանքով եւ զայն կը նկատէ իր էութեան անբաժանելի մէկ մասը:
Անտարբեր մը կամ հանրային շահագրգռութիւններէ զուրկ անձ մը զերծ է դժգոհութենէ, որովհետեւ իր մտածումովն իսկ չէ օղակուած հաւաքական կեանքին կամ մտահոգութիւններուն:
Այս հաստատումը` պարզապէս շեշտելու համար, որ դժգոհը ըլլալով մէկ մասնիկը հանրային կեանքին, իր դժգոհութիւնը հիմնաւորելու է ո՛չ թէ պահանջատէրի հոգեբանութեամբ, այլ` գոյութիւն ունեցող թերիներու պատասխանատուութիւնը ստանձնողի եւ զանոնք սրբագրողի գիտակցութեամբ:
Այս մօտեցումով դժգոհութիւնը կառուցողական է եւ կը դառնայ անհրաժեշտ լծակ մը` հանրային կեանքի վերելքին նպաստող: Դժգոհը իր անմիջական մասնակցութեամբ եւ յաւելեալ ճիգերով կը հարթէ իր դժգոհութեան դրդապատճառ հանդիսացող խոչընդոտները եւ կը ձգտի գործը հասցնել ընդհանրական չափանիշներով, եթէ ոչ կատարեալին, գէթ` լաւագոյնին:
Այս դժգոհութիւնը տեսութեան սահմաններէն կ՛անցնի գործնական աշխատանքի` գիտակից պատասխանատուութեամբ եւ անթերիին հասնելու ձգտումով. ստեղծագործ աշխատանք է եւ մղիչ ուժ:
Սակայն, երբ դժգոհութիւնը կ՛առնէ իր սկիզբն ու ձեւաւորումը` դժգոհին անձնական նախասիրութիւններէն կամ չգոհացուած Ես-ին դառնութիւններէն, շատ բնականօրէն զերծ է այլեւս ընդհանրական բնութագծերէ, ինչպէս հիւանդ մը, ինքն է, որ առաջինը կը գիտակցի իր ախտին, նոյնպէս դժգոհութեան այս անձնական զգայութիւնը լաւագոյնս կ՛ըմբռնէ` ինք ենթական, դժգոհը եւ հոգեբանական շեղումով մը կը դառնայ պահանջատէր, միշտ դժգոհ եւ միշտ կրաւորական, խուսափելով ներգործական աշխատանքէ, որովհետեւ զինք մտահոգողը գործին թերիները չեն, այլ իր անձնական նախասիրութիւններն են եւ Ես-ին չգոհացուած պահանջները:
Նման դժգոհութիւն մը կը դադրի շինարար եւ ստեղծագործ ըլլալէ եւ կը դառնայ հիւանդագին երեւոյթ մը` ենթակային հոգեկան աշխարհն ու նկարագիրը յայտնաբերող:
Հայ կեանքէն ներս նման դժգոհներ եւ դժգոհութիւններ հազուադէպ երեւոյթներ չեն: Կ՛առարկուի, թէ խառնուածքի հարց է. ենթակային մէջ շեշտուած է իրաւատէրի գիտակցութիւնը, սակայն անոր զուգընթաց չէ կազմաւորուած պատասխանատուութեան զգացումը:
Ճիշդ է այս ախտաճանաչումը, սակայն անձնակեդրոն` այս դարուն մէջ: Հայ կեանքէն ներս արժէք է իւրաքանչիւր անհատ, երբ լծուած է ան հանրային գործունէութեան, երբ բաժնեկից է ան անանձնական մտահոգութիւններուն:
Այս մեկնակէտէն, հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է, որ սփիւռքի հանրային մտածողութիւնը լրջօրէն զբաղի հիւանդագին դժգոհութեանց այս երեւոյթով եւ քաղաքացիական առողջ դաստիարակութեամբ հանրային հայ մարդուն մէջ զարգացնէ ընդհանրական եւ շինարար դժգոհութեանց ոգին:
Եթէ այս մակարդակին չյաջողինք բարձրացնել սերունդ մը, անպայմանօրէն կը յաջողինք բարձրացնել յաջորդ սերունդը:
Ակնարկ
Ընկերային Պահանջները
Ընկերային պահանջներու ալիք մը ծայր տուաւ Լիբանանի մէջ: Հանրային փոխադրութեանց, ջուրի եւ պետական երկաթուղիներու գրասենեակներուն պաշտօնեաները հազիւ գոհացում ստացած` քանի մը օր առաջ սկսաւ դրամատան պաշտօնեաներուն գործադուլը, որ ծանրակշիռ կացութիւն մը ստեղծած է երկրին մէջ:
Ելեւմտական մասնագէտներու համաձայն, եթէ գործադուլը օր մը եւս շարունակուի, Լիբանանի տնտեսական գործունէութիւնը մեծ վնասներու պիտի ենթարկուի:
Հաւանաբար այս անբաղձալի հեռանկարն է, որ լիբանանեան կառավարութիւնը մղած է կտրուկ միջոցներու, որոնք պիտի գործադրուին, եթէ 24 ժամէն լուծում մը չգտնուի տագնապին:
Կասկած չկայ, թէ հանրային կեանքի այլ մարզեր շուտով պիտի հետեւին դրամատան պաշտօնեաներու օրինակին, որովհետեւ գիներու անխուսափելի բարձրացումը, որ պիտի ըլլայ բնական հետեւանքը թոշակներու յաւելման, անտանելի պիտի դարձնէ միւս աշխատաւորներուն կացութիւնը:
Պետութիւնը պարտաւոր է լրջութեամբ քննել այն բոլոր խնդիրները, որոնք տնտեսական մարզին մէջ կը ներկայանան իրեն: Առանց գիներու վրայ հաստատուած խիստ հակակշիռի մը` կարելի չէ վերջ տալ ընկերային պահանջներուն: Ճիշդ է, որ տնտեսական ազատութիւնը լաւագոյն կերպով կը յարմարի այս երկրին ընկերային կառոյցին, բայց ազատութիւն` չի նշանակեր անիշխանութիւն, մանաւանդ չի նշանակեր խոշոր դրամատէրերու քմայքին ենթարկում: Կայ սահման մը, ուրկէ անդին պետութիւնը պարտաւոր է միջամտել, որպէսզի այսօրուան պահանջները պոռթկումի ձեւ չառնեն:
Անշուշտ կարելի չէ մէկ օրէն միւսը դարման մը գտնել տարիներու ընթացքին գործուած սխալներուն: Բայց այլեւս ժամանակը եկած է կտրուկ միջոցներու դիմելու:
Որեւէ ատենէ աւելի իրական դարձած է`
«Կառավարել` կը նշանակէ նախատեսել» կարգախօսը: