Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1967)

February 3, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Վարդանանց
Տօնակատարութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 2 փետրուար 1967, Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով:

Լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Արձակուրդի մէջ էին նաեւ պետական ու օտար հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաները:

Բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, ազգայնաշունչ քարոզներ խօսուեցան եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի ու հաւատքի համար նահատակուած 1036 հերոսներու յիշատակին:

Պայծառ երկինքը առաւել պատճառ մը եղաւ, որ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուի սրբազան արարողութիւններուն:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ պատարագեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Ս. պատարագին ներկայ եղան նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհրդակցական եւ մնայուն յանձնախումբի զոյգ ժողովներու աշխատանքներուն մասնակցող արեւելեան դաւանակից եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնք միասին ողջոյն առին:

«Գոհութիւն»-ի ատեն վեհափառ հայրապետը յիշեց անունները Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի- դաւանակից պետեր ղպտի պատրիարք` Կիրիլլոս Զ.ի, ասորի պատրիարք` Իգնատիոս Եագուպ Գ.ի, Եթովպիոյ պատրիարք` Բասիլիոսի եւ հնդիկ-ասորի կաթողիկոս` Աուկէն Ա.ի: Աղօթեց ու մաղթանք կատարեց անոնց արեւշատութեան համար: Ներկայացուցիչ եկեղեցականները եւս աղօթեցին իրենց լեզուով:

Խորէն կաթողիկոսի անուանակոչութեան առիթով Գարեգին սրբազանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ  նաեւ աղօթք ու մաղթանք` վահափառ հօր արեւշատութեան համար: Ապա վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ ազգայնաշունչ քարոզ մը: Ներկայացուցիչները Ս. հաղորդութիւն առին վեհափառ հայրապետէն:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ հանդիսաւորապէս: Պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Կէսօրէ ետք, ժամը 3:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանի հօր եւ նախաձեռնութեամբ Ս. Նշանի եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ «Վարդանանց» շքեղ տօնակատարութիւն: Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր: Բանախօսեց Էօժենի Պալեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ պատանեկան թատերախումբը ներկայացուց Վարդանանց դիւցազնամարտէն առնուած «Հրաշալի յաղթանակը» 2 արարնոց թատերախաղը:

 

Կաթողիկոսարանի
Ընդունելութիւնը

Երեքշաբթի, 31 յունուար, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ի պատիւ արեւելեան ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու ժողովականներուն, սարքեց շքեղ ընդունելութիւն մը:

Ընդունելութեան ներկայ եղան` կաթողիկէ հայոց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. պատրիարք, ընկերակցութեամբ Կարապետ արք. Ամատունիի եւ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի, պապական նուիրակ Ալիպրանտի արքեպիսկոպոս, Աթենակորաս պատրիարքի ներկայացուցիչ Կոզմա եպիսկոպոս, Պէյրութի մարոնի առաջնորդ Զիատէ եպիսկոպոս, յոյն կաթողիկէ առաջնորդ Նապաա եպիսկոպոս, ասորի կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Ճարճար եպիսկոպոս եւ Պէյրութի` առաջնորդ Մելքի եպիսկոպոս, Լեռնալիբանանի յոյն օրթոտոքս առաջնորդ Քարամ եպիսկոպոս եւ Թրիփոլիի առաջնորդ Ղուրան եպիսկոպոս, Կիպրոսի մարոնի առաջնորդ Ֆարահ եպիսկոպոս, լատինաց պետ Սմիթ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Քուէյթի լատին արքեպիսկոպոսին, Մերձ. Արեւելքի Հայ աւետարական եկեղեցիներու նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեան, Հայ աւետարանական միութեան պետ տոքթ. Ա. Մանուկեան, ժեզուիթներու Մերձաւոր Արեւելքի պետ Հայր Սամի Քուրի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ հայր Տաղեր, ֆրանսական բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կապիւ, ռուս եկեղեցիէն եւ ֆրանսական պատկերասփիւռի Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ հայր Սթրիւվ, Մերձ. Արեւելքի Քրիստոնէական եկեղեցիներու խորհուրդի, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջեկեղեցական օժանդակութեան յանձնախումբի եւ Գաղթականաց սպասարկութեան ներկայացուցիչներ, Վենետիկեան եւ Վիեննական Մխիթարեան հայրեր, պետական հայ երեսփոխաններ ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան եւ ազգային մարմիններու անդամներ, բարերարներ եւ հանրային ծանօթ անձնաւորութիւններ:

Ներկաները առիթը ունեցան ճանչնալու անդամները Խորհրդակցական ժողովին եւ ջերմ ու սիրալիր, բարեկամական եւ քրիստոնէական զգացումներով զեղուն տրամադրութեամբ կրցան քաղցր պահ մը անցընել:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պարոյր Աղպաշեան Եւ Նորայր Պաղտասարեան Կը Պարգեւատրուին Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.