Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 1, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեւոն Գարմէնի Առաջին Գործը
«Վայրկեաններ»

Տասնըինը տարի առաջ, 1947-ին, լոյս տեսաւ Լեւոն Գարմէնի քերթուածներուն առաջին հատորը` «ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ»:

Այդ առիթով «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի 11 յուլիս 1947-ին թիւին մէջ ողջունեցինք նոր բանաստեղծը, որ վաւերական արժէքի մը խոստումը կու տար մեզի:

Այսօր, 19 տարի ետք, յուզումով կ՛արտատպենք ողջոյնի այդ խօսքը` այն խոր ափսոսանքով, որ իր անժամանակ մեկնումը առիթ չտուաւ սիրելի Լեւոնին` կատարելու այդ խոստումին ամբողջական հաստատումը:

Շրջանի մը մէջ, երբ քերթողութեան անունով այնքան հասարակ ու անարժէք գործեր կը յանդգնին մուտք գործել հայ իրականութենէն ներս, երբ չկայ տաճարին մտրակազէն պահակը, որ անողոք` հարուածէ բոլոր սրբապիղծները, շատ դժուա՛ր է գտնել քերթողաշունչ իսկական երկեր,  որոնք իրեն բառերու մարմինէն վկայեն զգայուն սիրտ մը, լեզուի ու ոճի մաքրութեան եւ մանաւանդ` գեղեցիկ պաշտամունք:

Տխուր ենք այս երեւոյթին առջեւ, որովհետեւ վախն ունինք ճաշակներու բթացումին: Բայց միւս կողմէ ունինք նաեւ գերագոյն մխիթարութիւն մը, որ պիտի գիտնայ մոռցնել տալ այդ վախը: Կը հաւատանք, թէ այն, ինչ որ տեղի չ՛ունենար այսօր, իբրեւ անաչառ քննադատութիւն, կամ փորձուած պարագային ալ` խուժանին աղմուկը կը բարձրացնէ իր շուրջ… պիտի կատարուի վաղը, երբ մարդիկ ձերբազատին կաշկանդումէ, երբ արուեստին համար գործածէ մի միայն արուեստին չափանիշը: Այն ատեն փոքր հպումէ մը դողացող վտիտ երկերը արդեօք ինչպէ՞ս պիտի դիմանան հզօրներու հարուածին: Քանինե՜ր պիտի մոռցուին, թաղուին փոշիներու տակ` չունենալով անհրաժեշտ հոգին ժամանակէն վեր ապրելու համար, ու պիտի մնան միայն երկուտասնեակ մը գիրքեր` սերունդի մը վաստակը, իբրեւ վկայութիւն անոր գեղեցիկ սլացքին:

***

Լեւոն Գարմէնի «Վայրկեանները» (հրատարակուած` Հալէպ, տպ. «Նայիրի», 1947-ին), յիսուն էջնոց գրքոյկ մըն է: Քառասունի մօտ քերթուածներ, որոնք կեանքի մը հարազատ ցոլացումը կը պատկերեն մեզի, յաճախ` սրտառուչ ըլլալու աստիճան իրական գոյներով:

Այս հէգ տղուն,
Որուն հոգին այսօր թշուառ,
Որուն հոգին այսօր տխուր
Կ՛արտասուէ լուռ:

Լեւոն Գարմէնի քանի մը քերթուածներուն բաղդատութիւնը խորքի հակասութիւն մը ի յայտ կը բերէ. մեր աչքին առջեւ պարզուող բանաստեղծը հոգեկան անստոյգ վիճակ մը կը պատկերացնէ:

Բանաստեղծի հոգեվիճակէն խօսող բոլոր քերթուածներն ալ բիւրեղացած դիմագիծ մը չեն ներկայացներ մեզի: Կայ տատանում մը, որ թոյլ չի տար դիմագիծի որոշ կազմութիւն: Հետեւեալ երեք տողերը ունին լեզուի գեղեցկութիւն.

Ի՞նչ տուաւ կեանքը քեզի,-
հրճուանքներու կարասէն,-
Խորշակահար երազներ, ճակատագիր մը դաժան,
Որո՞ւն հոգին լեցուեցաւ ունայն կեանքի ոչինչէն:

Երազատենչ հոգի մըն է բանաստեղծը. կը ձգտի, բայց կարծես ինքզինք նախասահմանուած կը զգայ չհասնելու: Ամէն նախապաշարում վէրք մըն է` հոգիի ազատութեան վրայ բացուած:

Սակայն բանաստեղծը չի մնար այս մութ ճամբաներուն խորը, գերագոյն ճիգով մը, հոգ չէ թէ որոշ տկարութեամբ (հաւատքի)` վաղուան երգը կը շեփորէ.

Առաջին- երկրորդ քերթուածներու ընթերցումը արդէն որոշ կերպով յայտնի կ՛ընէ, թէ ո՛րն է տիրական գիծը մեր առջեւ պարզուող կեանքին: Խռովք ու տառապանք: Դէպի երազ ճախրանքին ու իրականութեան վերադարձին տխուր մէկ դրուագը կը դրուի առջեւդ: Իր զգացումներու յուզիչ անկեղծութեամբ ներկայացող բանաստեղծը տառապանք ունի իր հոգիին խորը, երբ կ՛երգէ.

Ուզեցի ես կղզիանալ երազներուս ծովին մէջ,
Ու հովանի ունենալ ծլարձակ ծառն սէրերուս,
Բայց լոյսերու կարօտէն, տենչանքներն իմ բորբ, անշէջ,
Ընդվզեցան աննահանջ` պրկումովը
ջիղերուս…

Վերի չորս տողերը կը պարզեն հոգեվիճակ մը, որ յատուկ է բոլոր անոնց, որոնք մենամարտող երկու եսերու դաշտ դարձուցած են իրենց հոգին: Իրականութեան գետնին վրայ ոտք դրած` կը ճգնին թռիչք տալ գագաթները երազին: Բայց ինչ որ ողբերգական է` անոնք չեն գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի տանի զիրենք իրենց հոգին.

Հոգի՜ս, հոգի՜ս, ըսէ ինծի
յանուն ինչո՞ւ
Մրրակաշունչ խռովքըդ այս ահարկու,
Ըսէ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ չապրիլ
կեանքը պզտիկ
Բոլորին հետ, բոլորին պէս երջանիկ:

Այս տողերուն տակէն մեզի յայտնուողը, իրականին մէջ, «բոլորին կեանքը» ապրելու փափաքը չէ. բանաստեղծը, ընդհակառակն, հպարտ է, որ իր հոգին խռովք ունի, հպարտ է, որ ինք բացառիկ էակն մըն է, ապա թէ ոչ պիտի չափսոսար.

Տէ՜ր, ինչո՞ւ այսքան վաղաժամ
Փշրեցիր երազը բիւրեղեայ,
Երգերը մեր լուսածոր
Այսօր դեռ կարկամ
Սակայն վաղը անտարակոյս
Միլիոններու հագագներէն
Պիտ՛ բարձրանան`
Մրրկաշունչ ու փոթորկոտ
Վերածուելու
Դաշնակաւոր համերգի:

Վաղուան այս հաւատքը աւելի կը շեշտուի, երբ բանաստեղծը կը խօսի իր սրտին ամէնէն մօտիկ եղող զգացումին` հայրենի կարօտին:

Արտասահման հասակ նետած բոլոր բանաստեղծներու նման, Լեւոն Գարմէնն ալ իր քերթուածներէն քանի մը հատը նուիրած է Հայաստանին, հայրենիքին, որ չտեսաւ, բայց սիրեց, սիրեց ամէն բանէ աւելի, գուցէ շատ աւելի, քան թէ պիտի սիրէր, եթէ անոր գիրկն ապրած ըլլար. որովհետեւ իր սէրը կարօտին յոյզովը գեղեցկացաւ: Աւելի կամ պակաս չափով քսանհինգ տարիէ ի վեր արտասահմանի մէջ մշակուող մեր բանաստեղծութիւնը տիրական մէկ լար ունեցաւ` հողին կարօտը:

Այս լարը, նայած իր արտայայտած զգացումներու ուժգնութեան, ճշդեց բանաստեղծի մը մարդկայնութիւնը: Ոչ մէկ ճշմարիտ բանաստեղծ ազատ է իր հայրենքի հոգին իր հոգիին միացնող կապէն: Ու այս որքան բարենշան է տարագրութեան այս օրերուն: Իսկապէս հրաշքի մը համազօր է այն իրողութիւնը, որ հակառակ հայրենիքէն դուրս ապրած ըլլալուն` հայը այսօր աւելի քան երբեք հայրենասէր է ու հայրենաբաղձ: Թէ ի՛նչ բանի կը պարտինք այս, այդ ուրիշ հարց է, որմէ հպարտանքի ոչ մէկ բաժին կ՛իյնայ մերօրեայ կեղծ հայրենասէրներուն…

Հայրենազուրկ ամէն հայու մտածման արտայայտիչը կ՛ըլլայ Լեւոն Գարմէն, երբ կ՛ըսէ.

Կը մտածեմ, թէ արդեօք տարիներու
արշաւն այս
Պիտի հասնի՞ օր մը գէթ հանգրուանիդ առեղծուած,
Թէ ինքն իր մէջ փշրուելով պիտի իյնայ յեղակարծ:

Հայրենասիրութիւնը պարագայական ոչ մէկ թելադրանք կը հպատակի: Հայրենասէր հայը չի կորսնցներ իր հաւատքը` միակ ապաւէնը մթութեան այս օրերուն: Կը հաւատայ ու իր հաւատքը կը շեփորէ մեծ վստահութեամբ.

Գուցէ օր մը, կամ վաղը, բայց անկասկած օր մը դուն
Պիտի պատռես վարշամակն` քողարկուած քու դէմքիդ,
Որպէսզի մենք անյագուրդ ըմպենք
լոյսը աչքերուդ:

Հաւատքի այս երգը տիրական գիծը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ բանաստեղծի:

Լեզո՞ւն, որով կը գրէ Լեւոն Գարմէն: Ունի բանաստեղծական որոշ ներդաշնակութիւն ու երաժշտականութիւն: Տեղ-տեղ ոճը պատկերալից է, սակայն խիստ հազուագիւտ: Աւելի զգացումներ կը յորդին, քան թէ պատկերներ կը տողանցեն:

«Վայրկեաններ»-ը կը պատկանի գրական երկերու այն շարքին, որոնք խոստում մը կը բերեն մեր գրականութեան:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Սիլվա Կապուտիկեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?