Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1967)

Յունուար 26, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նժարէ Նժար

Հայկական Ցոյցեր…

Երէկուան թիւով «Ազդակ»-ի ընթերցողները տեսան ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ ամերիկահայ մեր հայրենակիցներուն կատարած ցոյցերուն լուսանկարչական պատճէնները եւ կարդացին լուրը:

Հայերը խումբ-խումբ կամ առանձին ցոյց կը կատարեն, պաստառներով կը շրջին ՄԱԿ-ի շրջափակին մէջ, անձրեւին տակ ու խստաշունչ օդին դէմ իրենք զիրենք նետած` կը ճգնին յիշեցնել աշխարհի խուլերուն աշխարհի առաջին ցեղասպանութիւնը, թրքականը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր:

Մարդկային սրախողխող էակներուն, հայրենական հողին ու մշակութային թանկարժէք կոթողներուն համար արդարութիւն պահանջող այս մարդոց պարզած պատկերը յուզիչ է պարզապէս, սրտապնդող է նաեւ, կենսունակութեան յայտարար նշան: Կը հաւատան իրենց արդարութեան ու անտեսուած իրենց արդարութեան համար անհանգիստ կ՛ապրին, գործը երեսի վրայ կը ձգեն ատոր համար, տունը կը ձգեն ատոր համար, սառնաշունչ օդէն չեն վախնար, դա՛տ ունին, աշխարհը չի կրնար երկար ատեն խղճին քար դրած ապրիլ: Անոնք կը հաւատան իրենց դատին բարւոք լուծման: Կը պայքարին:

Կարելի չէ անտարբեր անցնիլ այս պատկերին քովէն, կարելի չէ չմասնակցիլ պայքարին, երբ մանաւանդ գիտենք, թէ սփիւռքը առանձին է այս կենսական ճակատին վրայ: Հայրենիքը գործօն մը չէ այստեղ: Իրերու բերմամբ հայրենիքը ի վիճակի չէ դրօշակիրի դերը ստանձնել: Իրար չխաբենք: Դեռ քանի մը օր առաջ, ա՛յս թերթին մէջ, կարդացիք Հայաստանի հինգերորդ համագումարին արտասանած Էմինի ճառը, ճառին այն մասը, ուր բանաստեղծը փորձած էր բացատրել «Արտասահման» բառը, տալ արտասահմանի կազմութեան պատճառները, «ընդամէնը արձանագրելով երիտասարդ թուրքերի 1915 թուին կազմակերպած ցեղասպանութեան փաստը…»: Ու շարունակութիւնը`

«Բայց ի՞նչ պատահեց. պատահեց այն, որ իմ գրած առաջաբանից, որպէս «հակաթուրքական տրամադրութիւն» հանուեց այդ մի հատիկ նախադասութիւնը եւս եւ կրճատուած առաջաբանից այն տպաւորութիւնն է ստացւում, թէ հայերը 1915 թուականին փախել են իրենց հայրենի հողից… երկրաշարժի, կամ մի այլ տարերային աղէտի պատճառով…»:

Այսպէս է հոն ու առանձին ենք հոս: Հակառակ անոր, գործը հաւատացեալներ ունի ու պայքարը օրըստօրէ կը զօրանայ: Աւելի նշանակալից կը դառնայ պայքարը, երբ մարդ կ՛անդրադառնայ, թէ անոր դրօշակիրները սովորական դրդապատճառներով ոտքի ելած մարդեր չեն, գաղթականներ չեն, հալածուածներ չեն, անգործներ ու կարեկցութեան կարօտ բազմութիւններ չեն. քաղաքացիական իրաւունքներ կը վայելեն, տուն ունին, գործ ունին, դիրք ունին, այսուհանդերձ, իջած են հրապարակ ու արդարութիւն կը պահանջեն, հայրենիք կ՛ուզեն: Յուզիչ է այս պատկերը, գեղեցիկ ու վարակիչ:

XX

 

Ընկերային Հարցեր

Բայց…

– Ճի՜շդ է. ես այդ սխալը ըրի. ճի՛շդ է, այգի տուաւ ինծի, խաղողի ողկոյզ մը զլացայ իրեն: Ճի՛շդ է, պատուական մարդ է. աշխատասէր ու նուիրեալ: Ճի՛շդ է, մարդու չարիք չէ հասցուցած: Ճի՛շդ է, հանրային զօրաւոր գիծ ունի: Ճի՛շդ է, վահան եղած է, է, ու վստահ եմ պիտի շարունակէ ըլլալ, մնալ: Ճիշդ է, ճիշդ է, ճի՛շդ է…

Քանի խօսակցութիւնը կը խորանայ, կարելի ու անկարելի «ճիշդ է»-ներ կը շարուին, կը բազմապատկուին, ու երթալով կը համոզուիք, որ այս նախաբանը պիտի յանգի շքանշանի տուչութեան:

Յանկարծ սակայն, ձեր խօսակիցը, աննշմար ԲԱՅՑ մը կը գլորէ, զայն ձիւնագնդակի պէս ձիւնածածկ լեռնէ մը վար կը հրէ, ու այդ «բայց»-ը իր գլանին տակ կ՛առնէ կամաց-կամաց բոլոր վերի թուուած առաքինութիւնները, ու դատավճիռը կ՛արձակուի.-

– Անպէտք մարդ է:

Յաճախ կը մեկնիք ԲԱՅՑ-ի ազդեցութեան տակ: Երբ հարուածը իր ուժը կը կորսնցնէ ու գլխի կ՛իյնաք, կը զարմանաք, թէ ի՞նչպէս խաղի եկաք: Ի՞նչպէս համաձայն գտնուեցաք ձեր խօսակիցին, բացակայի հասցէին դէմ քուէարկելով:

Հոգեբանական այդ խաղը.- դիւրին այլ անպարկեշտ, յաճախ կը վերջանայ կազմակերպողին յաղթանակով:

Նայած թէ ի՞նչ կը հետապնդէք, կրնաք ձեւը փոխել նախաբանին, սակայն կը բաւէ որ պահէք բայցը իր տեղը, պարբերութիւններու կիսուն, ու անպայման կը հասնիք ձեր նպատակին:

Կ՛ուզէք հարց մը, երեւոյթ մը գեղեցիկ ներկայացնել.- համոզիչ ու առարկայակա՞ն.- Է՛հ, լա՛ւ, սկսեցէք այսպէս.-

– Կ՛ընդունիմ, որ եղածը սխալ է. կ՛ընդունիմ, որ աններելի է պատահածը:

Եւ այլն:

Ապա` հասէք բայց-ին ետեւէն, բռնեցէք զայն, ու տեղաւորեցէք ձեր բուն նպատակի գլխուն:

Տեղ կը հասնիք:

Իրապէս բայց-ի գործածութիւնը ե՛ւ դիւրին է, ե՛ւ դժուար: Բայց մանաւանդ բայց-ի գործածութիւնը պարկեշտութեան չափանիշ է:

Այդ «բայց»-երը կրնան տուն քանդել, կրնան տուն շինել: Մանաւանդ` ազգին տունը:

Յատկապէս երբ բայց-ը կ՛իյնայ վատ միտումով գործը գիտցող մարդու ձեռքը, վայ է եկեր զայն լսողին:

«Բայց»-ին պէս «Եթէ»-ն ալ բարի պտուղ չէ: Այդ պայմանական սպառնալիքը ի՜նչ ծուղակներ կրնայ լարել, ինչպէս նաեւ` ինչ ծուղակներէ կրնայ ձեզ ազատել:

Նայած թէ ո՞վ է զայն գործածողը:

«Բայց»-ին ու «Եթէ»-ին ականջ տալէ առաջ, պէտք է քննել անպայմանօրէն զայն գործածողին աչքերը:

Եթէ ատոնք վատ են, զանոնք պէտք է փորել, ապա Բայց-ն ու Եթէ-ն` ջնջե՛լ:

ԱՍԻԱՑԻ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Մելանիա Թրամփ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?