Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 31, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկեր Լեւոն Ստեփանեանի
Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

Դամբանականներ Խօսեցան Տ. Տաճատ Արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան, Կ. Սասունի, Պ. Մըսրլեան, Ա. Ուրֆալեան Եւ Տ. Ոսկունի

Երեքշաբթի, 30 օգոստոսին փառաշուք յուղարկաւորութեամբ հողին յանձնուեցաւ մարմինը հանրային բազմերախտ գործիչ, շնորհալի բանաստեղծ, ներհուն հրապարակագիր եւ «Ազդակ»-ի խմբագրապետ ընկ. Լեւոն Ստեփանեանի:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, հարիւրէ աւելի ընկերներ ինքնաշարժներու թափօրով մը, գացին Քարանթինայի հիւանդանոցը, ուր պահ դրուած էր հէգ ընկերոջ մարմինը հինգշաբթիէն ի վեր:

Աղօթքէ մը ետք, Լեւոն Ստեփանեանի Եռագոյնով ծածկուած դագաղը դրուեցաւ մեռելակառքին վրայ եւ նոյն թափօրով ու դանդաղ գնացքով առաջնորդուեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մայր տաճարը, ուր հաւաքուած էր արդէն յուղարկաւորներու խուռն բազմութիւն մը:

Ծաղկեպսակներ ղրկած էին ՀՅԴ Բիւրոն, Լիբանանի Կեդր. կոմիտէն, Կոմիտէները «Համազգային»-ի Կեդր. վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ը, Տարօն- Տուրուբերանի հայրենկց. միութիւնը, ամերիկեան դեսպանատունը, «Ազդակ»-ի, «Բագին»-ի եւ «Սփիւռք»-ի խմբագրութիւնները եւ մասնաւորներ: Յատուկ ծաղկեպսակներ պատրաստուած էին այրիին եւ երկու զաւակներուն, եղբօր, Պաղտատի իր ընկերներուն եւ բարեկամներու անունով:

Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտները, նաեւ Պաղտատի իրենց եղբայրները, որոնք Սկաուտ. Շրջ. խորհուրդի եւ Պաղտատի մասնաճիւղի անունով ծաղկեպսակեր կը կրէին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, շրջապատուած վարդապետներով եւ քահանայ հայրերով: Արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը խօսեցաւ սրտայոյզ դամբանական մը, տալով հանգուցեալ ընկերոջ կենսագրականը եւ ընդգծելով անոր արժանիքները:

Այնուհետեւ, ինքնաշարժներու երկար թափօրով մը հանգուցեալ ընկերոջ մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը: Գերեզմանատան ճամբու մուտքին, յուղարկաւորները իջան ինքնաշարժներէն եւ երիտասարդ ընկերներ ձեռամբարձ տարին դագաղը մինչեւ գերեզմանատուն, որուն մուտքին պատուի կեցած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները:

Մատուռին մէջ դամբանականներ խօսեցան ընկերներ Տիգրան Ոսկունի` «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կողմէ, Անդրանիկ Ուրֆալեան` ՀՅԴ Լիբ. կեդր. կոմիտէի կողմէ եւ Պերճ Մըսրլեան` ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ Դամբանախօս երեք ընկերներն ալ ընդգծեցին հանգուցեալ ընկերոջ բազմակողմանի արժանիքները իբրեւ գաղափարական մարդ, հանրային գործիչ, գրագէտ եւ հրապարակագիր: Երեք դամբանականները պիտի տանք առանձին:

Ընդհանուր յուզումի մէջ տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը եւ տարաբախտ ընկերոջ մարմինը ամփոփուեցաւ դամբարանին մէջ: Նախքան այդ, դագաղը ծածկող Եռագոյն դրօշակը երկու սկաուտներու կողմէ ծալլուելով, յանձնուեցաւ ընկեր Կարօ Սասունիի:

Հրաժեշտի վերջին խօսքը արտասանեց ընկ. Կարօ Սասունի, որ խոր յուզումի մատնեց ներկաները, իր սրտաբուխ խօսքերով:

«Ամէնէն տխուր բաժանումն է, որ տեղի կ՛ունենայ.- ըսաւ, ընկ. Սասունի Լեւոն Ստեփանեան մեզմէ կը բաժնուի անխօս: Մէկ վայրկեանէն կտրեցաւ անոր կեանքին թելը, երբ իր պարտականութեան գլուխ կեցած էր ամբողջական նուիրումով:

«Մեր յոյսերէն ու լոյսերէն ջահ մըն է, որ կը մարի: Ու ինչ որ ամէնէն ծանրն էր, առանց բառ մը արտասանելու կը հեռանայ մեր ընկերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս, սասունցի իր հայրերն ու նախահայրերը, ազատութեան ուխտի ճամբուն վրայ, թշնամիէն գնդակահար կ՛իյնային ժայռի մը տակ, անմահ անուն մը թողելով յետնորդ սերունդներուն:

«Գաղափարի եւ անձնուրացութեան նոյն ճամբուն վրայ կ՛իյնայ մեր թանկագին ընկերը, երբ մենք այնքան յոյսեր կապած էինք անոր գիտակից ու անձնուէր գործունէութեան:

«Այսպէս անխօս մեզմէ բաժնուեցաւ Քրիստափորը, Սիմոն Զաւարեանը, Աղբիւր Սերոբը, Հրայրը, Պետրոս Սերեմճեանը… Լեգէոններ այսպէս գացին ու Լեւոնի մահը ճակատագրականօրէն անոնց մահուան կը նմանի:

«Բոլո՛ր ընկերները խօսք մը կ՛ուզեն քեզմէ, սիրելի՛ Լեւոն: Լռութիւնը անհունօրէն ծանր կու գայ անոնց սգաւոր սրտին:

«Ու հիմա, այս աշխարհի եւ անդենականի սահմանին վրայ, երբ յաւէտ իրարմէ կը բաժնուինք, ես ձայնը կը լսեմ այս դամբանին խորերէն, այնքան յստակ, այնքան վճռական: Ու ես քու աներեր հաւատքին վերջին խօսքը կը փոխանցեմ մեր ընկերներուն.

«Կը լսեմ Լեւոնը, որ կը խօսի.
Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,
Յոյսս դուք էք, ընկերներ,
Շարունակեցէք մեր սուրբ գործը,
Դաշնակցութեան վե՛հ քաջեր:

«Արեւը, որ այս պահուս մարը կը մտնէ, պիտի ծագի դարձեալ վաղը, եւ նոր արեւներ պիտի գան պահելու համար քու սուրբ գաղափարդ»:

Վերջին անգամ ըլլալով, իր գաղափարի ընկերները միաբերան եւ յուզումով երգեցին «Վէրքերով լի ջան ֆետայի» յեղափոխական երգը, հրաժեշտ առնելով սիրելի Լեւոնէն»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Շահումեանի Բռնագրաւումը Եւ Շահումեանցիներու Բռնագաղթը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?