Ակնարկ
Արմատական Լուծումը
Երբ երկիրը ընկերային խոր տագնապ մը կ՛ապրի, կարելի չէ այլ հարցերով զբաղիլ:
Անդրադարձած էինք երէկ: Նոյն նիւթին կը վերադառնանք այսօր:
Ընկերային պահանջներու ալիք մը ծայր տուած է: Պետութիւնը, կամովին կամ ակամայ, մտած է պայքարի մէջ: Դրամատան պաշտօնեաներու պարագային, կողմերը յստակ են թէեւ, բայց գործադուլին չորրորդ օրն իսկ, կողմերէն մէկը գրեթէ քաշուած է, եւ բանթողները իրենց դիմաց կը գտնեն պետութիւնը` բռնագրաւումի սպառնալիքով:
Հետեւաբար, պատասխանատուութեան առաջին բաժինը կ՛իյնայ պետական իշխանութիւններուն վրայ, որոնք պարտաւոր են արմատական լուծում մը գտնել ընկերային հարցերուն:
Եթէ լիբանանցի աշխատաւորը այսօր դժգոհ է իր վիճակէն եւ աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ, պատճառն այն է, որ իր ընտանեկան պիւտճէին 40-60 առ հարիւրը ստիպուած է յատկացնել հիւանդութեան, բնակարանի եւ կրթական ծախսերու: Ընկերային երեք մարզեր, ուր պետութիւնը կրնայ բարերար միջամտութիւն մը կատարել, կիրարկելով բժշկական ապահովութեան դրութիւնը, սանձ մը դնելով կալուածատէրներու ախորժակին եւ ձրի ու պարտաւորիչ դարձնելով ուսումը կամ տրամաբանական սակերու իջեցնելով կրթաթոշակները:
Անշուշտ այս պարագային պետութիւնը իր վրայ պիտի առնէ նիւթական որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք դրամի կը կարօտին: Ուրկէ՞ պիտի առնուի այդ դրամը:
Մինչեւ հիմա պետութիւնը կը դիմէ անուղղակի տուրքերու դրութեան, որ Լիբանանի մէջ գայթակղալի համեմատութիւններու հասած է, պատճառ դառնալով ընտանեկան պիւտճէներու հաւասարակշռութեան խախտումին: Ուրեմն, մէկ անգամ ընդմիշտ պէտք է հրաժարիլ այդ դրութենէն եւ կիրարկել-տառացիօրէն-ուղղակի տուրքերու դրութիւնը:
Ուղղակի տուրք ըսելով` կը հասկնանք շահատուրքը, որ եւրոպական եւ ամերիկեան բոլոր երկիրներուն մէջ պետական եկամուտին գլխաւոր աղբիւրն է: Վիճակագրական տեղեկութեանց համաձայն, Լիբանանի մէջ, տարին, իբրեւ եկամուտի տուրք, կը գանձուի միայն 30-32 միլիոն լ. ոսկի, մինչ, ազգային եկամուտին ընդհ. գումարը նկատի ունենալով, պէտք է գանձուէր 80-85 միլիոն: Տարբերութիւնը 50 միլիոն կը մնայ գրպանը մեծ առեւտրականներու եւ գործատէրներու,
որոնք բազմապիսի միջոցներու կը դիմեն խուսափելու համար օրէնքին տրամադրութիւններէն, եւ այս` յաճախ ելեւմտական սպասարկութեան նախկին պաշտօնեաներուն մեղապարտ խորհուրդով:
Եթէ պետութիւնը անխնայ ըլլայ եւ հետեւողական` շահատուրքի գանձումին մէջ, գոյացած գումարը կրնայ յատկացնել հասութաբեր ձեռնարկներու որոնց շնորհիւ ի վիճակի կ՛ըլլայ ընթացք տալու ընկերային ապահովութեան պահանջներուն:
Եթէ հիմնական այս գործերը չկատարուին, եւ պետութիւնը շարունակէ գոհանալ կիսամիջոցներով, ընկերային պահանջները դադար չեն գտներ այս երկրին մէջ եւ գործադուլ մը հազիւ վերջացած, կը սկսի մէկ ուրիշը, պարբերական եւ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր ցնցումներու ենթարկելով երկիրը:
Էրզրում, Բիւրակն (Պինկէօլ),
Մուշ Աղիտահար Շրջաններ
Վարդօ Քաղաքը
Ամբողջութեամբ Քանդուած
24 ժամէ ի վեր երկրաշարժը կը ցնցէ ամբողջ արեւելեան Անատոլուն: Երկրաշարժը իրական աղէտի մը բնոյթ առած է: Մինչեւ հիմա մեռեալներուն թիւը հասած է 1116-ի, վիրաւորներունը` 800-ի: Այս թիւերը առժամեայ են:
Երկրաշարժին շրջանը ցանցառ բնակչութիւն ունի եւ շատ ընդարձակ է: Կը գտնուի Խորհրդային Հայաստանի սահմանէն 200 քմ ասդին եւ Սեւ ծովէն 140 քմ հարաւ: Հաղորդակցութեան ճամբաները հազուագիւտ են եւ անմատչելի, ուստի դժուար է չափել աղէտին տարողութիւնը:
Ամբողջ բնակչութիւնը փախած է տուներէն եւ ցրուած` դաշտերու մէջ: Եթէ ցնցումներուն զօրութիւնը չաւելնայ,- ոմանք 9 աստիճանի հասած են Ռիխտըր աստիճանաչափով,- մարդկային կորուստներու թիւը կրնայ սահմանափակ ըլլալ: Նիւթական վնասները սակայն շատ մեծ կը թուին:
Գլխաւոր քաղաքները` Էրզրում (80 մեռեալ) Բիւրակն (30) եւ Մուշ (240) ցնցուեցան: Վարդօ գիւղաքաղաքը ամբողջութեամբ քանդուած է: Վարդոյի մէջ 339 մեռեալ կար եւ 700-է աւելի վիրաւոր:
Վայրկեանը Մէկ Ցնցում
Վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրել գնաց աղիտահար շրջանը` օգնութեան գործին կազմակերպման հսկելու համար: Բանակն ու Կարմիր Մահիկը անմիջապէս սկսան փրկութեան գործողութիւններուն:
Երկրաշարժը, որ երէկ նիւթական թեթեւ վնասներ պատճառած էր, այսօր կէսօրէ ետք յանկարծ սաստկացաւ:
Վայրկեանը անգամ մը երկիրը կը շարժի: Շարժին կեդրոնը կը գտնուի Էրզրումի մերձակայքը, խորհրդային սահմանին մօտ: Շարժը դադրեցաւ երեկոյեան: