Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործադուլի Նոր Ալիք
Լիբանանի Մէջ

– Երկուշաբթի` Թաքսի Եւ Կառատուն
– Չորեքշաբթի` Ելեկտրականութեան Գրասենեակ
– Սեպտեմբեր 5` Միացեալ Սենտիքաներ 

Կառավարութիւնը Որոշեց Խիստ Միջոցներու Դիմել

Կարճատեւ հանդարտութենէ մը ետք, կացութիւնը դարձեալ սկսաւ վատթարանալ ընկերային գետնի վրայ: Սեպտեմբերի պայմանաժամը կը մօտենայ իր լրումին, բայց պետութիւնը տակաւին չկրցաւ լուծում մը գտնել այս քրոնիկ տագնապին:

Գործադուլներու նոր շարք մը կը պատրաստուի: Իրականանալու պարագային, այս գործադուլները իրենց տարողութեամբ աւելի ծանր պիտի ըլլան, քան դրամատան պաշտօնեաներուն, փռապաններուն եւ ինքնավար գրասենեակներուն շարժումը, եւ կրնան ծանր անդրադարձներ ունենալ քաղաքական գետնի վրայ:

Ամէն պարագայի, գործադուլի շարժումներուն դէմ բուռն կերպով հակազդելու կառավարական վերջին որոշումը նահանջի չէ մատնած սենտիքաները, որոնք կ՛ուզեն անյապաղ գոհացում ստանալ իրենց պահանջներուն:

Երկուշաբթի օր կառատուներու եւ փոխադրական ինքնաշարժներու տէրերը պիտի շղթայազերծեն ընդհանուր գործադուլ մը: Սենտիքան երէկ գումարեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին յիշուեցան «պատասխանատուներուն փուճ խոստումները»: Գործադուլը որոշուեցաւ միաձայնութեամբ:

Սենտիքան կը պահանջէ, որ պետութեան մարդատարներու մրցակցութիւնը սահմանափակուի, պենզինի գինը նուազում կրէ եւ երթեւեկի տուգանքներուն բարձրացման օրինագիծը ետ առնուի խորհրդարանի դիւանէն:

Չորեքշաբթի օր կարգը պիտի գայ Լիբանանի ելեկտրականութեան գրասենեակի պաշտօնեաներուն եւ բանուորներուն, որոնք որոշեցին ընդհանուր գործադուլի դիմել, եթէ մինչ այդ գրասենեակը 10 տոկոսի յաւելում մը չտայ իրենց:

Անցեալ ամիս անոնք առկախած էին իրենց առաջին շարժումը, հաւաստիք ստանալէ ետք, թէ մինչեւ օգոստոս 31 գոհացում պիտի տրուի իրենց:

Գալով Միացեալ սենտիքաներուն, որոնց մաս կը կազմեն 21 սենտիքաներ, կառավարութիւնը մինչեւ սեպտեմբեր 5 պէտք է որոշում մը տայ օրավարձի յաւելման պահանջին մասին: Այլապէս, գործադուլը պիտի սկսի:

Կառավարութիւնը Որոշեց
Ընդդիմանալ

Նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց արտակարգ ժողով մը, որ գլխաւորաբար յատկացուեցաւ ընկերային պահանջներուն եւ Լիբանանի Աշխատաւորներու Ընդհանուր Համադաշնակցութեան գործադուլի սպառնալիքին քննութեան: Ծանօթ է, որ Համադաշնակցութիւնը կը պահանջէ թոշակները 10 տոկոսի յաւելումի ենթարկել եւ նուազագոյն թոշակի սակը բարձրացնել 175 լ. ոսկիի:

Սենտիքայական պահանջներուն մասին պատրաստուած տեղեկագիրներուն ծանօթանալէ ետք, խորհուրդը նկատեց, թէ այս շարժումին ետին կը գտնուի մասնաւորաբար Պէյրութի նաւահանգիստին պաշտօնեաներու եւ բանուորներու սենտիքան: Վարչապետը կառավարութենէն պահանջեց խիստ ըլլալ որեւէ սենտիքայի դէմ, որ գործադուլի կը դիմէ, առանց նախապէս դիմելու օրէնքին նախատեսած իրաւարարութեան պայմանին:

Խորհուրդը պարտականութիւն տուաւ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար զօրավար Ճեմիլ Լահուտին, որ այս որոշման մասին տեղեակ պահէ Պէյրութի նաւահանգիստի պաշտօնեաներու եւ բանուորներու սենտիքան եւ յայտնէ, թէ խիստ պատիժներ պիտի տրուին իրենց դէմ, եթէ չենթարկուին օրէնքին:

 

Կիպրահայ Կեանք

Հայ երիտասարդաց միութեան եւ Համազգայինի վարչութեան հրաւէրով, օգոստոսի առաջին շաբաթը Կիպրոս ժամանեց երիտասարդ գրագէտ եւ «Բագին» ամսաթերթի խմբագիրներէն` Պօղոս Սնապեան: Համաձայն կազմուած ծրագիրին, Սնապեան տուաւ քանի մը դասախօսութիւններ` գրական հարցերու շուրջ:

Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ: Նիւթ` հայ գիրքը: Անդամներ եւ բարեկամներ փութացած էին ունկնդրելու գրագէտը, որ խնամքով պատրաստած իր նիւթը ներկայացուց տպաւորիչ ձեւով մը: Հայ գիրքի ստեղծման առաջին օրերէն մինչեւ  մեր օրերը: Սնապեան քայլ առ քայլ յառաջացաւ իր նիւթին հետ եւ ընդգծեց անոր արժէքն ու կատարած  դերը հայոց պատմութեան ընթացքին: Շեշտեց անոր նշանակութիւնը մեր նոր պայքարին մէջ ու եզրակացուց.

– Տէր դառնանք մեր գիրքին, որպէսզի կարենանք տէր մնալ մեր ցեղային անհատականութեան, մեր արեան, կոչումին:

Դասախօսութենէն ետք ուղղուեցան գրական զանազան հարցումներ, որոնց Սնապեան պատասխանեց մանրամասնօրէն: Զրոյցի այս մասը տեւեց աւելի քան կէս ժամ, ձգելով մեզի մտերիմ ու խանդավառ մթնոլորտի մը յիշատակը:

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին: Ներկաներու փափաքով Սնապեան խօսեցաւ սփիւռքի պարբերական մամուլին եւ «Բագին» ամսագրի հրատարակութեան պատճառներուն եւ կատարած դերին մասին: Իր քառասուն վայրկեան տեւող զեկուցումէն ետք, նոյն խնդրին կապակցութեամբ ուղղուեցան նոր հարցումներ, որոնց տրուեցան բաւարար պատասխաններ: Երեկոյթը փակելէ առաջ, ներկաներու փափաքով Սնապեան կարդաց իր անտիպ կտորներէն հատ մը` խլելով խանդավառ ծափեր:

Կիրակի, 7 օգոստոսին, Հայ երիտասարդաց միութեան եւ Համազգայինի կազմակերպութեամբ տօնուեցաւ Խանասորի արշաւանքին 79-րդ տարեդարձը Թրոտոսի բարձունքը, Ողիմպոսի կողին: Ընտանիքներու մեծ թիւ մը, անձնական ինքնաշարժներով, մասնակցեցաւ այս լեռնագնացութեան: Ճաշէն առաջ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը օրուան տօնին կապակցութեամբ: Հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Անանիա Մահտեսեանէն եւ տոքթ. Ռ. Թագւորեանէն ետք, խօսք առաւ նաեւ Պ. Սնապեան եւ խօսեցաւ Խանասորի արշաւանքին պատճառներուն, աքտին եւ անոր նշանակալից արդիւնքին մասին:

Երգուեցան յեղափոխական եւ ազգային երգեր: Ստեղծուած մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Ա. Դ.

 

Կոմիտաս Վարդապետի
Ծննդավայր Տունը Քիւթահիոյ Մէջ
Կը Մնայ Անվթար

Հայ երգի մեծահանճար ստեղծիչ, մեծանուն Կոմիտաս Վարդապետ Սողոմոնեանի Քիւթահիոյ ծննդավայր տունը այցելած է Վիեննական Մխիթարեաններու հայրերէն Իգնատիոս վարդապետը, որ բնիկ քիւթահիացի մը ըլլալով, իսկոյն ճանչցած է քովնտի փողոցներու մէջ գտնուող տունը:

Գերյարգելի Վարդապետը, Քիւթահիա բնակող հայրենակից Գրիգոր Քորեանի հետ այցելած է հայ երգի մեծ վարպետին ծնած տունը, ուր ամէն ինչ, սենեակները, խոհանոցը, մառանը եւ պարտէզը գտած է անվթար եւ լաւ վիճակի մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փոքէմոնները 20 Տարեկան Են

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?