Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1967)

Փետրուար 2, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Ի Նպաստ
Ս. Ղազարի Վանքին

Ի նպաստ Ս. Ղազարի վանքին, ողողումներուն պատճառած վնասներուն առիթով, համազգային սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կը շարունակուի, որուն գրեթէ ամէն օր արձագանգ կը հանդիսանայ Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ», հրատարկելով նուիրատուներուն անունները:

Յիշեցնենք, որ Վազգէն Ա. կաթողիկոս այս նպատակին յատկացուելու համար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ նուիրած էր մէկ միլիոն իտալական լիրա (հինգ հազար լիբանանեան ոսկի):

 

Հայաստան

 Ճարտարապետական
Յուշարձաններ

Արինբերդի բլուրը, որ Երեւանի պատմական ծագումին հետ կապուած վայր մըն է: Հայաստանի մայրաքաղաքին գեղածիծաղ անկիւններէն մէկը կը դառնայ այսօր: Անոր հին յուշարձանները վերականգնելու նախագիծ մը պատրաստուած է:

Պեղումները սկսած են արդէն այս բլուրին վրայ, ուր Քրիստոսէ առաջ 782-ին հիմնուած է Ուրարտուի ամրոց-քաղաքը, Էրեբունին: Հնագէտները երեւան հանած են քաղաքը հիմնող Արգիշտի Ա. թագաւորին պալատը եւ շատ մը արժէքաւոր առարկաներ, որոնք կը վկայեն այս հին թագաւորութեան բարձր մշակոյթին մասին:

Երկար, պեթոնէ նախապատրաստի մասեր պիտի կազմեն բուրգ մը, որ 4-5 հեկտար տարածութեամբ պիտի ծածկէ բլուրին գագաթը: Այս վիթխարի տանիքը պիտի դրուի 45 մեթրնոց ու վերելակով մը օժտուած մետաղեայ աշտարակի մը վրայ:

Նախատեսուած է վերականգնել ու թանգարանի վերածել պալատին սիւնազարդ սրահը եւ միւս սրահները, ուր պիտի ցուցադրուին պեղումներու ատեն երեւան հանուած առարկաներ:

Աւելցնենք, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին 4000 պատմական յուշարձաններ: Աւելի քան 40 կարեւոր ճարտարապետական համալիրներ վերականգնուած են վերջին հինգ տարիներու ընթացքին:

 

Ակնարկ

Անհրաժեշտ Աշխատանք Մը

Նախորդ օրերուն հրատարակեցինք պէյրութահայ փրոֆեսէօրի մը նամակը, որ լոյս տեսած է ամերիկեան «Նիուզուիք» շաբաթաթերթի յունուար 23-ի թիւին մէջ:

Անկախ նամակին պարունակութենէն, որուն տակ աներկբայօրէն կը ստորագրէ ամէն հայ, հոն արտայայտուած հիմնական գաղափարը կէտ առ կէտ հարազատ նկատելով իր մտածումներուն, այդ նամակին «Նիուզուիք»-ի նման մեծատարած շաբաթաթերթի մը մէջ հրատարակուած ըլլալու իրողութիւնը ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է եւ կարօտ` անդրադարձի:

Պէտք է խոստովանիլ, եւ` դառնօրէն, որ միջազգային մամուլը յաճախ ժլատ եղած է մեր ժողովուրդին եւ Դատին նկատմամբ: Ճիշդ է, երբեմն կը խօսին մեր մասին, բայց ատիկա` պարագայական առիթներով, մեր ձեռներէցութիւնը կամ վերապրումի կամքը ընդգծելու համար: Շնորհակալ ենք:

Ներկայիս, սակայն, բան մը փոխուած է մեզի հանդէպ: Ու պատճառը շատ հասկնալի է: Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով արտայայտուած համազգային վրդովումը ու նաեւ Միացեալ ազգերուն կատարուած դիմումները որոշ արձագանգ կը գտնեն միջազգային մամուլին մէջ: Այս ուղղութեամբ ստացուած արդիւնքը քաջալերական է:

Երբ «Նիուզուիք» կը հրատարակէ պէյրութահայ Զաւէն Մըսըրլեանի նամակը, գործնականօրէն իր բազմամիլիոն ընթերցողները հաղորդակից կը դարձնէ այն զգացումներուն եւ քաղաքական գիտակցութեան, որ ունի անիրաւուած ժողովուրդ մը:

Մենք ալ, սակայն, այս ուղղութեամբ աշխատանք ունինք կատարելիք:

Ունինք գիտնականներ, գրագէտներ, օտար լեզուով արտայայտուող հրապարակագիրներ, որոնք աշխարհի ամէն անկիւն դեր մը ունին կատարելիք: Իւրաքանչիւրը դեսպան մըն է իր գտնուած միջավայրին մէջ եւ կրնայ քաղաքական մտայնութիւններու մէջ ի նպաստ Հայ դատին մթնոլորտ ստեղծել:

Կասկած չկայ նաեւ, որ բոլոր այդ ներկայացուցիչները ունին իրենց անձնական բարեկամները` գիտնական, գրագէտ կամ հրապարակագիր, որոնց խօսքը կշիռ կրնայ ունենալ, եւ որոնք պիտի զգան, թէ միջազգային խաղաղութեան եւ արդարամտութեան ի նպաստ ձայն բարձրացնելը պատուաբեր գործ մըն է:

Այս աշխատանքը կը սպասուի գիտակից ամէն հայէ:

X

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի Խորհուրդները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?