Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1966)

August 9, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեւոն Շանթ

Զրոյց` Սիմոն Վրացեանի Հետ

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Լսարանական հանդէս «Ջահակիր»-ի 1966 յունիսի թիւէն առնելով նոյնութեամբ կ՛արտատպենք շահեկան այս զրոյցը, որ տեղի ունեցած է Ս. Վրացեանի հետ, Շանթի մահուան տասնհինգերորդ տարելիցին առիթով:

Վրացեան իւրայատուկ սեղմ բացատրութիւններով լաւագոյնս կը բնութագծէ Շանթին նկարագիրն եւ գործին գլխաւոր յատկանիշները:

«ՋԱՀԱԿԻՐ».- Շանթ եղած է ինքնամփոփ անձ մը ներքին մարդ մը: Ըստ ձեզի, ի՞նչ կրնան ըլլալ այս երեւոյթին պատճառները: Անձնական կարծիք մը ունի՞ք այս մասին:

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ.- Յատկապէս Շանթի մասին չեմ կարող ըսել, թէ ինչ է պատճառը. բայց այդ նկարագրի ոչ այդ բնաւորութեան տէր մարդոց ընդհանուր գիծն է շատ չարտայայտուիլ: Իր անձնական կեանքին մէջ ալ Շանթ չէր յայտներ իր ներքին ապրումները: Իր ամենամտերիմ ընկերը` Աղբալեանը, զինք լաւ չէր ճանչնար: Իր ներքին զգացումները կը մնային ծածուկ:

Հանրային կեանքի մէջ ալ շատ դիւրահաղորդ ու հեշտ մարդ չէր, բայց երբեմն գլուխ գլխի խօսակցութիւններու ընթացքին կը բացուէր:

«Ջ.».- Այդ նկարագիրի տէր մարդիկ ընդհանրապէս անհատապաշտ կ՛ըլլան: Ի՞նչ ունիք ըսելիք Շանթի ընկերային զբաղումներուն մասին:

Ս. Վ.- Ինչ կը վերաբերի հանրային գործերու, Շանթ բծախնդիր եւ ժամանակի կարեւորութիւնը գիտցող մարդ էր: Ամէն ինչի համար ժամեր ունէր. այսպէս, որոշ ժամերուն պէտք էր գրէր, որոշ ժամերու պէտք էր հանգիստ ընէր. այդ բոլորին կը հետեւէր անշեղ կերպով, այս պատճառով ալ Շանթը յարգուած մարդ էր, բայց ոչ անպայման մտերմօրէն սիրուած:

«Ջ».- Հարց է թէ գերմանական նորտիկ դաստիարակութիւնը ո՛ր չափով ազդած է իր նկարագիրին վրայ:

Ս. Վ.- Չեմ կարծեր, թէ շատ ազդուած ըլլայ. անոնք, որոնք ապրած են իրեն հետ Էջմիածնի ճեմարանի մէջ` կը վկայեն, որ այդ նկարագիրը բնածին է:

«Ջ.».- Գրականութեան մէջ երբեմն մարդիկ իրենց անձը չեն ներկայացներ. ընդհակառակը կը պահեն զայն ի՞նչ է եղած Շանթի կեցուածքը այս պարագային:

Ս. Վ.- Շանթ իր գրականութեան մէջ իր անձը չէ ներկայացուցած, բայց իր կեանքի շուրջ է, որ մշակած է զայն, եւ անձնական տագնապներու արձագանգը կը բերէ անով. կու տայ ինչ որ իր մէջ ունի թաքնուած բայց կու տայ միայն ինչ որ իր մէջ ընդունելի կը գտնէ, եւ ընդունելի ձեւով:

Շանթը տարօրինակ մարդ էր. անհատական կեանքի, հանրային կեանքի եւ կուսակցական կեանքի մէջ անհատապաշտ գիծ մը միշտ երեւան կը բերէր, թէեւ լաւ կուսակցական եղած է:

Այս ընկերային գործի մարզերուն մէջ ալ աշխատանքը կը տանէր իբրեւ դուրսի գործ, իբրեւ անձնական գործ: Օրինակ, երբ Շանթ գնաց Մոսկուա, իբրեւ պատուիրակութեան անդամ, չհրաժարեցաւ իր գրական աշխատանքէն:

«Ջ.».- Շանթ ի՞նչպէս իր մէջ կը հաշտեցնէր անհատապաշտ մարդը եւ ընկերային պատասխանատուութիւններու տէր մարդը:

Ս. Վ.- Պէտք է ըսել, որ Շանթ ուժեղ անհատապաշտ ու եսակեդրոն մարդ էր. այլ խօսքով իր եսը, իր էկոն ամէն բանի վրայ կ՛իշխէր:

«Ջ.».- Ինչ կը վերաբերի իր «Շղթայուած»-ին արդեօք չե՞նք կրնար ըսել. որ Շանթ արտաքինը կը կերտէր, ներքինը` եսը կերտելու համար միայն…

Ս. Վ.- Ըստ ինծի, «Շղթայուած»-ը հարազատօրէն չի պատկերացներ Շանթի հայեացքները. անշուշտ անկեղծ էր, երբ կը գրէր զայն, բայց հոն երեւցող յոռետեսութիւնը Շանթին չի պատկանիր: Իսկ մնացածը մեկնաբանութիւն է միայն, բացատրութեան ձեւ մը:

«Ջ.».- Ըսիք, որ Շանթ եւ Աղբալեան շատ մօտ էին իրարու. կարելի կը նկատէ՞ք այս տեսակի մտերմութիւն մը Շանթի պարագային:

Ս. Վ.- Շանթ եւ Աղբալեան իրարու տրամագծօրէն հակառակ տիպարներ էին. թերեւս ատոր համար մտերիմ էին: Տարբեր էին իրենց կեցուածքը, խօսուածքը, ապրումները, փիլիսոփայութիւնը: Չեմ կարծեր, ամէն պարագայի, թէ այդ բարեկամութիւնը անվերապահ մտերմութիւն մը եղած է, նոյնիսկ Աղբալեանը` սովոր էր ըսելու. «Մեր Լեւոնը կոճկուած մարդ էր»:

«Ջ.».- Միւս կողմէ չէք մոռնար անշուշտ անկեղծութիւնը եւ սրտբացութիւնը, որոնք Շանթի գործին մէջ կան երբեմն «Երազ օրեր», «Հին աստուածներ»: Հակասութիւն չէ՞ք տեսներ…

Ս. Վ.- Շանթի մօտ պատմութիւն չկայ: «Հին աստուածներ»-ու մէջ միայն ի՛ր պատմութիւնը կու տայ. Շանթ ամէնէն աւելի գրականութեան մէջ անկեղծ է: Իր տիպարները զի՛նք միայն կը ներկայացնեն:

Սիմոն Վրացեան կ՛եզրակացնէ, որ Լեւոն Շանթ, իր վերապահ ու անհատապաշտ անհատականութեան հանդերձ, իր անսովոր գիծերուն իսկ համար թերեւս, յարգանքի, նաեւ հիացական սիրոյ արժանի մարդ մը եղած է ,հոգ չէ, թէ այդ սէրը կարելի չըլլար մտերմութեան վերածել:

ԽԱԺԱԿ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արմենակ Հոնոլուլու Գացեր Է Եւ` Առակի Թարգմանիչ Դարձեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.