Հայկական Ցոյցերը Սկսան
Միացեալ Ազգերու Առջեւ
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ (18 յունուար).-
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը երեք էջնոց յուշագիր մը ներկայացուց Միացեալ Ազգերու խտրականութեան դէմ պայքարի ենթայանձնախումբին` պահանջելով ընթացք տալ 6-րդ յօդուածի իւրացման եւ շօշափելի քայլեր առնել: Յուշագիրը, զոր ստորագրած էին տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան եւ փրոֆ. Սեդրակ Մինաս, յանձնուեցաւ ենթայանձնախումբին բոլոր անդամներուն, թիւով 18:
Հայերը այսօրուընէ սկսեալ ամէն օր ցուցատախտակներով ցոյց պիտի կատարեն Միացեալ Ազգերու առջեւ: Շաբաթ օր կը սպասուի, որ 3000 հոգի մասնակցին ցոյցին: Այս իրողութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է:
Հայկական Դիմումին Արձագանգը
Արաբական Շրջանակներուն Մէջ
«Լրիւ Կ՛իւրացնենք Հայաստանի Պատուիրակութեան
Դիմումնագիրը», Կը Յայտարարէ Պաղեստինի
Ազատագրութեան Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը
Պաղեստինի Ազատագրութեան արաբական կազմակերպութեան Նիւ Եորքի գրասենեակի տնօրէն տոքթ. Իզզէթ Թանուս, ՄԱԿ-ի թղթակիցներուն յայտարարած է, թէ Կազմակերպութեան կողմէ դիմում պիտի կատարուի համապատասխան ենթայանձնախումբին` ցեղասպանական արարաքներու քննութեան եւ ցեղասպաններու դատապարտութեան համար մասնաւոր մարմին մը կազմելու առաջարկով:
Պր. Թանուս յայտնած է մասնաւորաբար. «Ցեղասպանութեան դէմ համաձայնագիրի 6-րդ յօդուածը, որ կը նախատեսէ դատել ցեղասպանական արարքի մէջ գտնուողները ու պատժական միջոցներ ձեռք առնել անոնց դէմ, պէտք է վաւերացուի ՄԱԿ-ի կողմէ: Կարգ մը տարրեր չեն փափաքիր, որ իրականանայ այս քայլը, եւ, դժբախտաբար, ՄԱԿ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ ալ արժանի կարեւորութեամբ չեն մօտենար հարցին` առիթ տալով անտեսումի եւ ձգձգումներու:
«Ներկայիս նիստ կը գումարէ Փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խտրականութեանց դէմ արգելիչ միջոցներու յատուկ ենթայանձնախումբը, ՄԱԿ-ի մէջ, եւ իր օրակարգին վրայ ունի Ցեղասպանութեան հարցը: Արդ, ամէն կերպով հարկ է ուժ տալ 6-րդ յօդուածի իւրացման:
«Այս իմաստով դիմում մը կատարուեցաւ, քանի մը օր առաջ, հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ, որով կը պահանջուի ընթացք տալ 6-րդ յօդուածի իւրացման եւ շօշափելի քայլեր առնել: Յանձնախումբին մէջ կան երկու արաբական պետութեանց ներկայացուցիչներ. Սուտանի ներկայացուցիչ պր. Մոհամէտ Ապու Ռաննաթ, որ փոխնախագահն է յանձնախումբին եւ պր. Մոհամէտ Աուատ, Միացեալ Արաբ աՀանրապետութեան ներկայացուցիչը:
«Դիմում կատարած ենք Արաբական Լիկային եւս, որպէսզի արաբական երկիրներ ուսումնասիրեն այս խնդիրը եւ առնեն համապատասխան քայլեր:
«Լրիւ կ՛իւրացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ կատարուած դիմումը, տոքթ. Վարժապետեանի ստորագրութեամբ ցրուած յայտարարութեան հիման վրայ, եւ կ՛ակնկալենք, որ բազմաթիւ երկիրներ, որոնք ցարդ քայլ չեն առած այդ ուղղութեամբ, գործունէութիւն եւ դրական կեցուածք ցոյց տան: Անցեալ տարի հայութիւնը ամէնուրեք ոգեկոչեց յիշատակը իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք ցեղասպանութեան զոհ դարձան 1915-ին, Թուրքիոյ մէջ: Անկասկած, որ այս իրողութիւնը կը կազմէ մարդկային առաջին ցեղասպանական արարքը»:
Ակնարկ
Թուրքի Նկարագիր
Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանին մէջ, հայ երիտասարդներու ըմբերանող պատճառաբանութիւններուն եւ ջախջախիչ փաստերուն տակ կքած, անճրկած, փոքրացած, թուրք ուսանողները, գլխաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի իրենց խառնածին հիւպատոսին, դիմած են ցեղային իրենց միակ աղբիւրին, միակ «առաքինութեան».
– Թո՛ղ փորձեն կանգնել (ակնարկութիւնը կ՛երթայ ապրիլեան եղեռնը խորհրդանշող յուշարձանին) եւ թող չմոռնան, որ տակաւին հայեր կան Թուրքիոյ մէջ եւ (ջախջախի՜չ փաստարկութիւն), մենք կը պայթեցնենք ատելութեան այդ արձանը»:
Հայեր կան Թուրքիոյ մէջ` գիտենք: Ու թուրքը յաճախ սպառնացած է` յիշեցնելով անոնց ներկայութիւնը: Նորութիւն չէ:
Նորութիւն չէ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ թուրքը, երբ ճարը հատած է, երբ ընելիք չունի, կը դիմէ վերջին զէնքին:
Պայթեցնել, օդը հանել, քանդել…
Այս բոլորը տեղի ունեցած են սուլթաններու օրով, իթթիհատականներու օրով, Քեմալի օրով ու տակաւին տասներկու տարի առաջ:
Բայց եղած են Թուրքիոյ մէջ, իրենց հասողութեան սահմաններէն ներս:
Նորութիւնը դուրսն ալ, այդ սահմաններէն անդին աւերումի եւ քանդումի մոլուցքը տարածելու համարձակութիւնն է կամ… ձախաւերութիւնը:
Կ՛երեւի, իբրեւ ուսանող Մ. Նահանգներ գացած թուրքերը Նիւ Եորքի նաւահանգիստէն չեն անցած: Այլապէս, պիտի տեսնէին Ազատութեան արձանը, որ այդ երկրին խորհրդանիշն է, բոլորովին տարբեր այն միւս խորհրդանիշէն, որ թուրքին ցեղային բնազդով շնորհուա՜ծ է իրենց:
X