Երբ Թերթ Մը Կը Մեռնի
Տխուր է թերթի մը, մանաւանդ օրաթերթի մը մահը: «Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն»-ը 125 տարուան կեանքէ մը ետք է, որ նախընտրեց պատուաւոր մահը: Արդարեւ, ամերիկեան այս ամէնէն հին եւ ամէնէն մեծ վարկն ունեցող թերթին տէրը Ուիթնի այլեւս չուզեց դրամ ուտել եւ պայքարիլ սենտիքաներու պահանջներուն դէմ: Հրաժարեցաւ նաեւ փրկարար ծրագիրէն` ձուլուիլ Նիւ Եորքի ուրիշ թերթերու հետ, ծախսերը պակսեցնելու համար:
Կարգ մը լրագրողներու համար, այսպէս աւելի լաւ է. «Շատ կը սիրէինք «Թրիպը», որպէսզի հանդուրժէինք, որ «Հիրսթ Սքրիփս Հաուըրտ» շղթային մէկ քուրջը դառնայ»:
«Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն» համաշխարհային լրագրութեան մեծերէն մէկն է: Նախ եղաւ «ժողովուրդին մօտ» թերթ մը, լոնտոնցի իբրեւ թղթակից ունենալով Քարլ Մարքսը: Ապա դարձաւ արեւելեան ափի Հանրապետականներու բանբերը (Ռաքֆելլէր հոսանք): Բայց այս յեղաշրջումը կատարուած է մէկ դարու վրայ, այնպէս որ կարելի չէ ըսել, թէ շապիկ փոխող է: Իր աշխատակիցները եղած են մեծանուն հրապարակագիրներ` Արթ Պըչուոտ, Ուալթեր Լիփմըն, Էօճենիա Շեփըրտ:
Մեծ թերթ մը կ՛անհետանայ, կը մնայ սակայն անոր եւրոպական հրատարակութիւնը, որ իր կռնակը ունի «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը:
Հայ Կեանք
ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի Բանակումը
Եւ Ֆրանսական Մամուլը
Սալպլը տ՛Օլոնի «Փրէս Օսէան»-ի օգոստոս 18-ի թիւը շահեկան յօդուած մը հրատարակած է ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի բանակումին մասին, ինչպէս նաեւ խմբանկար մը, ուր կը ծածանին ֆրանսական եւ հայկական Եռագոյնները:
Թղթակիցը բացատրած է, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Նոր սերունդ» եւ ի՞նչ է նպատակը այս երիտասարդներուն, որոնք, ինչպէս ամէն մարդ ունին երկու հայրենիք, իրենցը ու Ֆրանսան, ազատութեան եւ հիւրընկալութեան օճախ:
Ֆրանսացի լրագրողը գոհունակութեամբ կը նկատէ, երիտասարդներու հետ իր խօսակցութեանց ընթացքին, թէ այս երիտասարդները կը գնահատեն ազատութիւնը եւ ապրելու ուրախութիւնը, զոր իրենց կու տայ Ֆրանսան եւ իր յօդուածը կը վերջացնէ.- «Պրաւօ՛ Հայաստանին եւ «Նոր սերունդ»-ին: