Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1967)

Փետրուար 4, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Ցոյցերուն Պատճառով

Ցեղասպանութեան Հարցը
Օրակարգի Վրայ Կը Մնայ

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ.

Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի` փոքրամասնութեանց պաշտպան եւ խտրականութեան ենթայանձնախումբը որոշեց իր յաջորդ նիստին անպայման զբաղիլ Ցեղասպանութեան հարցով եւ 6-րդ յօդուածի խնդրով: Միաձայնութեամբ որոշուած է այդ նիստը գումարել Նիւ Եորք մէջ, օգոստոսին, ու այս պարագան տեղեկացնել մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբին, որ իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ Ժընեւի մէջ:

Ենթայանձնախումբին անդամները տեղեակ են այն հետաքրքրութեան, որ ստեղծուեցաւ այս տարի, հայկական պահանջներու, ցոյցերուն պատճառով: Այլեւս անկարելի է այս հարցը ձգձգել:

Ենթայանձնախումբին ատենապետը այս հարցին առնչութեամբ խորհրդակցեցաւ որոշ անդամ-մասնագէտներու հետ ու վերոյիշեալ որոշման յանգեցաւ հայկական ցոյցերէն ու հայ պատուիրակութեան յուշագրէն ետք: Այս ուղղութեամբ կարեւոր դեր կատարեց Սուտանի մասնագէտ Մոհամետ Ահմետ Ապու Ռաննաթ:

Ենթայանձնախումբին որոշումը, որ հրատարակուած է ՄԱԿ-ի լրագրական տեղեկատուութեան մէջ (SOC/HR/ 261 23 յունուար 1967) յստակօրէն կը տեղեկացնէ, որ` «Ցեղասպանութեան հարցը յետաձգուած է յաջորդ ժողովին»:

 

Բուժարանի Օր (5 Փետրուար 1967)
Կոչ Հայ Ժողովուրդին

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Երջանկայիշատակ Տ. Տ. Սահակ հայրապետի թիւ 92 եւ 22 դեկտեմբեր 1931 թուակիր կոնդակով, իւրաքանչիւր տարուան Մեծ պահոց Բարեկենդանի կիրակին հռչակուած է իբրեւ Բուժարանի օր:

Հայ բարեպաշտ ժողովուրդը, իր ազգասիրական եւ մարդասիրական զգացումներէն տարուած, ամէն տարի դրապէս պատասխանած է երանաշնորհ հայրապետի կոչին` իր հնչուն մասնակցութիւնը բերելով ժողովրդային ընդհանուր հանգանակութեան, ի նպաստ բուժարանի մէջ դարմանուող մեր հարազատներուն:

Այս տարի եւս, նման անցնող տարիներուն, Ազգ. բուժարանի խնամակալ վարչութիւնը, իր կազմած թաղային նուիրահաւաք երկսեռ յանձնախումբերու միջոցով պիտի դիմէ ձեզի` ստանալու համար ձեր սրտաբուխ նուէրները:

Այսու ջերմապէս կը թելադրենք ձեզի, որ սրտանուէր ընծայաբերութեամբ մասնակցիք յառաջիկայ 5 փետրուարին կատարուելիք հանգանակութեան եւ ձեր լիաբուռն նուէրները յանձնէք ձեզի ներկայացող յանձնախումբերուն:

Հայ Ազգային բուժարանը հայութեան պատուաբեր հաստատութիւն մըն է, որ Ձեր զոհողութիւններով իրականութիւն դարձած է եւ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը ի գործ` դնել` պայքարելով հիւծախտին դէմ, փրկելով անհատներ եւ ընտանիքներ անողոք հիւանդութենէն եւ առողջապահական գետնի վրայ ծառայելով սիրելի Լիբանանին եւ հայութեան:

Վստահ ենք, որ ձեր հայու ազնիւ եւ աւանդական ոգիով այս անգամ եւս ձեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի չզլանաք հայու անուան պատիւ բերող այս հաստատութեան տեւականացման եւ աղքատիկ հիւանդներու կենաց փրկութեան ի խնդիր:

«Տուք եւ տացի ձեզ» Աւետարանի այս պատգամը թող այս անգամ եւս քաղցր հնչէ ձեր ականջներուն. անկասկած որ Տէրը վարձահատոյց պիտի ըլլայ բոլորիդ:

Կ՛օրհնենք յիշատակը ամէն անոնց, որոնք հիմնադիրները հանդիսացան Ազգ. բուժարանին, եւ կ՛աղօթենք բոլոր նուիրատուներուն համար եւ իրենց գործերուն յաջողութիւն կը մաղթենք:

Մնամք աղօթարար`

Վերապատուելի Արամ Հատիտեան
Համայնքապետ Լիբանանի հայ
Աւետր. Համայնքին

ՏԱՃԱՏ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Հայոց
Լիբանանի

 

Ակնարկ

Մեր Պարտքը`
Բուժարանին

Վաղը` կիրակի, 5 փետրուար, Պէյրութի հայութիւնը նուիրական պարտք մը ունի կատարելիք Ազունիէի ազգային բուժարանին հանդէպ:

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս նուիրահաւաք յանձնախումբեր պիտի շրջին թաղէ թաղ, պիտի մտնեն ամէն հայու տուն` ստանալու համար մեր հայրենակիցներուն սրտաբուխ նուէրները` հաստատութեան մը, որ հայութեան բոլոր հատուածներուն սրտին կը խօսի հաւասարապէս` իբրեւ մեր ժողովուրդին պատիւ բերող ձեռնարկ:

Բուժարանը, Լիբանանի առողջարար ու կենսատու բարձունքներէն մէկուն վրայ, տարիներէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ` ստոյգ մահէ փրկելով ոչ միայն մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ` արաբ ժողովուրդներու զաւակներէն շատեր, որոնք կը դիմեն հոն` իրենց ցաւին դարման մը գտնելու համար:

Բուժարանը այն հաստատութիւնն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կանգուն կը մնայ եւ տարուէ տարի վերելք կ՛արձանագրէ մի՛ միայն հայ ժողովուրդին զոհողութեան գնով` Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները:

Վաղուան հանգանակութիւնը, շօշափելի նպաստ մը բերելով հանդերձ բուժարանին, բաղդատած անոր տարեկան պիւտճէին խորհրդանշական արժէք կը ներկայացնէ առաւելաբար, ցոյց տալով, թէ հայ ժողովուրդը որքա՜ն կապուած կը մնայ անոր, իր սրտին որքա՜ն մօտ կը զգայ անոր կատարած գործը, որ վեր է ամէն գնահատանքէ:

Վստահ ենք, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մեր բոլոր հայրենակիցները սիրայօժար պիտի բերեն իրենց մասնակցութիւնը վաղուան հանգանակութեան եւ իրենց լիառատ նուիրատուութեամբ, ցաւ մը դարմանելու, արցունք մը սրբելու հոգեկան բաւարարութիւնը պիտի ունենան:

Հանգանակիչ յանձնախումբերը այս վստահութեամբ պիտի դիմեն իւրաքանչիւր հայու` շատ լաւ գիտնալով, որ բոլոր դռները պիտի բացուին իրենց առջեւ, իրենց դռներուն հետ` քսակները:

X

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Արուսեակ Մոլորակը Այս Շրջանին Շատ Կը Փայլի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?