Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 11, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հերոսութեան Մասին

Չեմ գիտեր, ո՛ր իմաստունին առիթով մը հարցուցեր են. «Ի՞նչ է հերոսութիւնը»: Եւ իմաստունը պատասխաներ է լակոնիացիի մը պէս. հերոսութիւնը այն է, որ մարդ իր պարտականութիւնը կը կատարէ:

Յայտնապէս կա՛մ շատ իմաստուն եւ կա՛մ շատ անիմաստ պատասխան մըն է ասիկա: Իմաստուն` այն իմաստով, որ իրենց պարտականութիւնն իսկ կատարող մարդիկ շատ չկան հիմա: Անիմաստ` այն առումով, որ եթէ հերոս նկատենք իր պարտականութիւնը միայն կատարող մարդը, ապա ուրեմն ի՞նչ անուն պէտք է տանք անոնց, որոնք իրենց պարտականութենէն աւելի կը կատարեն:

Այսպէս, իմ կարծիքով, իր պարտականութիւնը կատարող, նոյնիսկ գերակատարող մարդը հերոս չէ, եւ իր ըրածն ալ հերոսութիւն չէ:

Ո՞վ է ուրեմն հերոսը, եւ ի՞նչ է ուրեմն հերոսութիւնը:

Կը կարծեմ, հերոսը այն է, որ ոչ միայն իր պարտականութենէն աւելին կը կատարէ, այլեւ կը կատարէ գործ մը, որ իր պարտականութեանց սահմանին մէջ չ՛իյնար, զոր իրմէ պահանջելու իրաւունք չունին ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ ազգը:

Եթէ պարտականութիւն մը կատարելը հերոսութիւն ըլլար, այդ պարագային «հերոս»-ի կոչում պիտի ստանային բոլոր անոնք, որոնք գէշ-աղէկ կը կատարեն իրենց յանձնուած պարտականութիւնը: Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց պարտականութիւնը ոչ թէ գէշ-աղէկ, այլ աղէկ կը կատարեն միշտ, հերոս չեն: Պարտաճանաչ, բարեխիղճ մարդիկ են, բայց հերոս չեն:

Եգիպտոսի մեր երիտասարդ ընկերները ամէն տարի կը տօնակատարեն «Ֆետայիներու օր»-ը: Ուրեմն, կ՛ըսենք մենք մեզի, մեր երիտասարդ ընկերները գիտեն կամ հասկցած են հերոսին, հերոսականին եւ հերոսութեան իմաստը եւ առիթ մը ստեղծած են յարգելու ու մեծարելու ոչ միայն հերոսը, այլեւ` հերոսականը եւ հերոսութիւնը:

Ֆետային ան չէ, որ ինքզինք պաշտպանելու համար զէնք կ՛առնէ եւ լեռ կը բարձրանայ: Ֆետային ան է մանաւանդ, որ ուրիշները պաշտպանելու համար կը զինուորագրուի այն բանակին մէջ, ուր հերոսական գործեր կը կատարուին, թէեւ ոչ ոք պահանջած է իրենցմէ դադրիլ անձնական կեանք ապրելէ, միայն եւ բացառաբար անանձնական կեանք մը ապրելու համար:

Այս կը նշանակէ` ինք իրեն համար չապրիլ, այլ` ապրիլ ուրիշներու համար: Եւ եթէ չեմ սխալիր, հերոսութիւնն ալ ուրիշ բան չէ արդէն:

Երբ մէկը իր ունեցածէն բաժին մը հանէ որբին, որբեւայրիին, հիւանդին ու չքաւորին, եկեղեցիին ու մշակոյթին, վերջապէս` ազգին ու հայրենիքին, մենք այս «մէկը» կը կոչենք ազգային բարերար, իսկ երբ ամբողջ ունեցածը կու տայ, իրաւամբ մենք զայն կը կոչենք ազգային մեծ բարերար:

Այս բարերարներուն անունը կը յիշատակուի դարէ դար եւ սերունդէ սերունդ: Իրենց բարեգործութիւնները կ՛արձանագրուին քարի, մարմարի կամ մագաղաթի վրայ` «յօրինակ այլոց»: Արդար է անշուշտ մեծարանքը, ինչպէս մեծարելի է գործը ինքն ալ:

Ֆետային, ընդհանուր բացատրութեամբ` հերոսը, ոչ թէ իր ունեցածէն մաս մը կամ ամբողջ ունեցածը կու տայ, այլ կու տայ անկշռելի, անփոխարինելի, անվերստանալի հարստութիւնը, որ կեանք կը կոչուի, եւ որ Արարիչէն ընծայուած է իրեն` իբրեւ շնորհ աստուածային: Տարբերութիւն մը կայ հարկաւ այս հարստութեան եւ միւսին միջեւ: Մէկը`  կեանք ըսուածը, կարելի չէ վերստանալ անգամ մը զայն կորսնցնելէ ետք, միւսը` ստացուածքը, կարելի է վերստանալ միշտ` նոյնիսկ զայն կորսնցնելէ ետք:

Ու մինչ բարեբախտութի՞ւն է ասիկա թէ դժբախտութիւն, բարերարները կը յիշուին ու կը մեծարուին դարեր ետքն ալ, միւսները… որոնք բարերար չեն, այլ միայն… հերոս են, մոռացութեան կը տրուին յաճախ:

Մեր մեռելները մեր թերափներն են կերպով մը: Խօսքը անշուշտ այն մեռելներու մասին է, որոնք հերոսական գործեր կատարեցին իրենց ողջութեան, թերեւս` առանց իսկ գիտնալու, առանց իսկ մտածելու, թէ այս աշխարհը եկած էին իբրեւ անմահ… մահկանացու:

Մեծարել մեր հերոսները` կը նշանակէ մեծարել ազգը, որուն համար ինկան ռազմաճակատին վրայ կամ զօրանոցին մէջ:

Յարգել յիշատակը մեր անուանի եւ անանուն ֆետայիներուն` կը նշանակէ յարգել հայրենիքը, որուն համար վրայ տուին իրենց ամբողջ «դրամագլուխ»-ը` կեանքը:

Առանց հերոսներու` ժողովուրդները ազգ չեն, այլ թիւ են ու համրանք: Առանց հերոսական գործերու` մեր ծննդավայրերը հայրենիք չեն, այլ հող են ու տարածութիւն:

Ժողովուրդները ազգ կը դառնան իրենց հերոսներով: Երկիրները հայրենիք կը դառնան հերոսական գործերով:

Ես անուններ չտուի, եւ պիտի չտամ, հերոսը եւ հերոսութիւնը մեծարելու ձգտող այս քանի մը թշուառ տողերուն մէջ: Բայց, իբրեւ վերջաբան, պիտի ուզէի յիշեցնել, թէ հերոսութիւնը միայն գործի մէջ չէ, այլ նաեւ խօսքի մէջ է: Որովհետեւ երբեմն այնքան հերոսութիւն կայ խօսքի մէջ, որքան կայ գործի մէջ:

Օրինակ` Խ. Միութեան մէկ ծայրէն միւսը, ամէն մարդ կրնայ ըսել հիմա, Ստալինի մասին խօսելու ատեն.

– Էդ սրիկան, էդ դահիճը… Սակայն 1953-էն առաջ ոչ ոք կը յանդգնէր այս երկու բառերը ոչ թէ ըսել, այլ մտքէն անցընել:

1915-ին Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ հայ, նոյնիսկ ոչ մէկ թուրք կրնար Թալէաթը կոչել Մեծ Դահճապետ: Բայց գտնուեցաւ մարդ մը, հայ մը, որ կրցաւ ըսել` խօսքը ուղղելով Պերլինի մէջ զգետնուած ճիւաղին.

– Բոլոր այս եղեռներուն համար օր մը հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ:

– Ո՞վ պիտի պահանջէ,- կը հարցնէ միւսը:

– Ե՛ս,- կ՛ըլլայ կարճ պատասխանը:

Այս «ես»-ը կը կոչուի Գրիգոր Զօհրապ:

Այս «ես»-ին մէջ կը խօսէր համայն հայ ժողովուրդը:

Այս «ես»ձին մէջ հերոս մը կար եւ հերոսութիւն մը կար:

Այս «ես»-ը առանձինն ամբողջ դիւցազներգութիւն մը կ՛արժէ:

Օրհնութիւն եւ աղօթք` մեր հերոսներուն, խունկ ու կնդրուկ անոնց յայտ եւ անյայտ գերեզմաններուն:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Այլազան. Ընկերներու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?