Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1967)

Յունուար 21, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ուղիղ Ճամբան

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով, միացեալ ազգերու պատկան մարմիններուն մօտ կատարուած դիմումները, մասնաւորաբար Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած ցեղասպանութեան արարքը դատապարտել տալու նպատակով, օրին արձագանգ կը գտնեն ոչ միայն մեր թերթերուն, այլ նաեւ միջազգային մամուլին մէջ:

Ինչ որ կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ` ի նպաստ մեր արդար դատին, սկզբնաքայլ ըլլալով հանդերձ, նկատառելի աշխատանք եւ յաջողութիւն է, եթէ գիտնանք, թէ որքան դժուար է արժանանալ ՄԱԿ-ի յանձնախումբերուն ունկնդրութեան, լսելի դարձնել ձայնը ժողովուրդի մը, որ անսովոր պայմաններու մէջ կը տանի պայքարը` յանուն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին:

Անուրանալի է այն իրողութիւնը, որ Հայ դատի յանձնախումբը կրցած է մթնոլորտ ստեղծել Նիւ Եորքի մէջ, գտած է մեր ցաւերն ու հոգերը լսելու տրամադրութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք անպայմանօրէն դեր մը կրնան ունենալ ապագայ քայլերուն յաջողութեան մէջ:

Ցեղասպանութեան եւ ցեղասպանին դատապարտումը, հնաւորութեան պարագային, թանկագին նպաստ մը կրնայ բերել մեր Դատին ապագայ զարգացման տեսակէտէն:

Բայց ատիկա ինքնանպատակ չէ: Գերագոյն նպատակը մեր դատն է, քաղաքական մեր պահանջներուն արդար լուծումը, որ թէեւ այսօր պաշտօնապէս օրակարգի նիւթ չէ, բայց երբեք չէ դադրած շահագրգռուող պետութեանց դիւանատուները զբաղեցնելէ:

Երբ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Քոսիկին, Անգարա իր այցելութեան առաջին օրն իսկ, օդանաւէն հազիւ իջած, կը յայտարարէ, թէ Խորհրդային Միութիւնը հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն, անուղղակիօրէն կ՛անդրադառնայ Հայ դատին:

Երբ Թուրքիոյ վարիչները պարբերաբար, թրքավայել յոխորտանքով կը սպառնան «իրենց հողերուն» վրայ աչք ունեցողներուն, իրեն մտքին մէջ դարձեալ ունին հայ ժողովուրդը եւ հայկական դատը:

Այս ժխտումները հետզհետէ կը դառնան հաստատումներ` տեղաւորուելով ժողովուրդներու մտքին մէջ, անկախ այն իրողութենէն, որ խորհրդային ղեկավարները սահմանադրական ոտնձգութիւններ կը կատարեն ամէն անգամ, երբ կը փորձեն մեր անունով ապահովութիւններ տալ Անգարայի:

Սահմանադրականօրէն, Խորհրդային Միութեան մաս կազմող միաւորները ինքնավար հանրապետութիւններ են, որոնց անունով խօսելու համար, մանաւանդ կենսական խնդիրներու պարագային կեդրոնական իշխանութիւնը պարտաւոր է շահագրգռուողներուն կարծիքը առնել:

Արդ, Հայաստանի պետականութիւնը կը բաժնէ՞ Քոսիկինին կարծիքը Թուրքիոյ տիրապետութեան ենթակայ հայկական հողերուն առնչութեամբ:

Չենք ուզեր այս հարցումին պատասխանել, որովհետեւ հաւատացած ենք, թէ իւրաքանչիւր հայ, որ տակաւին իր երակներուն մէջ հայու արիւն կը կրէ, չի կրնար հրաժարիլ դատէ մը, որուն համար այս ժողովուրդը այնքան հալածուեցաւ, այնքան պայքարեցաւ, արիւն թափեց` անսակարկ նուիրումով:

Ունինք հակառակին ապացոյցը: Այսօր, ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլ նաեւ հայրենիքի բովանդակ հայ ժողովուրդը, արձանագրելով հանդերձ այն իրողութիւնը, թէ համայնավար Ռուսիան գիտակցաբար մեր իրաւունքները կը զոհէ ի սէր Թուրքիոյ բարեկամութեան, կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը` անխախտ մնալու մեր իրաւունքներու գիտակցութեան եւ անոնց հետեւողական պաշտպանութեան գործին մէջ:

Միջազգային դիւանագիտութիւն, մեծ տէրութիւններու փոխադարձ շահեր: Գիտե՛նք այս բոլորը: Գիտենք նաեւ, որ այս յարափոփոխ ըմբռնումները յաճախ աննպաստ եղած են մեզի: Սակայն այդ բոլորէն վեր ու կարեւոր կը նկատենք հայ ժողովուրդի միասնական գիտակցութիւնը իր դատին եւ իրաւունքներուն հանդէպ:

Ժողովուրդ մը, որ տէր է իր Դատին, յստակօրէն գիտէ, թէ ո՛ւր կ՛ուզէ հասնիլ, անպարտելի է իր քաղաքական իտէալներուն ճամբուն վրայ:

Ուրացումները, որքան ալ պաշտօնական բերաններէ գան, չեն կրնար իր ուղիղ ճանապարհէն շեղել ժողովուրդ մը, որ տաք ու պաղ օրեր շատ տեսած է, հազար փորձութիւններու ենթարկուած, բայց միշտ գիտցած է իր արդար իրաւունքներուն անվկանդ պահանջատէրը մնալ:

Ժողովուրդները այս ճամբով միայն կը հասնին իրենց իտէալին:

Ա՛յս է ուղիղ ճամբան:

 

Լիբանանահայ Երկրորդական
Վարժարաններուն Քրոս Քաունթրին

Այսօր` շաբաթ, կէսօրէ ետք, Ատոնիսի ծառաստաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան յատուկ քրոս քաունթրիին մրցումները, որոնց կը մասնակցին տասը երկրորդական վարժարաններէ` 400-է աւելի աշակերտներ:

 

5 Աստիճան Ցուրտ Երէկ
Պէյրութի Մէջ

Օդերեւութաբանական սպասարկութեան համաձայն, օդը հետզհետէ պիտի բարելաւուի: Այսօր թեթեւ անձրեւ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ եւ ձիւն` լեռնային շրջաններու, 400-800 մեթրէն սկսեալ: Կիրակի օդը պիտի ըլլայ պայծառ:

Երէկ ցուրտը սաստիկ էր: Պէյրութի մէջ, նուազագոյն եւ առաւելագոյն ջերմութեանց տարբերութիւնը մէկ աստիճան էր 5 եւ 6: Անձրեւը, որ տեղաց, անձրեւի եւ ձիւնի խառնուրդ մըն էր:

Լեռներու վրայ առատօրէն ձիւնեց: Ճամբաներուն մեծ մասը փակ է 900 մեթրէն սկսեալ: Մայրիներու շրջանին մէջ ձիւնին թանձրութիւնը հասած է 2,50 մեթրի, Ֆարայայի մէջ` երկու մեթրի, Պայտարի կիրճին մէջ` 70 սանթիմեթրի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդադար Բանող Յիշողութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?