Խմբագրական
Դաշնակցութեան Ուղեգիծը
Յստակ էր երէկ, յստակ է եւ այսօր ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը: Ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ երկընտրանք:
Իբրեւ կազմակերպութիւն` Դաշնակցութիւնը, իր համակիրներու եւ հետեւորդներու լայն զանգուածով, խանդավառուելով հանդերձ Հայաստանի վերելքովն ու նուաճումներովը, կը մնայ ամրօրէն կառչած, առանց ամենադոյզն տարակարծութեան, հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի տեսակէտին եւ անկախութեան պահանջին:
Միակ իրաւատէրը այս պահանջին հայ ժողովուրդն է` ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ սփիւռքի մէջ:
Դաշնակցութիւնը, ազգային եւ քաղաքական իր վաստակով, կազմակերպուած արտայայտութիւնն է այս պահանջին:
Հայաստանի հայ մարդը տառացիօրէն կը բաժնէ ինքնորոշման ճամբով անկախութեան հասնելու տեսակէտը եւ անչափելի տառապանքով, կաշկանդուած զայրոյթով կը լռէ ներկայիս, խորհրդային քաղաքական վարքագծին պատճառով, որն է` ընդունիլ տալ հայ ժողովուրդին, ըլլայ ան Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, թէ ներկայ Հայաստանը անբաժան մասն է Խորհրդային Միութեան, եւ պէտք չէ երբեք գործել կամ մտածել անոր անկախութեան մասին: Ո՛չ միայն գործել կամ մտածել, այլ նոյնիսկ պէտք չէ ցանկալ անոր ազատագրումը: Պէտք է պահել, պահպանել գոյավիճակը, եւ եթէ կան աշխատանքներ, զանոնք առաջնորդելու է տարբեր ուղղութեամբ:
Որո՞նք են այդ տարբեր ուղղութիւնները: Պոլշեւիզմը իբրեւ պետութիւն լուռ է այս մասին, ոչ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն, սակայն, իբրեւ կուսակցութիւն, օգտուելով ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի ընձեռած առիթներէն, լծուեցաւ աշխատանքի. տեւաբար քարոզեց, քարոզել տուաւ իր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ արտասահման ղրկած մտաւորականութեան միջոցով Թուրքիայէն ազատագրումը հայապատկան հողերուն եւ անոնց կցումը Խորհրդային Հայաստանին: Երբեմն ալ, անուղղակի ձեւերով, հայ եւ օտարազգի մտաւորականներու բերնով, ինչպէս` Կեպարսքի, թելադրեց ազատագրուած հողերուն վրայ անջատ Արեւմտեան Հայաստանի մը պահանջը ներկայացնել… Այս բոլորը քարոզչութիւն եւ վարանք ստեղծելու հետապնդումով, պարզապէս շեղեցնելու համար Հայ դատը իր արդար եւ իրաւական հունէն: Այս բոլորը` ստեղծելու սփիւռքի մէջ մտայնութիւն մը ներկայ գոյավիճակին համակերպուելու տրամադրութիւններով, անկախութեան եւ ազատութեան պահանջները մոռնալու հակումներով:
Եւ ինչո՞ւ լծուած է այս աշխատանքին պոլշեւիզմը, պարզապէս` տկարացնել հայ ժողովուրդի եւ իր Դատին ողնասիւնը հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութիւնը, մոռցնել տալու հայ ժողովուրդին անկախ եւ ազատ գոյութեան իրաւունքը եւ կամ տկարացնել, ջլատել Դաշնակցութեան մտածողութեան մէջ հիմնական տեսակէտ եղող անկախութեան եւ ազատութեան տենչը:
Յստակ էր երէկ, յստակ է եւ այսօր Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը: Դաշնակցութիւնը չի պահանջեր Հայաստանի ամբողջացումն ու անկախացումը թշնամական դիրքաւորումով` Արեւելքի կամ Արեւմուտքի հանդէպ: Ընդհակառակն, կը գիտակցի, թէ լաւագոյն միջոցը` հայ ժողովուրդի բարեկամութիւնը ձեռք ձգելու համար, պէտք է վերադարձուին անոր իրաւունքին մաս կազմող հողերը եւ ազատ գոյութեան գրաւականը հանդիսացող անկախ պետութիւնը: Այս կը պահանջեն հայ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը, բոլոր մեծերէն, թէ՛ Արեւմուտքէն, թէ՛ Խորհրդային Միութենէն` հակառակ այս վերջինին որդեգրած քաղաքականութեան:
Հայ ժողովուրդի իրաւունքն է, միջազգային դաշնագրերով ընդունուած իր արդար իրաւունքը, ըլլալու տէրը իր ամբողջական հայրենիքին եւ ազատ ու անկախ ապրելու իր միացեալ հայրենիքին մէջ: Արդ, այդ միացեալ հայրենիքին մաս կը կազմեն Թուրքիոյ հայապատկան հողերը, նաեւ ներկայ Հայաստանը, նաեւ իրմէ խլուած եւ դրացի երկիրներուն տրուած` Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Ախալքալաքը:
Այս էր երէկ: Այս է նաեւ այսօր Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեիգծը` անշեղ եւ անփոփոխ: