50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1966)
«Թալէաթի Դամբարանը» Յօդուածին Առթիւ Թուրքերը Ազդուած` Խստիւ Կը Բողոքեն... Հայ մամուլը վերջերս թարգմանաբար հրատարակեց յօդուած մը` «Թալէաթի դամբարանը» խորագիրով, որ լոյս տեսած էր Փարիզի լուրջ օրաթերթերէն «Քոմպա»-ի մէջ, ֆրանսացի լրագրող Կապրիէլ Մացնեֆի ստորագրութեամբ: Յօդուածագիրը կը դատապարտէր թուրքերուն վայրագութիւնը հայոց դէմ, ի միջի այլոց, գրելով. «Բնակչութեան ջարդ, անտառներու անմիտ բնաջնջում, քրիստոնէական շէնքերու մոլեգին քանդում, ահա՛ Թուրքիոյ քաղաքակրթիչ գործը` Հայաստանի մէջ»: Յօդուածը վրդոված է թուրքերուն հանգիստը, ինչ որ կը բացատրէ` Փարիզի ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆին կողմէ հետեւեալ նամակը` ուղղուած հայ մամուլին: Այս առթիւ, ինչպէս կը թելադրէ Փարիզի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը, կը փափաքինք, որ մեր ընթերցողները անխտիր նամակ ղրկեն, անգլերէն կամ հայերէն, ֆրանսական թերթին...
Կարդալ ԱւելինDetails

