Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 29, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղարշապատ Եւ Էջմիածին

Ի՞Նչ Կը Պատմեն Այս Անունները

Աշխարհագրական ամէն մէկ անուն տուեալ ժողովուրդի տարեգրութեան մէկ մասն է, անոր անցեալի պատմութեան լուռ վկան: Այս տեսակէտէն կ՛արժէ ծանօթանալ Վաղարշապատ եւ Էջմիածին անուններու յառաջացման պատմութեան:

ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ եղած է Արշակունեաց թագաւորանիստ քաղաքը` պատմական Այրարատ նահանգի Արագածոտն գաւառի մէջ:

Ըստ մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, Վաղարշապատի տեղը, հին ատեն, եղած է Արտիմեդ քաղաքը, որ այդպէս կոչուած է ի պատիւ Արտեմիս դիցուհիի:

Սակայն հայ ժողովուրդը ժամանակի ընթացքին մոռցաւ յունական անունները եւ պահպանեց հայրենականը: Ինքնին հասկնալի է, որ ժամանակի ընթացքին Արտեմիդ կամ Արտիմեդ քաղաքի անունն ալ պէտք էր փոխարինուէր հայկականով: Այդպէս ալ եղաւ: Վարդգէս իշխանին կողմէ քաղաքը բարեկարգուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ աւան Վարդգէսի:

Խորենացին Արտիմեդ (Արտեմիդ) քաղաքը կ՛անուանէ «Հզօր աւան Վարդգէսի», որ կը գտնուէր Վաղարշապատի տեղը, Քասախ գետի մօտ:

Արշակունի թագաւորներէն Վաղարշ, Քրիստոսէ ետք Բ. դարուն, Վարդգէսի աւանը պարսպապատեց եւ անուանեց Վաղարշապատ: Եւ այդպէս ալ, իբրեւ թագաւորանիստ քաղաք, ան մնաց գրեթէ մինչեւ Արշակունիներու թագաւորութեան վերջը:

Վաղարշապատի անունին հետ կապուած է նաեւ Գրիգոր Լուսաւորչի անունը: Ըստ աւանդութեան, անոր յորդորանքով, այս քաղաքին մէջ Տրդատ կառուցել տուած է հայրապետներու կաթողիկէ մայր եկեղեցին` Էջմիածինը:

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Հայրապետներու մայր եկեղեցին հայ ճարտարապետութեան հնագոյն կոթողներէն է: Անոր կառուցման, տեղի ընտրութեան մասին մեզի հասած է հետեւեալ աւանդութիւնը.

Գրիգոր Լուսաւորիչ երազի մէջ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս Միածին որդին Աստուծոյ (Քրիստոս) կ՛իջնէ Արարատեան դաշտ եւ ներկայ Էջմիածնի վանքին տեղը ձեռքի ոսկի մուրճը կը խփէ գետին եւ կ՛ուզէ, որ այդտեղ տաճար հիմնադրուի:

Գրիգոր Լուսաւորիչ իր երազը կը պատմէ Տրդատ թագաւորին եւ կը յորդորէ իրականացնել: Տրդատ նոր էր վերադարձած Բագրեւանդէն, ուր 303-ին մկրտուած էր: Թագաւորը հաւանութիւն կու տայ: Մայր տաճարը կը կառուցուի 303-ին եւ, յաւերժացնելու համար Գրիգոր Լուսաւորչի տեսած երազը, կը կոչուի էջք Միածին (Էջմիածին), այսինքն իջաւ Միածին Որդին Աստուծոյ:

Ճիշդ է` մայր տաճարը կը կոչուի Էջմիածին, բայց ան նուիրուած է Ս. Աստուածածնին, որուն տօնը կը կոչուի Տօն կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի եւ կը տօնուի ամառը` յունիսին:

Մայր տաճարի շուրջ ստեղծուեցաւ միաբանութիւն եւ կաթողիկոսարան: Առաջին աթոռակալը եղաւ Գրիգոր Լուսաւորիչ: 453-ին քաղաքական հանգամանքները ստիպեցին Մայր Աթոռը տեղափոխել Դուին: Մօտ տասը դար ետք, 1441-ին, Մայր Աթոռը վերստին Էջմիածին փոխադրուեցաւ, ուր եւ կը գտնուի մինչեւ այսօր:

Վաղարշապատ եւ Էջմիածին անունները սերտօրէն կապուեցան հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ, դարձան նուիրական անուններ: Էջմիածնի անունով կոչուած է նաեւ Վասպուրականի գիւղերէն մէկը: Հայրենիքէն հեռու գտնուող հայեր, աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ, եկեղեցիներ կառուցած են եւ կոչած` այդ անունով:

Ռուսական տիրապետութեան ժամանակ, երբ ստեղծուեցաւ Երեւանեան նահանգը, անոր կազմի մէջ մտնող գաւառներէն մէկը կոչուեցաւ Էջմիածնի գաւառ` կեդրոն ունենալով Վաղարշապատը: Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն Վաղարշապատի անունով կոչուեցան ե՛ւ գաւառը, ե՛ւ կեդրոնը:

1945-էն ի վեր Վաղարշապատ քաղաքը եւ շրջանը պաշտօնապէս կը կոչուին Էջմիածնի անունով:

ԿԱՄՍԱՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

«Հայրենիքի ձայն»

 

Հայ Կեանք

Կապոյտ Խաչի Կայանի Դաշտահանդէսը

Օգոստոս 15-ին, Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի Պելֆոնթէնի կայանին մէջ, աւելի քան 76 ծնողներ հայկական օր մը անցուցած են:

Նախ տեղի ունեցած է աւանդական խաղողօրհնէք` Արտաւազդ եպս. Թրթռեանի կողմէ: Ապա` հաւաքական ճաշկերոյթ:

Այնուհետեւ գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ մանուկներու, որոնց հայերէն երգերը, արտասանութիւններն ու պարերը հարազատ պատկերը ցուցադրած են կայանի կեանքին ու մթնոլորտին, ուր ոչ մէկ զոհողութիւն կը խնայուի հայկական ոգի եւ զգացում ներշնչելու հայ դպրոցէն զրկուած մանուկներու համար:

Արդարեւ, կայանը ո՛չ միայն օդափոխութեան վայր մըն է, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան դպրոց մը:

Խանասորայ Արշաւանքին Դաշտահանդէսը Տիթրոյիթի Մէջ

Տիթրոյիթի Միջկոմիտէականի կազմակերպած դաշտահանդէսը Կրիլոն Կրով Փարքինի մէջ, Խանասորայ արշաւանքին 69-րդ տարեդարձին առիթով, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է հոծ թիւով ներկայ եղող ընկերներու եւ համակիրներու մէջ:

Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, երբ յեղափոխական երգերու շարք մը եկած է բարձրացնելու ներկաներու հոգեկան աշխարհը:

Բանախօսած է Վարդգէս Տիւրկէրեան:

Հէյվրհիլի Դաշտահանդէսը

Օգոստոս 7-ի կիրակին, վայելքի օր մը եղած է Մէրիմէք Վիլիի հայութեան համար, որ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ եղած է Խանասորայ արշաւանքին տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ Հէյվրհիլի կոմիտէի կազմակերպած տարեկան դաշտահանդէսին, Մէյփըլ Փարքի կանաչազարդ դաշտին մէջ:

Բանախօսած է Ստեփան Տարտունի:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ներկաները, նուագախումբի ընկերակցութեամբ պարած ու երգած են մինչեւ ուշ գիշեր:

Ռումանահայ Երգիչ Դաւիթ Յովհաննէսեան Գնահատանքի Արժանացած Է Աթէնքի Մէջ

Պուքրեշի օփերայի եւ պալէի թատերախումբը, Աթէնքի ամառնային փառատօնին մասնակցած է Ճորճ Էնեսկուի «Էտիպ» օփերայով:

Աքրոբոլի լանջերուն, հնամենի «Հերոդոտոս Ատրիկուս» թատրոնին մէջ ներկայ եղող 4000 աթենացիներ, վարչապետ Սթեֆանոբուլոս եւ նախարարներ, ջերմօրէն շնորհաւորած են գլխաւոր դերակատարները, որոնց շարքին անուանի երգիչ Դաւիթ Յովհաննէսեանը:

Աթէնքի թերթերը ներբողը հիւսելէ ետք խումբին, շեշտած են, որ Յովհաննէսեան գերազանցած է ինքզինք:

Կեդր. Սանուց Միութեան Ցայգահանդէսը

Պոլսոյ Կեդրոնական սանուց միութեան կազմակերպած ամառնային ցայգահանդէսը տեղի ունեցած է Գնալը կղզիի «Իքս» քլիւպի ծովահայեաց զբօսարանին մէջ:

Ճոխ սեղաններու շուրջ բոլորուած, յիշատակելի գիշեր մը անցուցած են ներկաները: Նուագախումբի ընկերակցութեամբ երգուած տոհմիկ երգերը զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծած են: Մինչեւ առաւօտ տեւած է պարահանդէսը:

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տօնախմբութիւնը

Օրթագիւղի խնդրակատար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնը եւ տարեկան մատաղօրհնութեան արարողութիւնները տեղի ունեցած են շքեղօրէն, օգոստոս 21-ի կիրակին, հանդիսապետութեամբ Ս. Խաչ դպրեվանքի տեսուչ Խոսրով Ծ. վարդապետ Էմիրզէեանի:

Ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղած է սրբազան արարողութիւններուն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Ո՞վ Է Մշակ-Բանուորին Պաշտպանը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?