ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Մեծ Բանակումը
Պուա Տը Պուլոնի Մէջ
Պուա Տը Պուլոնի Մէջ
Կը Մասնակցին Նաեւ Իրաքի, Յորդանանի,
Եգիպտոսի Եւ Կիպրոսի Սկաուտները
Երեքշաբթի, 16 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, Պուա տը Պուլոնի բանակավայրին մէջ, ի ներկայութեան ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի մասնաճիւղերուն վարչութեանց, կրթական նախարարութեան եւ սկաուտական Ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն, կատարուեցաւ բացումը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպած մեծ բանակումին, որուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին հեռաւոր Պաղտատէն, Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն եւ Յորդանանէն աւելի քան 50 սկաուտներ:
Այս թիւին վրայ պէտք է աւելցնել Լիբանանի մասնաճիւղերուն 75 սկաուտները, որոնք 16 օգոստոսէն մինչեւ 23 օգոստոս, նախորոշ յայտագրով մը, հիմը պիտի դնեն ապագային իրագործելի հայկական ճեմպորիին:
Բացման արարողութեան հանդէսին յաջորդաբար խօսք առին Սկաուտական խորհուրդին կողմէ` Նշան Թիւյսիւզեան, Շրջանային վարչութեան կողմէ` Անդրանիկ Ուրֆալեան եւ մամուլին կողմէ` Տիգրան Ոսկունի, որոնք ընդգծեցին այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը, անոր իրագործման համար պատասխանատու մարմիններուն յանձն առած զոհողութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքներ ըրին:
Այնուհետեւ, տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակներու արարողութիւնը, եւ իւրաքանչիւր խումբ ցրուեցաւ դէպի իր բանակատեղին:
Ներկաները պտտեցան բանակավայրը, որուն յարդարանքը շաբաթ օր կատարած էին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի սկաուտները:
Գիւղագնաց մեր հայրենակիցները, մանաւանդ անոնք, որոնք Պիքֆայա-Տհուր Շուէր-Պուա տը Պուլոնի գիծին վրայ կը գտնուին, անպայման պէտք է այցելեն, մանաւանդ պէտք է ներկայ գտնուին շաբաթ առտու մատուցուելիք Ս. պատարագին:
Իսկ կիրակի կէսօրէ ետք բոլորն ալ սիրով կը հրաւիրուին սկաուտական մեծ հանդէսին, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնած է ընկերային հարցերու նախարար զօր. Ժեմիլ Լահուտ:
