Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1966)

August 23, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարմիր Թանճէրը»
Պէյրութ

 

«Օրօր»-ին մէջ, Անտրէ Վիկօ յօդուած մը ստորագրած է, ուր կը պարզէ Պէյրութի մէկ նոր պատկերը:

Խորհրդային զբօսաշրջիկներու ալիք մը սկսած է ողողել Պէյրութը: Կը պտտին ամէն կողմ: Քազինօ տիւ Լիպանէն կ՛անցնին կ՛երթան Սուքերը, ուր աշխարհի բոլոր դրամները ազատօրէն կը գնուին եւ կը ծախուին, ու ապշահար կը դիտեն հսկայ շէնքերը, որոնք կը բուսնին ամէն կողմ:

Սակայն, ինչ որ կը յափշտակէ այս տարօրինակ զբօսաշրջիկները, ոչ պորտախաղն է, ոչ ալ ամերիկեան հրաշալի կառքերն են, այլ դրամատուներն են, լումայափոխներու գրասենեակները, ոսկիի առեւտուր ընող խանութները: Վերջապէս այն ամէն ինչը, որ այսօր Պէյրութը կը վերածէ նոր Թանճէրի մը: Ռուսերը եկած են տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու Պէյրութը «կարմիր արկղի» մը վերածելու կարելիութիւնը: Հակադրամատիրական նախապաշարումները կորսուած են: Մոսկուա կ՛երազէ հսկայ գործեր ընել Լիբանանի մայրիներու շուքին տակ:

Վայրը լաւ ընտրուած է: Թանճէրի միջազգային կանոնագիրին վերջ տրուելէն ի վեր – 1960 – միլիառատէրերը, դրամատէրերը, ոսկի, տարադրամ անցընողները նոր դրախտ մը կը փնտռէին: Սկիզբը խուճապ մը ստեղծուեցաւ:- Կարգ մը հարաւային ամերիկացիներ, որոնք անցեալին իրենց դրամը Թանճէր կը պահէին, Փանամա հաստատուեցան, ուրիշներ իրենց քարերը եւ տոլարները քանատական դրամատուները դրին: Եւրոպայի մէջ, Ժընեւը իրեն քաշեց Հիւսիսային Ափրիկէի հարստութիւնները, մինչ Քոնկոյի արծաթն ու ոսկին Լիւքսանպուրկ կը փոխադրուէին: Այս ցրւումը ոչ ոք գոհացուց: Աւելի՛ն, օրէ օր աւելի զգալի կը դառնար ոսկիի ճամբուն վրայ թրանզիթի կեդրոնի մը անհրաժեշտութիւնը: Այդ ճամբան, անցեալին, Թանճէրը կը կապէր Հոնկ Քոնկին եւ Մակաոյի Պարսից ծոցէն, Հնդկաստանէն եւ Սինկափուրէն: Աչք մը նետելով քարտէսին վրայ, կարելի եղաւ գտնել նոր Թանճէրը, բաց պահելու համար ոսկիի ճամբան: Անշուշտ այդ վայրն էր Պէյրութը` կրկնակ հոսանքի մը վրայ հաստատուած, ան, որ կու գար դրամատէր արեւմուտքէն, եւ որ կու գար համայնավար հիւսիսէն:

Պէյրութի համար հրաշք մը եղաւ: Լիբանանեան կառավարութեան ամբողջական ոսկին սկսաւ շրջագայիլ, ինչպէս որեւէ ապրանք: Ամէն տարի աւելի քան քառասուն թոն դեղին մետաղ կ՛անցնէր Պէյրութէն դէպի Քուէյթ, Հնդկաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք: Ինչպէս Թանճէր, Պէյրութ ադամանդի մաքսանենգութեան շրջուն կեդրոնն եղաւ ու նաեւ թմրեցուցիչի թրաֆիքին:

Դրամը սկսաւ հոսիլ Պէյրութ, որ 1945-ին հինգ դրամատուն ունէր, 1961-ին` քառասուն: Այսօր 86 դրամատուն կայ եւ 206 մասնաճիւղ օտար դրամատուներու, կարելի է դրամատուն մը բանալ տասը լիբանանեան ոսկի (16 ֆրանք) դրամագլուխով: Դրամ գնողները հրապուրուած են ամբողջական եւ բացարձակ գաղտնապահութենէն, աւելի սեղմ, քան զուիցերիական դրամատուներու դրութիւնը, քանի որ ոչ մէկ իշխանութիւն աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հարկային, կրնայ աչք նետել յաճախորդներու հաշիւներուն վրայ: Աւելին, Պէյրութի դրամատուները դրուած դրամագլուխները հարիւրին 12, 18 եւ նոյնիսկ 22 շահաբաժին կրնան բերել: Ուրեմն պահ դրուած դրամագլուխները օրէ օր կ՛աւելնան: 1965-ին աւելի քան երեք միլիառ լիբ. ոսկիի հասած էին: Պէյրութի դրամատուներու լաւագոյն յաճախորդներն են Թանճէրի յաճախորդները, քարիւղի մեծահարուստներ, արաբ  իշխանապետեր, եգիպտացի եւ իրաքցի ելեւմտագէտներ, որոնք իրենց կառավարութեանց քաղաքականութեան սպառնալիքին տակ, դուրս կը հանեն իրենց դրամը: Յաճախ հոնկէ անցնող իշխանապետ մը շէնքեր կը գնէ, իբրեւ լաւ գործ մը, հոգ ալ չ՛ըներ, թէ վարձակալ ունի կամ ոչ եւ այսպէս կարելի է տեսնել պարապ հսկայ շէնքեր քիլոմեթրերու վրայ: Այս քաղաքը կէսով ֆանթոմ է:

Հոս է սակայն, որ ռուսերը կ՛ուզեն հաստատել իրենց կամրջագլուխը, դրամատիրական աշխարհին մէջ: Մերձեցման իրենց փորձերը սկսան 1963-ին, երբ դիմում եղաւ արտօնութիւն ստանալու համար դրամատունի մասնաճիւղ մը բանալու: Լիբանանեան կառավարութիւնը չվախցնելու համար, դիմումը կատարեց Լոնտոնի «Մոսքաու Նարոտնի Պէնք»-ը:

– «Իբրեւ մրցակից կամ թշնամի չենք եկած,- ըսին ռուսերը ապահովութիւն տալու համար Պէյրութի դրամատէրերուն,- մեր  միակ փափաքն է զարգանալ իբրեւ միջազգային դրամատուն»:

Եւ Մարքսի տղաքը սկսան դրամատիրական դպրոցը երթալ: Արագօրէն, ռուսերուն համար, Պէյրութը դրամական գործողութեանց գաղտնի կայան մը դարձաւ:

Օգտուելով գաղտնապահութենէն, որմէ կ՛օգտուին Պէյրութի դրամական գործերը, իրենց կարգին շահագործելով ոսկիի եւ արծաթի բոլոր շրջանները, ռուսերը տեղաւորուեցան եւ սորվեցան բոլոր գաղտնիքները:

Բայց ինչ որ զիրենք ամէնէն աւելի կը շահագրգռէ, Պէյրութի դիրքն է ոսկիի ճամբուն վրայ: Ռուսերը ոսկի շատ կը ծախեն, վերջերս, շատ գաղտնի կերպով եւ ատիկա կ՛ընեն Պէյրութը օգտագործելով իբրեւ կեդրոն: Պէյրութի ճամբով է, որ ռուսական ոսկին, նախ հալեցուած Քուէյթ կամ Ատէն, Հոնկ Քոնկ կը հասնի, Հնդկաստանէն անցնելով: Մաքսանենգութեան այս ոսկիին լաւագոյն գնորդն է… Համայնավար Չինաստանը: Փեքինը, Հոնկ Քոնկ գնած սթերլինով կը վճարէ Մոսկուայի այս ոսկին: Այս հակասական շրջագայութեան մէջտեղը` Պէյրութն է, այն Պէյրութը, զոր ռուսերը կ՛ուզեն Արեւմուտքի «կարմիր Թանճէր»-ը դարձնել:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մի Քայլ Եւս` Անիի Գաղտնիքները Յայտնագործելու Ուղղութեամբ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.